Jump to content

Խաչիկ Տէտէեան

Խաչիկ Տէտէեան
Ծնած է 1961
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Առաքելական
Ուսումնավայր Հայկազեան Համալսարան
Թորոնթոյի Համալսարան
Կարողութիւն Բանաստեղծ
Մասնագիտութիւն Պատմաբանասիրութիւն
Աշխատավայր Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետ
Ամուսին Իրմա Գապագեան Տէտէեան
Ծնողներ Գրիգոր եւ Մարի
Երեխաներ Փաթիլ, Հրակ եւ Հերա
Կայքէջ khatchigdedeyan.com

Խաչիկ Տէտէեան (ծն՝ 1961 Պէյրութ, Լիբանան): Բանաստեղծ: 1998-էն ի վեր կը վարէ Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետի պաշտօնը։[1]

Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Ազգ. Կիլիկեան Վարժարանէն, յաճախած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճը։ Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Հայկազեան Համալսարանի մէջ, հետեւելով պատմաբանասիրութեան ճիւղին, որ կ’աւարտէ 1984-ին։ Ապա, նոյն մասնագիտութիւնը կը շարունակէ Թորոնթոյի Համալսարանին մէջ, Քանատա։

Գործօն մասնակցութիւն բերած է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան ու Համազգային Մշակութային Միութեան թատերական միաւորի գործունէութեանց։ Միաժամանակ, միջ-եկեղեցական շարժումին գործօն մասնակցութիւն բերած է։

1991-ին մասնակցած է ԵՀԽ-ի 7-րդ Համաժողովին, Քանպերայի մէջ, մաս կազմելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան։

Ուսուցչական Ասպարէզ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսուցչութիւն կատարած է Դպրեվանքէն ներս, դասաւանդելով ուսողութիւն եւ անգլերէն լեզու։

Գրական Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրական գործունէութիւնը սկսած է ուսանողական տարիներուն։ 2003-ին, կը հրատարակէ բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը՝ «ՈԻՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՆԾԱՆՕԹԸ», ուր կ’ամփոփուին երիտասարդական շրջանին գրուած բանաստեղծութիւններու հոյլ մը։

2008-ին լոյս կը տեսնէ «ԴԱՐԱՍԿԻԶԲԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ» բանաստեղծութիւններու երկրորդ հատորը, իսկ 2012ին, «ԽԵՆԹ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ» բանաստեղծութիւններու հատորը։

2018-ին, Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ ''Երազէն Անդին'' բանաստեղծութիւններու երկհատորեակը, Երուանդ Տէր Խաչատրեանի խմբագրութեամբ։

Խմբագրական եւ թարգմանական գործեր կատարած է. 1983ին, խմբային թարգմանութեամբ, անգլերէն բնագրէն հայերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Ճպրան Խալիլ Ճպրանի ՄԱՐԳԱՐԷՆ երկը, հեղինակին ծննդեան 100ամեակին առիթով։ 1986ին, ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ, խմբագրած է Ռուբէն Սեւակի ԵՐԿԵՐը, ընդարձակ մատենագիտութեամբ մը։ 1988ին, հրատարակած է Յուշամատեան ՀԵՀՈՄ-ի 25-ամեակի հատորը, կրկին ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ։

Մամուլի Աշխատակից

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխատակցած է ԲԱԳԻՆ եւ ԿԱՄԱՐ գրական պարբերաթերթերուն, ԱԶԴԱԿ, ԱՐԱՐԱՏ եւ ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթերուն, ԱՐԾԻՒ ամսաթերթին եւ ՆԱՅԻՐԻ երկշաբաթաթերթին։

Գրողներու Միութեան Անդամ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրողներու Համահայկական Զ. Համագումարին ընտրուած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ։

Ամուսնացած է եւ ունի 3 զաւակներ, Փաթիլ, Հրակ եւ Հերա։

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Բանաստեղծութեան Զոյգ Հատորներու Շնորհահանդէս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմեզեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 7 փետրուար 2019-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» բանաստեղծութիւններու Ա. եւ Բ. հատորներու շնորհահանդէսը, ուր խօսք առին Նարեկ Արք., Երուանդ Տէր Խաչատրեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Յակոբ Պալեան եւ Հրայր Ճէպէճեան:[2]

