Jump to content

Լեւոն Թադէոսեան

Լեւոն Թադէոսեան
Ծնած է 2 Փետրուար 1865
Ծննդավայր Գողթն գաւառ, Վերին Ագուլիս
Մահացած է 19 Դեկտեմբեր 1935 (70 տարեկան հասակին)

Լեւոն Թադէոսեան (Պապաշա) (2 Փետրուար 1865, Վերին Ագուլիս - 19 Դեկտեմբեր 1935, Փարիզ), հայ յեղափոխական ու քաղաքական-պետական գործիչ: Ան իր գաղափարական ու բարոյական առաքինութեան եւ անձնուէր ծառայութեան համար արժանացած է «Պապաշա» (ռուսերէն՝ հայրիկ) անուանումին[1]։

Թադէոսեան ծնած է Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս գիւղը, 1865 թուականի Փետրուար 2-ին։ Քրիստափոր Միքայէլեանի քրոջ որդին: Հայրը եղած է վաճառական։ Գործի բերումով, երեք տարին մէկ կրցած է երթալ Ագուլիս՝ տեսնելու ընտանիքը եւ այդ պատճառով ալ, Պապաշայի կենսագրութեան մէջ Սիմոն Վրացեան նշած է.

Երեք եղբայր եւ մէկ քոյր Թադէոսեանները իրարմէ երեք տարուան տարբերութիւն ունէին։ Լեւոն անդրանիկն էր տան, Սամսոն՝ միջնեկը, իսկ Յովսէփ՝ կրտսերը։ Երեքն ալ հանրային եւ յեղափոխական անուանի դէմքեր եղան հայ իրականութեան մէջ։


Հօր բացակայութեան, Թադէոսեան եղբայրները կազմաւորուած են իրենց մօր շունչով, որ իր զաւակները զգաստացնելու կամ ուղղելու համար դիմած է Քրիստափորին։ Թէեւ այնքան ալ մեծ չէ եղած տարիքի տարբերութիւնը Քրիստափորի եւ իր քրոջ որդիներուն միջեւ, այսուհանդերձ՝ իր անհատականութեան ու հասունութեան շնորհիւ, Քրիստափոր օրինակելի տիպար եւ առաջնորդող հեղինակութիւն մը եղած է Թադէոսեան եղբայրներուն, յատկապէս Լեւոնի համար։

Պապաշա իր տարրական կրթութիւնը ստացած Ագուլիսի ծխական վարժարանին մէջ՝ ուսուցիչ ունենալով Րաֆֆին։ Այնուհետեւ, Քրիստափորի օրինակին հետեւելով, գիւղի հոգաբարձութեան ծախսերով ուղարկուած է քեռիին մօտ, Թիֆլիս, Ներսիսեան վարժարանին մէջ ուսումը ամբողջացնելու եւ այնուհետեւ, Ագուլիս վերադառնալով, չորս տարի գիւղին մէջ ուսուցչութիւն ընելու յանձնառութեամբ։

Հայրը կանուխ մահացաւ, Թադէոսեանները որբացան եւ Լեւոն պատանի հասակէն իր վրայ վերցուց ընտանիքին հոգը։

Յանուն մարդկութեան եւ հասարակութեան ազատագրումին իր անձն ու կեանքը նուիրաբերեց մեծ մարդասէրն ու ընկերային գործիչը։ Պապաշայի մտածողութեամբ, նկարագրին մէջ ամուր տեղ գրաւած են սեփական ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու եւ ցաւերը ամոքելու հոգածութիւնն ու անձնուիրումը։

1883-ին, ցարական ոստիկանութիւնը փակած է հայոց ծխական վարժարանները։ Քրիստափորի յորդորվ, Լեւոն անցած է Գանձակ ու թեմական վարժարանին մէջ ուսուցչութեան զբաղած, բայց շուտով բախում ունեցած է տեղւոյն կղերամիտ եւ պահպանողական մտայնութեանց հետ։

Էջմիածնէն՝ Մակար Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ, կրթական յատուկ քննիչ ուղարկուած է Գանձակ, զոր Լեւոն Թադէոսեանին զրկած է ոչ միայն տեղւոյն դպրոցին մէջ, այլեւ՝ որեւէ թեմական վարժարանի մէջ պաշտօնավարելու եւ դասաւանդելու իրաւունքէն։ Այդպիսով վերջ գտած է ուսուցչական ասպարէզը Պապաշայի համար. այնուհետեւ հաշուապահական իր ընդունակութիւններով նետուած է կեանքի ասպարէզ՝ միաժամանակ նուիրուելով հետզհետէ թափ ստացող հայ յեղափոխական շարժման։

Գաղափարական ու բարոյական առաքինութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1890-ականներուն Պապաշա աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է Դաշնակցութեան հիմնադիր ժողովներուն եւ սկզբնական կազմակերպումի քայլերուն։ Անբաժան գործակիցը դարձած է Քրիստափորի, որ Լեւոնի մէջ գտած էր ո՛չ միայն ժողովուրդի լայն խաւերուն հետ հաղորդակցելու եւ վստահութիւն ներշնչելու բարոյական մեծ դրամագլուխի տէր յեղափոխականը, այլեւ՝ կազմակերպական անդուլ աշխատանքի, անշահախնդրութեան, անկաշառ նկարագրի եւ տնտեսումի բացառիկ ընդունակութիւններով օժտուած գործիչը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]