Jump to content

Խաչակիրներու Գ․ Արշաւանք

Խաչակիրներու Գ․ Արշաւանք
Խաչակիրներու Արշաւանքներ
Աքքայի պաշարումը՝ արշաւանքի գլխաւոր ճակատամարտը
Թուական 11891192
Վայր Մերձաւոր Արեւելք
Արդիւնք Խաչակիրներու յաղթանակ
  • Երուսաղէմը մնաց իսլամներու վերահսկողութեան տակ
  • Լեւանտի քրիստոնէական պետութիւնները շարունակեցին գոյատեւել
  • Իսլամները թոյլ տուին քրիստոնեաներուն ուխտագնացութեան երթալ Երուսաղէմ։
Հակառակորդներ
Խաչակիրներ
Իսլամներ:
Հրամանատարներ
* Ֆիլիփ II Օգոստոս * Սալահ ատ-Տին
Կողմերու ուժեր
անյայտ անյայտ
Կորուստներ
անյայտ անյայտ

Խաչակիրներու Երրորդ Արշաւանքը կազմակերպուած է Հռոմի Պապեր Գրիգոր VII եւ (Գրիգոր VIII մահէն ետք) Կղեմես III ջանքերով։ Արշաւանքին իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են ժամանակի ակնառու միապետեր՝ կայսր Ֆրիդրիխ I Շիկամօրուս, ֆրանսացի արքայ Ֆիլիփ II Օգոստոսը, աւստրիական հերցոգ Լեոպոլդը V եւ Անգլիոյ արքայ Ռիչարտ I Առիւծասիրտը: 1187–ին, Երրորդ խաչակրաց արշաւանքին նախորդեց Սալահ ատ-Տինի կողմէ Երուսաղէմի նուաճումը։

Նախապատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

4 Յուլիս 1187-ին Հաթթինի ճակատամարտէն ետք Սալահ ատ-Տին առանց մարտի կրցաւ Աքքա քաղաքը գրաւել։ Դեռեւս խաչակիրները կը վերահսկէին՝ Տիւրոսը, Թրիփոլին եւ Անտիոքը։ Վերջիններս նոյնպէս պաշարուած էին Սալահ ատ-Տինի կողմէ, սակայն անյաջող։ Մերձաւոր Արեւելքէն ստացած լուրերը մեծ խառնաշփոթի մէջ ձգեցին եւրոպացիները, իսկ Հռոմի Պապ Գրիգոր VIII յայտարարեց 3-րդ խաչակրաց արշաւանքը։

Արշաւանքի Նախապատրաստում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի տարբերություն նախորդ երկու արշաւանքներուն (առաջին խաչակրաց արշաւանք, երկրորդ խաչակրաց արշաւանք) խաչակիրներու երրորդ արշաւանքը տեղի ունեցաւ աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ, բան մը որ կը պակսէր միւս խաչակրաց արշաւանքներուն մօտ (խաչակիրներու առաջին արշաւանք, խաչակիրներու երկրորդ արշաւանք), քանզի իրենց մասնակցութիւնը ունեցան մէկ անգամէն չորս թագադրուած անձ՝ Ֆրիդրիխ I Շիկամօրուս, Ֆիլիփ II Օգոստոսը, Լեոպոլդ V-ն եւ Ռիչարդ I Առիւծասիրտը։ Փոխարէնը կը բացակայէր համընդհանուր գաղափարը։ Խաչակիրները տարբեր ուղիներով կը շարժէին՝ անգլո-ֆրանսական ուժերը ծովով, գերմանացիները՝ ցամաքով։ Արշաւանքը երեք դրուագի բաժնուեցաւ՝ անգլո-ֆրանսական ուժերու շարժը, գերմանացիներու շարժը եւ Աքքայի պաշարում (1189-1191):

