Jump to content

Խըրլագեան Գերդաստան

Խըրլագեան Գերդաստան, Մարաշի ծանօթ Խըրլագեան գերդաստանին առեւտրական գործունէութիւնը Լիբանանի մէջ սկսաւ 1875-ին։ Խըրլագեանները միշտ ալ առեւտրական յարաբերութեան մէջ եղած են Պէյրութի հետ, իրենց ներկայացուցիչներուն միջոցաւ, որոնցմէ մին էր պրն. Կարապետ Գույումճեան, որուն տղան Յակոբոս՝ ամուսնացած էր Գէորգ աղա Խըրլագեանի աղջկան հետ։ Խըրլագեաններու ներկայացուցիչներ էին նաեւ պրն. Ֆիլիպ Գաբրիէլեանն ու պրն. Մկրտիչ Հազարապետեանը։ Այս ներկայացուցիչները ամէն տարի հազարաւոր անգլիական ոսկիի համարժէք ապրանք կը ղրկէին Մանչեսթըրէն Մարաշ, Պէյրութի վրայով։ Մարաշի իրենց կեդրոնատեղին կը կառավարուէր Աւետիս եւ Յարութիւն (Արթին) աղա Խըրլագեաններու կողմէ։ Չգոհանալով իրենց ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդակցելու դրութենէն, 1896-ին է որ Խըրլագեաններ ուղղակի կը հաստատուին Պէյրութ, մասնաճիւղ մը բանալով հոս, իրենց բարեկամին թուրք մարաջախտ Էհդեմ փաշայի խորհուրդով, որ հայասէր մըն էր: Էհդեմ Փաշան, օր մը Գէորգ աղա Խըրլագեանը քովը կանչելով այսպէս կ'ըսէ անոր.-«Ես կը տեսնեմ թէ դուն եւ եղբայրներդ զարգացած, աշխարհ տեսած մարդիկ էք: Գտնուած էք Եւրոպա եւ Փարիզ, ինչպէ՞ս կրնաք այս մոլեռանդ, տգէտ, յետադիմական մարդոց (ակնարկելով թուրքերուն) հետ ապրիլ: Թող ձեզմէ ոմանք հեռանան այս աղքատ քաղաքէն եւ երթան Եւրոպա, Պոլիս եւ Պէյրութ եւ առեւտրական տուներ հաստատեն»:

Արդէն Խըրլագեաններն ալ որոշած ըլլալով նման քայլ մը առնել, Աւետիս աղա Խըրլագեան 1896-ի վերջերը կ'երթայ Մանչեսթըր, Պետրոս աղա Պէյրութ եւ Շիւքրիւ՝ Հալէպ։ Քիչ ատենէն այս երեք մասնաճիւղերը կը կոչուին Գէորգ, Աւետիս եւ Յակոբ Խըրլագեան անուամբ։ Մանչեսթըրի մասնաճիւղը տարեկան աւելի քան 130,000 անգլ. ոսկինոց առետուր ըրած է։ Երբ առեւտրական գործերը իրենց յաջողութեան գագաթնակէտին հասած էին՝ 1905-ին Պետրոս Խըրլագեան կը մեռնի Պեյրութի մէջ։ Հայրը Գէորգ աղա կը փութայ հոս, սակայն դժբախտաբար ինքն ալ կ'ենթարկուի միեւնոյն չար բախտին եւ կը մեռնի Պէյրութ։ Մեր այս գործին «Գերեզմանատուներ եւ Շիրմաքարեր» հատուածին մէջ տուինք Խըրլագեան գերդաստանի շիրմաքարին լուսանկարը։ Մանչեսթըրի մէջ Աւետիս աղա կը հիւանդանայ եւ կը ստիպուի վերադառնալ Մարաշ։ Այս դէպքերը պատճառ կ'ըլլան, որ Խըրլագեան եղբայրները իրենց մասնաճիւղերը գոցեն եւ գոյացած դրամով Մարաշ աւելի մեծ հող առնեն, առանց գուշակելու թէ օր մը իրենց բոլոր ինչքը պիտի յափշտակուէր թուրքերու կողմէ եւ իրենք ալ երկրէն դուրս պիտի արտաքսուէին։

Խըրլագեանները թրքահայութեան առաջիններէն են, որոնք իրենց զաւակները Լիբանանի բարձրագոյն վարժարանները ղրկած են 1885-ին։ Շիւքրիւ Խըրլագեան եկաւ Անթուրայի Գոլէճը։ 1893-ին եկաւ Ժոզէֆը։ Լիբանան երկրորդ հայրենիք մը եղած է Խըրլագեան գերդաստանին համար։

Այժմ Խըրլագեաններէն Լիբանան կը գտնուի Յովհաննէս աղա (ամուսնացեալ Օր. Զէքիա Խըրլագեանի), զաւակները՝ Նաում, Ռէժինա (ամուսնացեալ Ֆրանսա), Ճորճ, Վահիտէ եւ Մարի։ Պրն. Ֆուատ (ամուսնացեալ Օր. Աննա Գույումճեանի), զաւակները՝ Ճորճ եւ Ժագ։ Այրի Տիկ. Արուսեակ Խըրլագեան (ծնեալ Պիլէզիկճեան), զաւակները՝ Ժոզէֆ, Մարի (ամուսնացեալ), Աւետիս եւ Ռուբէն։ Ինչպէս նաեւ Տոքթ. Ֆրանսուա, Տէր եւ Տիկ. Քերովբէ, Տէր եւ Տիկ. Նէճիպ, Գայիմ եւ Վէնսան։

Խըրլագեան գերդաստանը որպէս մեծահարուստ եւ շատ ազդեցիկ ընտանիք հայ եւ թուրք շրջանակներու մէջ, մեծապէս օգտակար եղաւ ժամանակին հայերուն, թէ՛ տնտեսական եւ թէ ալ քաղաքական մարզերու մէջ։ Գէորգ, Յակոբ եւ Յարութիւն (Արթին) աղաները արժանացան բազմաթիւ շքանշաններու թրքական կառավարութեան եւ Սբ. Քահանայապետին կողմէ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։