Լէ Շանզելիզէ (Les Champs-Élysées), երգ
"Լէ Շանզելիզէ (Les Champs-Élysées), երգ" | |
---|---|
Song | |
Թողարկուած | 15 Օգոստոս 1969 |
Արտադրիչ | Ժաք Փլէ |
Լէ Շանզելիզէ (ֆրան․՝ Les Champs-Élysées), 1969-ի երգ, մեկնաբանող Ժօ Տասան։ Անգլերէն «Ուոթըրլու Ռոտ» (Waterloo Road) երգին`1968, ֆրանսերէնի պատշաճեցումն է։
Տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երգագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երգին անգլերէնի տարբերակը[1] կ՛ակնարկէ Լոնտոնի Ուոթըրլու Ռոտ ճամբան․ խօսք՝ Միքայէլ Անթոնի Տէյկըն, երաժշտութիւն՝ Միքայէլ Ուիլշօ եւ մեկնաբանութիւն՝ Բրիտանական Ճէյսըն Քրեսթ ռոք խումբ։ Իսկ ֆրնասական տարբերակը կ՛ակնարկէ Փարիզի Շանզելիզէ պողոտան՝ խօսքերը ֆրանսերէնի յարմարցուած են Փիեռ Տըլանոյի կողմէ։
Ասք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երգը կ՛ակնարկէ Փարիզի Շանզելիզէ պողոտան 1960-ական թուականներուն, երբ վայելչութեան եւ շիքութեան պատկերացումն էր։ Պատմողը անփոյթ, պողոտան կը ճեղքէ եւ յանկերգը կը հաստատէ․- «Կէսօր թէ կէս գիշեր, ինչ որ կ՛ ուզէք Շանզելիզէ կը գտնէք» (À midi ou à minuit, il y a tout ce que vous voulez aux Champs-Élysées)։ Ան հոն անծանօթի մը կը հանդիպի, որ վայրկենական սէրի կը վերածուի՝ «Երէկ իրիկուն երկու անծանօթներ, իսկ այս առտու պողոտային վրայ / Երկու սիրահարներ գինովցած երկար գիշերէն» (Hier soir deux inconnus et ce matin, sur l'avenue / Deux amoureux tout étourdis par la longue nuit)։[2]
Երգին ընդունելութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆրանսայի մէջ երգը մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ, ֆրանսախօս երկիրներու մէջ, նոյնիսկ Խորհրդային Միութեան մէջ։