Անգլո-Ֆրանսական ուժերու շարժը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի արքաները տարաձայնութիւններ ունէին եւ չէին համարձակիր արշաւանքը սկսիլ։ Երկու երկիրներուն մէջ դրամահաւաքներ սկսան, խաչակրաց արշաւանքի համար հարկ եղաւ «տասնորդական Սալահ ատ-Տինի համար» անուամբ, որ բոլորին վրայ կը տարածէր։ Կարճ ժամանակի ընթացքին, երկու երկիրներու բանակները սպառազինուեցան նոր եւ առանձնակի որակեալ զինամթերքով։ Ամէն ինչ պատրաստ էր, միայն կողմերու միջեւ համաձայնութիւնը կը պակսէր։ 1189–ին Անգլիոյ արքայ Հենրիխ II մահացաւ, իսկ գահ բարձրացած Ռիչարտ I Առիւծասիրտը եւ Ֆրանսայի արքայ՝ Ֆիլիփ II Օգոստոսը ընկերներ էին։ Արդէն կարելի էր շարժումը սկսիլ։ Ռիչարտ Սուրբ Երկրի մէջ դաշնակից գտաւ՝ արաբական գերութենէն ազատուած Գի տը Լուզինեանին։ Կիպրոսի արքայ Իսահակ Կոմնինը գերեվարեց Ռիչարտի հարսնացուն եւ վերջինս պարտադրուած պատերազմ սկսաւ Կիպրոսի թագաւորութեան դէմ, ուր փայլուն յաղթանակ տարաւ։ Այս աննախադէպ իրադարձութիւն էր՝ Անգլիան առաջին անգամ տարածքային տիրոյթներ ունեցաւ Միջերկրական ծովուն մէջ: Սակայն Ռիչարտ հասկնալով, որ ան երկար չի կրնար իրենց երկրէն հեռու պահել հեռու կղզիին մէջ գտնուող արքան, որոշեց վաճառել Կիպրոսը իր դաշնակցին՝ Գի տը Լուզինեանին։

Գերմանացիներու շարժը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամբողջ խաչակրաց արշաւանքի համար մեծ կորուստ էր ծեր ռազմական գործիչ եւ դիւանագէտ Ֆրիդրիխ I Շիկամօրուսի անմիջական մասնակցութեան բացակայութիւնը։ Շիկամօրուսը կանխամտածած էր, որ Եգիպտոսէն ու Միջագետքէն միշտ համալրուող երկրին պէտք է ներսէն յաղթել։ Ան դեսպաններ ուղարկեց դաշնակից արքաներու մօտ՝ Բիւզանդիոն, Երուսաղէմի թագաւորութիւն եւ նոյնիսկ Սալահ ատ-Տինին, բոլոր դեսպանները լաւ լուրեր ուղարկեցին։ Անոր ճանապարհը Պալքաններու Բիւզանդական կայսրութեան մօտէն կ'անցնէր: Պալքաններու սլաւոնական ազգերը կը ցանկային անկախանալ, Բիւզանդիոնը իսլամներու հետ դաշինքի մէջ դնել։ Պալքաններուն բիւզանդական փոքրաթիւ ջոկատներու ասպատակութիւններէն հիւծուած գերմանացիները, համաձայնեցան պուլկարացիներու եւ սերպերու առաջարկած 60 հազարնոց բանակը (40 հազար պուլկարացի եւ 20 հազար սերբ) ստանալ։ Վոսփորը անցնելէ ետք Իկոնիոյ սուլթանութեան տարածքին մէջ գերմանացիները յաղթեցին սուլթանութեան բանակին։

Գերմանացիները Կիլիկեան Հայաստանի մէջ եւ Ֆրիդրիխ I Շիկամօրուսի մահը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Ֆրիդրիխ Շիկամօրուսի մահը», Գ․Դորօ։