«Երազէն Անդին». ԱՆԻ կենտրոնը ստացեր է Խաչիկ Տէտէեանի Բանաստեղծութիւններու Զոյգ Հատորները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական ուսումնասիրութիւնների ԱՆԻ կենտրոնը ստացել է լիբանանահայ բանաստեղծ, հրապարակախօս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութիւնների զոյգ հատորները՝ «Երազէն անդին» խորագրով։

Երկհատորեակը ընդգրկում է Տէտէեանի բանաստեղծական երեք ժողովածուները, նորագոյն բանաստեղծութիւններն ու գրքերից դուրս մնացած մի շարք բանաստեղծութիւններ։

Բանաստեղծը գրքի Ա․ հատորը ձօնել է մօր՝ Մարի Միքայէլեանի, Բ․ հատորը՝ մեծ մօր՝ Արեգնազ Միքայէլեանի յիշատակին։

Գիրքը լոյս է տեսել Երեւանում, Զանգակ հրատարակչատնից։ Կազմողը, առաջաբանի հեղինակը եւ խմբագիրը Երուանդ Տէր Խաչատուրեանն է։[3]

" Գաղափարներու բանաստեղծն է Խաչիկ։ Զգացական պահերու բանաստեղծն է, նաեւ։ Եւ այս բոլորը՝ բառի ճշդագոյն օգտագործումի մʼընդմէջէն, մաքրամաքուր հայերէնի մը կիրարկումով։ Հաճելի է ըմբոշխնել սա հայերէնը, ճշգրիտ ու վճիտ, զուլալ ու յստակ։ Զարմանալի չէ, երբ անընդհատ ականատես ես գրողի անկեղծ ու խոր հայրենասիրութեանը, իմա՛ երկբեղկուածութեանը ընդմէջ սփիւռքին եւ հայրենիքին։ Ապրումներ՝ որ ամէն մէկս կրած ենք մեր հոգւոյն մէջ։ Կացութիւններ՝ որ ապրած ենք խորութեամբ եւ յաճախակիօրէն։

Տէտէեան ըսելիք ունեցող մարդն է, կեցուածքի տէր մարդ անհատը, որ անտարբեր չէ ոչնչի։ Կը խոկայ, կը զգայ, կը յիշէ, կը յուզուի, կը պոռթկայ, կը թելադրէ։ Ան երբե՛ք խուլ չէ իր ներքին ձայներուն, ու միաժամանակ չափազանց զգայուն է դուրսէն հասնող բազմաբնոյթ թելադրանքներուն։ Ու կարծես յաջողած է ստեղծել ոսկեայ միջին մը, որ զինք ապահովապէս կʼառաջնորդէ կեանքի դժուարին արահետներուն վրայ։ Հաւատարմութիւնն ու պարկեշտութիւնը սին խօսքեր չեն Խաչիկի համար։ Մարդկայնութիւնը կը կազմէ առանցքը իր քերթողութեան։" Շուշիկ Տասնապետեան


'' Իր քերթուածներուն մէջ ներկայ է ազատախոհ բանաստեղծը, որ կʼարտայայտէ յախուռն գաղափարներ, դատապարտելով բռնատիրական որեւէ արարք, որ կը ձգտի խեղդել արդարութեան ձայնը։

Զգացապաշտ բանաստեղծ է Տէտէեան, որ սոյն գործով կը բացայայտէ հոգեկան իր աշխարհը՝ բացարձակ անկեղծութեամբ եւ կը փոխանցէ վճիտ ապրումներ, որոնք կը հանդիսանան ենթահողը անցելապաշտ իր զեղումներուն...

