Իլթէր Թիւրքմէն

Իլթէր Թիւրքմէն
թրք.՝ İlter Türkmen
Ծնած է 8 Նոյեմբեր 1927(1927-11-08)
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Մահացած է 6 Յուլիս 2022(2022-07-06)[1] (94 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Մայրենի լեզու թրքերէն
Կրօնք Իսլամութիւն
Ուսումնավայր Անգարայի Համալսարան
Կալաթասարայի Վարժարան
Մասնագիտութիւն դիւանագէտ, քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր Կալաթասարայի Համալսարան
Վարած պաշտօններ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն[2] եւ Commissioner-General for United Nations Relief and Works Agency for Palestine Refugees in the Near East?
Ծնողներ հայր՝ Behçet Türkmen?

Իլթէր Թիւրքմէն (8 Նոյեմբեր 1927(1927-11-08), Պոլիս, Թուրքիա - 6 Յուլիս 2022(2022-07-06)[1], Պոլիս, Թուրքիա), թիւրք քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ։ Արհեստավարժ դիւանագէտի պաշտօնը դադրեցնելէ վերջ ան միջոց մը զբաղած է նաեւ հրապարակագրութեամբ՝ մեկնաբանելով արտաքին քաղաքական օրակարգը։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պոլիս։ եղած է Կալաթասարայ լիսէի սաներէն։ Աւարտած է Քաղաքագիտութեան բարձրագոյն վարժարանը։

Ան եղած է արտաքին գործոց նախարար։ 12 Սեպտեմբեր 1980 թուականի զինուորական միջամտութեան յաջորդած աւելի քան երեք տարիներուն գլխաւորած է թրքական դիւանագիտութիւնը։

ՄԱԿՆիւ Եորքի կեդրոնէն ներս եղած է Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչը, ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնէն ներս եղած է Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչը։

Եղած է Փարիզի, Մուսկուայի եւ Աթէնքի մօտ Թուրքիոյ դեսպան, այլ բազում մայրաքաղաքներու մէջ կամ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս ներկայացուցած է երկիրը, նախարարութեան կեդրոնական համակարգէն ներս զբաղեցուցած պատասխանատու պաշտօններուն առընթեր։

Եղած էր Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու[3]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]