Մայիս 1190–ի վերջը խաչակրաց զօրքերը Ֆրիդրիխ I Շիկամօրուսի գլխաւորութեամբ, Իկոնիոյ սուլթանութեան վրայով մտան Կիլիկիա եւ ճամբարեցին Սելեւկիա քաղաքի մօտ։ Լեւոն Բ. համաձայնեցաւ խաչակիրներուն օգնել, պահանջելով Կիլիկեան Հայաստանը թագաւորութիւն ճանչնալ, իսկ ինքը՝ թագաւոր։ Ֆրիդրիխ I-ը համաձայնեցաւ եւ խաչակրաց սովեալ զօրքերը սնունդ ստացան հայկական հողերուն մէջ։ Սալահ ատ-Տինը ահով կը սպասէր Շիկամօրուսի Սուրիա ժամանման: Սակայն, մինչ Կիլիկեան Հայաստանը որպէս թագաւորութիւն ճանչնալը, Կիլիկիոյ Սալէֆ գետին մէջ խեղդուեցաւ Ֆրիդրիխ I-ը (10 Յունիս1190–ին)։ Անոր մահէն ետք Գերմանական բանակի մէկ մասը Ֆրիդրիխ V-ի գլխաւորութեամբ շարունակեց ճանապարհը։

Աքքայի պաշարումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախապատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երուսաղէմը նուաճելէ ետք Սալահ ատ-Տինը առանց մարտի նուաճեց Աքքան։

Տիւրոսի իրավիճակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կոնրադ Մոնֆերատացին, որ ամրապնդուելով Տիւրոսի մէջ կրցաւ դիմադրել պաշարման, քաղաք չձգեց Հաթթինի ճակատամարտի ընթացքին ջախջախուած եւ գերեվարուած Գի տէ Լուզինեանին (կնոջ Սիբիլլա Երուսաղէմցիի հետ մէկտեղ Երուսաղէմի արքայ), որ անոնց միջեւ առկայ կռիւը սրեց ։

Աքքայի պաշարումը(1191)

Գին չստանալով Կոնրադի աջակցութիւնը, գնաց եւ իր զօրքերով պաշարեց քաղաքը․ վերջինիս զօրքերը 2 անգամ աւելի քիչ էին, քան պաշարուածներունը։ Ան յոյսը դրած էր անսպասելի գրոհի վրայ, սակայն հասկնալով, որ չի կրնար յաջողութեան հասնիլ իր փոքրաթիւ ուժերով դիրքաւորուելով, սպասեց օգնական զօրքերու օգնութեան եւ հասան ֆրանսական եւ գերմանական ուժերը։ Արքեպիսկոպոսները յաջողեցան մտափոխել Կոնրադը եւ օգնական ուժեր ժամանեցին նաեւ Տիւրոսէն։ Սալահ ատ-Տինը տեղեկանելով իրադարձութիւններուն մասին, 15 Սեպտեմբեր 1189-ին Կիի վրայ յարձակեցաւ։ Խաչակիրները բոլոր ուժերը ներառեալ տաճարականները դէպի Սալահ ատ-Տինի զօրքերու աջ թեւը ուղղեցին, ստիպուած բոլոր ուժերը աջ կողմը կեդրոնացան, սակայն զօրքերը փախուստի մատնուեցան։ Վերջինս զօրքերը փրկելու նպատակով ձախ կողմը ինչպէս նաեւ թեթեւ հեծելազօրը մարտի նետեց։ Կին ստիպուած մարտի դաշտ ուղարկեց պահեստազօրայինները, Սալահ ատ-Տինը, իր հերթին մարտի քաղաքի կայազօրայինները (5000 զինուոր) ուղղեց դէպի խաչակիրները։ Քրիստոնեաները մօտ 5 հազար զոհ տուին[1][2], սակայն Սալահ ատ-Տինը չկրցաւ գլխաւոր նպատակին հասնիլ՝ ետ շպրտել քաղաքի մօտ դիրքաւորուած խաչակիրները։ Մարտի արդիւնքը այն էր, որ տաճարականներու միաբանութեան առաջնորդ Ժերար տէ Ռիդֆորը զոհուեցաւ, իսկ Կին եւ Կոնրադը դարձեալ վիճեցան։