Տէտէեան չի հպատակիր տաղաչափական որեւէ օրէնքի։ Կը գրէ ազատ չափի վրայ։ Արուեստի բծախնդրութիւնը կը կազմէ իր հիմնական մտահոգութիւնը։

Տէտէեան ունի վճիտ եւ անսեթեւեթ լեզու։ Կը գրէ դիւրամատչելի եղանակով։ Այս պատճառաւ, իր քերթուածները կը կարդացուին հաճոյքով եւ շահագրգռութեամբ։ '' ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ


'' Չեմ տարակուսիր, որ իր՝ Պառնասի ու Ապողոնի նորագոյն երկրպագուին եւ շառաւիղին այս գրական խաչաբուռը, բարեհաճօրէն ընդունուած է Բանաստեղծութեան եւ Քնարերգութեան աստուածներուն կողմէ։

Եւ Խաչիկ Տէտէեան պիտի շարունակէ թրթռացնել իր քնարը այսուհետեւ, ընթանալով եւ իր հետ տանելով ընթերցողը դէպի նոր… «Անծանօթ»ներ, պեղելով գալիքը եւ ինչ որ կայ դեռ անյայտ Կեանքի ու Մարդու հոգիին մէջ, որ եղած է ու կը մնայ իսկապէ՛ս առեղծուած, քիչ մը բոլոր ապրողներուս համար…։ '' ժԻՐԱՅՐ ՆԱՅԻՐԻ

Խաչիկ Տէտէեանը հայն է, սփիւռքահայը եւ Հայաստան հայրենիքը սիրող, բայց եւ որուն «ապագան զինք կը յուզէ»: Ան կը տեսնէ իր ժողովուրդին «նահանջը` կամաւոր եւ այլասերող»: Ան այս իրականութիւնը վերածած է «վիշտի»: «Իմ ցեղի կորուստն է դանդաղ… կ՛երթանք կորստեան ուղիներէ… Կը զոհաբերուին սրբութիւններ, արժէքներ, հայրենիք, ազգ, լեզու, անցեալ, կը նուազի յոյսը. կ՛աղաւաղուի դիմագիծը` մարդուն սրբակենցաղ, որ տեսակ է հազուագիւտ: Ո՞ւր է ան`այդ տեսակը կորսուած»: Ան այս բոլորը կ՛որակէ որպէս` «Տագնապն է ան հայուն ներկային, հայրենիքէն դուրս նահանջող հայուն»:Խաչիկ Տէտէեան՝Մարդկային Ուրիշը եւ անոր փնտռտուքի հեւքը


Ան հպարտ է` «հայ ծնած ըլլալով», հպարտ է` «հայու արիւն կրելով»: Այս հպարտութիւնը իր մէջ կերտած է «հաւատք» մը, որ միշտ «վառ» է, կենդանի, ապրող եւ շարժող:Տակաւին, կեանքի նկատմամբ «համոզմունքով» մը, որ իր անձը եւ ապրած օրերը վերածած են «ջերմութեան»: Եւ Խաչիկ Տէտէեան այս «համոզմունքը» եւ «ջերմութիւնը» կը վերածէ իր կեանքի իտեալ՝իտեալ մը որ ուրիշ է եւ հիմնուած արժէքի կեանքը ճանչնալու եւ անոր հասնելու տենչով եւ կը՚սէ՝եւ երեւի որպէս աղօթք՞՝«  Պիտի գայ օրը,երբ ովկիանոսի ալիքներուն տեղատուութեան հետ մեր ցեղի տեղատուութիւնը աւարտի պիտի,ու ովկիանոսի մը նման լուծէ հայրենիքն իմ,տարանջատուած իր ցեղի բեկորները իր մէջ»։ Շնորհակալութի՛ւն, Խաչիկ Տէտէեան, որ մեզի առիթը տուիր քեզի հետ քալելու եւ կամ ճամբայ ելլելու։ Եւ այս ճամբորդութիւնը՝քու բանաստեղծութիւններուն մէջէն՝առիթ էր ճանչնալու ուրիշը՝ արժէքին կեանքին գիտակցութեանը մէջէն: Քեզի, մեզի եւ մեր բոլորին:Խաչիկ Տէտէեան՝Մարդկային Ուրիշը եւ անոր փնտռտուքի հեւքը


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]