Երկկողմանի պաշարում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշնան ընթացքին, Կին օգնական ուժեր ստացաւ Եւրոոպայէն։ Այսպիսով Կին արդէն կտրեց Աքքան ցամաքէն եւ կը շարունակէր կտրած պահել քաղաքը ջրային ճանապարհներէն, նաւատորմի միջոցով. այսպիսով քաղաքը պաշարուած էր։ Նոյն ատեն տեղեկութիւններ հասան, որ Ֆրիդրիխ I Շիկամօրուսը մեծ զօրքերով միացած է խաչակրաց արշաւանքին եւ դէպի Սրբազան երկիր կը շարժէր: Այդ լուրերը բարձրացուցին պաշարողներու մարտական ոգին։ Դէպքերէն անտեղեակ չէր մնացած նաեւ Սալահ ատ-Տինը եւ ան նոր ուժեր ուղարկեց քրիստոնեաներու օղակը շրջափակելու նպատակով։ 31 Հոկտեմբեր-ին 15 եգիպտական նաւեր կրցան քրիստոնեաներու ծովային շրջափակումը ճեղքել եւ քաղաք հասցուցին մթերքներ։ 26 Դեկտեմբեր-ին եգիպտական նաւատորմը վերականգնեց քաղաքի ծովային մուտքը։ 1190–ին Կոնրադ Մոնֆերատացին իր նաւերով Տիւրոս գնաց եւ նոր ուժերով վերադարձաւ, որ օգնէր զիրենք շրջափակած իսլամներուն՝ յաղթելու համար։ Կոնրադը նաեւ շինանիւթեր բերաւ, պաշարային մեքենաներ կառուցելու համար, որ քաղաքին վրայ օգտագործեցին հերթական յարձակման ժամանակ 5 Մայիս-ին։

19 Մայիս-ին Սալահ ատ-Տինը՝ որ նախորդ ամիսներու ընթացքին հզօրացած էր, քրիստոնեաներուն վրայ յարձակեցաւ․ 8 օր շարունակ։ Ամբողջ ամռան ընթացքին, ֆրանսական զօրքերը ծովէն կը ժամանէին եւ պաշարողներուն կը միանային, ինչպէս նաեւ օգնական ուժերով միացան Կիլիկիոյ Սելիֆ գետին մէջ խեղդուած Ֆրիդրիխ I Շիկամօրուսի որդին՝ Ֆրիդրիխ V-ը։ Օգնական ուժերը Հայֆա քաղաքը գրաւեցին, որուն միջոցով կրցան մթերքներ ուղարկել Կիի ճամբար։ Կի տէ Լուզինեանը զրկուեցաւ Երուսաղէմի արքայի գահէն, քանի որ մահացան անոր կինը Սիբիլլան եւ դուստրերը: Ամուսնացան Սիբիլայի քոյր՝ Իզապելլան եւ Կոնրադ Մոնֆերատացին ու այսպիսով գահը Կոնրադին փոխանցուեցաւ։ Մինչ խաչակիրները գահը կը կիսէին, Սալահ ատ-Տինը բանակը կը հզօրացնէր։ 1190–ին աւստրիական արքայազն Լեոպոլդ V միացաւ պաշարողներուն։ 31 Դեկտեմբեր-ին միացեալ ուժերը փորձեցին պատերը անցնիլ։ Իսկ 6 Յունուար-ին պատի մասնակի քանդման արդիւնքով, քրիստոնեաները փորձեցին քաղաքի կայազօրը գրաւել։ 13 Յունուար-ին Սալահ ատ-Տինը կրցաւ ճեղքել խաչակիրներու շրջափակումը եւ քաղաք մտցուց նոր կայազօր։ Ցուրտ եղանակը Սալահ ատ-Տինի փոխարէն կը խանգարէր խաչակիրներուն։ Մարտին եղանակը լաւացաւ եւ Եւրոպայէն նոր ուժեր ժամանեցին, ինչպէս նաեւ Ռիչարտ Առիւծասիրտը եւ Ֆիլիփ Օգոստոսը Սալահ ատ-Տինի յաղթելու առիթները կտրուկ նուազեցուցին: 3 Յուլիս-ին քաղաքը յանձնուեցաւ, Ռիչարտ հրամայեց մահապատիժի ենթարկել քաղաքի կայազօրայիններուն։ Անգլո-ֆրանսական ուժերով համալրուած խաչակիրները ափով դէպի հարաւ շարժեցան. նոյն ձեւով վարուեցան իսլամները։

Աքքայի Ֆիլիփ Օգոստոսին յանձնումը 1191

7 Սեպտեմբեր-ին Եաֆա քաղաքէն քիչ մը դէպի հիւսիս տեղի ունեցաւ Արսուֆի ճակատամարտը: Ճակատամարտի ընթացքին Ռիչարտ փայլուն յաղթանակ տարաւ: Սալահ ատ-Տին խաչակիրներու յաղթանակը պարզաբանեց ըսելով, թէ անգլիացիներու կարգապահութիւնը եւ զրահները անյաղթելի էին.

Ես զինուոր մը տեսայ, որուն մէջքին կար 5-է աւելի նետեր, ան կը շարունակէր մարտնչիլ, մեր նետաձիգները չէին կրնար վնաս հասցնել խաչակիրներուն:

Արսուֆի ճակատամարտը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հետախոյզներէն տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, Ռիչարտ մարտի պատրաստուելու սկսաւ առաջնագիծի վրայ տաճարականներուն՝ Ռոպեր տէ Սաբլէի գլխաւորութեամբ: Անոնց կը հետեւէին Ռիչարտի անձնական ուժերը եւ Երուսաղէմի թագաւորութեան զօրքերը Կի տէ Լուզինեանի ղեկավարութեամբ։ Թիկունքը կը պահէին հիւանդախնամներու միաբանութիւնը եւ ֆրանսացի զինուորները[3]: Խաչակիրները դէպի հարաւ կ'երթային, իսկ իսլամները թիկունքի վրայ յարձակեցան։ Արաբ ժամանակագիր Ամբռուազը իր «Սրբազան պատերազմի պատմութիւնը»[4] մատեանին մէջ կը գրէ, որ Սալահ ատ-Տինի բանակի հետեւակայինները սուտանցիներէ եւ պետեուիներէ բաղկացած էին, թեթեւ հեծելազօրը՝ թուրքերէ եւ սուրիացիներէ, իսկ ծանր հետեւակայինները մամլուքներ էին։ Վերջինս իր նետաձիգներուն յարձակման ուղղեց ծանր ասպետներու վրայ, որպէսզի անոնք վատ դիրքի պատճառով թուլացնէին կարգապահութիւնը եւ իսլամներու հեծելազօրի կողմէն խոցուէին։ Ռիչարտ կռահեց վերջիններուս մտայղացումը եւ նիզակակիրներուն հրամայեց առաջ դուրս գալ եւ նիզակներէն «պատ» կազմել, անոնց միջեւ տեղադրեց տեգակիրները՝ պատասխան կրակոցի նպատակով, իսկ իր ասպետները վերջիններս պաշտպանելու ուղարկեց։ Արաբ նետաձիգներու կրակոցները լուրջ վնաս չէին հասցներ մարտերու մէջ կոփած քրիստոնեաներուն։

Գիւստավ Դորէ, Արսուֆի ճակատամարտը. Ռիչարտ Առիւծասիրտ

Առաւել շատ վնաս կը կրէին հիւանդախնամները, որոնք տեղակայուած էին շարասիւնին վերջը։ Սալահ ատ-Տին, իր զօրքերը ոգեւորելու նպատակով գրոհի անցաւ: Ան իւքզինք մեծ վտանգի կ'ենթարկէր, սպաննուած ըլլալու տեգակիրներու կողմէն։ Ռիչարտը իր զօրքերուն հրահանգած էր, որ սպասեն իր ազդանշանին՝ յարձակելու համար, սակայն հիւանդախնամներու միաբանութեան առաջնորդ՝ Գրանյէ տը Նապլուզը հակառակորդի հերթական գրոհէն ետք զայրացած, յարձակեցաւ իսլամներուն վրայ։ Ռիչարտը հասկնալով, որ կարգը խախտեցաւ, ամբողջական ուժերով գրոհի նետուեցաւ։Իսլամներուն կազմակերպած պաշտպանութենէն անմիջական յարձակման անցումը խուճապի մատնեց եւ սկսաւ նահանջել։ Պահաա ատ-Տինը որ պատերազմի մասնակից կը հանդիսանար, յետագային իր աշխատութիւններուն մէջ գրած է, որ իրենք ջախջախուեցան, սակայն Սալահ ատ-Տին յոյսը դրած էր, որ իր հեծեալները անկազմակերպ խաչակիրներու գրոհներուն հակագրոհներով կը պատասխանեն եւ կը յաղթեն, սակայն Ռիչարտ կանխատեսելով դէպքերու նման զարգացումը, հրամայեց վերականգնել շարքը. Սալահ ատ-Տինի հակագրոհները անյաջողութեան մատնուեցան։

Եաֆայի ճակատամարտը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

10 Սեպտեմբեր 1191-ին, Ռիչարտ պաշտպանեց Սալահ ատ-Տինի կողմէն պաշարուած Եաֆա քաղաքը։ Իմանալով քաղաքի պաշարման մասին, Ռիչարտ 80 ասպետներու հետ նաւերով Եաֆա մեկնեցաւ, քաղաքի վրայ տեսնելով իսլամական դրօշ ան մտածեց, որ քաղաքը գրաւած է։ Սակայն երբ արդէն ետ վերադառնալ կը ցանկար, լողալով անոր մօտեցաւ հոգեւորական մը, որ տեղեկացուց, որ քաղաքը դեռեւս կանգուն է։ Ռիչարտ ասպետներու հետ ծով նետուեցաւ եւ լողալով մօտեցաւ Սալահ ատ-Տինի զօրքերուն եւ ջախջախեց 1000 հոգինոց զօրքը, ազատեց քաղաքը պաշարումէն, մտաւ քաղաք եւ սկսաւ ամրացնել ամրոցը։ Ռիչարտին մօտեցան օգնական ուժեր՝ Հէնրիխ Շանպայնացիի գլխաւորութեամբ. վերջինս իր հետ բերած էր 50 ասպետ եւ 500 տեգակիր։ Սալահ ատ-Տինը որոշեց յարձակիլ: Ռիչարտը հետախոյզներէն տեղեկացած էր սպասուող յարձակման մասին եւ դասաւորած էր իր փոքրաթիւ զօրքերը՝ ամէն ասպետի կողքին 2 տեգակիր կանգնեցուցած էր։ Ռիչարտ չափազանց քիչ քանակութեամբ հեծելազօր ունէր՝ մօտ մէկ տասնեակ: Ան իր զօրքերը կանգնած կը ղեկավարէր։ Ճակատամարտի մասնակից Բեռնարտը կը նշէ ուշագրաւ դրուագ մը.
Սալահ ատ-Տին տեսնելով, որ Ռիչարտ կանգնած է իր զօրքերուն մէջ, կը բացագանչէ.

Ինչպէ՜ս, նման արքան կանգնած է իր մարդոց մէջ, այդ արքայավայել չէ» եւ Ռիչարտին արաբական ձի մը կ'ընծայէ:

Սալահ ատ-Տինի զօրքերը տեսնելով խաչակիրներու դասաւորութիւնը չեն համարձակիր յարձակիլ։ Միայն մամլուքներու ջոկատը կը յարձակի: Վերջիններս տեգակիրներու արձակած նետերէն կը զոհուին։ Սալահ ատ-Տին ստիպուած կը նահանջէ։

Եաֆայի ճակատամարտը խաչակրաց երրորդ արշաւանքի վերջին նշանակալից ճակատամարտն էր։ Մարտէն ետք Ռիչարտ I Առիւծասիրտը կը սկսի Սալահ ատ-Տինի հետ բանակցիլ։ Պայմանագիրը 2 Սեպտեմբեր 1192–ին կը կնքուի։ Այսպիսով Սալահ ատ-Տինի վերահսկողութեան տակ կը մնայ Երուսաղէմը, իսկ Երուսաղէմի թագաւորութեան նեղ ցամաքային ճամբան՝ Եաֆայէն մինչեւ Տիւրոս կ'երկարէր։

  • H. W. Koch: Illustrierte Geschichte der Kriegszüge im Mittelalter (1998), Bechtermünz Verlag, S. 60-61, ISBN 3-8289-0321-5.
  • J. F. Verbruggen: The Art of Warfare in Western Europe During the Middle Ages: From the Eighth Century to 1340. Boydell Press, 1997.
  • James Jr Reston: Warriors of God. Richard the Lionheart and Saladin in the Third Crusade. Random House, New York 2001. ISBN 0-385-49561-7
  • Kenneth M. Setton / Robert L. Wolff / Harry W. Hazard: The later Crusades, 1189—1311. University of Wisconsin Press, Madison 2006, ISBN 0-299-04844-6, S. 51 ff.
  • Itinerarium Peregrinorum et Gesta Regis Ricardi, ed. William Stubbs, Rolls Series, (London: Longmans, 1864) III, 1, 5, 13, 17-18 (pp. 210–11, 214-17, 224-26, 231-34), translated by James Brundage, The Crusades: A Documentary History, (Milwaukee, WI: Marquette University Press, 1962), 175-81 [1]
  • René Grousset, Histoire des croisades et du royaume franc de Jérusalem — III. 1188—1291 L’anarchie franque, Paris, Perrin, 1936 (réimpr. 2006), 902 p., ISBN 2-262-01569-4
  • Перну Р. Ричард Львиное Сердце = Richard Cœur de Lion / Пер. с фр. А. Г. Кавтаскина; вступ. ст. А. П. Левандовского. — М.: Молодая гвардия, 2009. — 232 с. — 3000 экз. — ISBN 978-5-235-03229-3.
  • Gillingham, John (1978). Richard the Lionheart. London: Weidenfeld & Nicolson. ISBN 0-297-77453-0.
  • Angus Konstam: Die Kreuzzüge. Tosa Verlag, Wien 2001. S.127,144-145.
  • Oman, Charles William Chadwick. (1924) A History of the Art of War in the Middle Ages Vol. I, 378—1278 AD. London: Greenhill Books; Mechanicsburg, Pennsylvania: #Stackpole Books, reprinted in 1998.
  • Baha' Al-Din Yusuf Ib Ibn Shaddad, trans. C.W. Wilson (1897) Saladin Or What Befell Sultan Yusuf. Reprinted: Kessinger Publishing, 2004.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ibn Al-Athir, XII, 20-6; Chapter four in Arab Historians of the Crusades, ed. and trans. by Francesco Gabrieli
  2. Christopher Tyerman, God’s War A New History of the Crusades, p.416. Belknap Press, 2008.
  3. Oman, стр 311—312
  4. Ambroise, «Estoire de la guerre sainte»