Ժիրայր Սէֆիլեան

Ժիրայր Սէֆիլեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Ժիրայր Սեֆիլյան
Ժիրայր Սէֆիլեան
Ծնած է 10 Յուլիս 1967(1967-07-10) (56 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, զինուորական
Կուսակցութիւն Սասնա ծռեր կուսակցություն?

Ժիրայր Սիմոն Սէֆիլեան (10 Յուլիս 1967(1967-07-10), Պէյրութ, Լիբանան), հայ ազատամարտիկ, զօրահրամանատար, պետական եւ հասարակական գործիչ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժիրայր Սէֆիլեան ծնած է Պէյրութ։ 1986-ին աւարտած է Պէյրութի «Գէորգ Չաթալպաշեան» հայկական քոլէճը։

1983-1990 թուականներուն մասնակցած է Լիբանանեան Քաղաքացիական Պատերազմին՝ որպէս Պէյրութի հայկական թաղամասերու պաշտպան։

1990-ին արցախեան շարժման մասնակցելու նպատակով ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Հայաստան։ Սկզբնական շրջանին մասնակցած է հայկական ջոկատներու կազմաւորման գործընթացին՝ որպէս ռազմական հրահանգիչ։ 1991-էն եղած է ջոկի, 1992-էն՝ մարտկոցի, այնուհետեւ՝ Շուշիի առանձնակի գումարտակի, 1997-էն՝ Մարտակերտի բաժանմունքի հրամանատարի տեղակալ, 1997-1998 թուականներուն ՊԲ 6-րդ ՊՇ-ի հրամանատար։

Անմիջական եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի մարզի, Արցախի Շահումեանի, Հադրութի, Մարտունիի, Ջաբրայիլի, Զանգելանի, Ֆիզուլիի շրջաններու, Շուշի, Ասկերան, Աղդամ քաղաքներու, Կրկժան, Հասանաբադ, Կարմիրավան, Թալիշ, Մաղաւուզ, Գիւլաթաղ, Սրխաւենդ, Չլդրան, Կուսապատ, Զառսլու, Լեսնոյ, Քիոսալար, Սէյդիշէն, Ալի Աղալի, Ալի Մադաթլի, Փափրաւենդ գիւղերու, «Սարիբաբ» բարձունքի ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ ԶՈՒ կազմաւորման գործին մէջ։

Երիտասարդ տարիքին հայրենասիրական նկատառումներով անդամակցած է ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան, սակայն հետագային, չընդունելով կուսակցութեան քաղաքական դիրքորոշումն ու հլու գործունեութիւնը, դուրս է եկած ՀՅԴ–էն։ 2001-ին հիմնադրած է «Ազատագրուած տարածքներու պաշտպանութեան» կազմակերպութիւնը, հանդէս եկած է այդ տարածքներու վերաբնակեցման օգտին եւ քննադատած գործող իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը, այդ պատճառով 2006-ին իր մարտական ընկեր Վարդան Մալխասեանի հետ ձերբակալուած եւ դատապարտուած է բանտարկութեան[1]։ 2008-ին՝ բանտէն դուրս գալէն ետք կը հիմնադրէ «Միացում» ազգային նախաձեռնութիւնը, 2009-ին՝ «Սարդարապատ» շարժումը, այնուհետեւ՝ «Նախախորհրդարան» հասարակական–քաղաքական կազմակերպութիւնը։

31 Յունուար 2015-ին դէպի Արցախ ընթացող ինքնաշարժի երթեւեկի մը ժամանակ դաժանաբար ծեծի կ'ենթարկուի մօտ 150 մասնակիցներու հետ միասին Արցախի ոստիկաններու եւ քաղաքացիական հագուստով ուժայիններու կողմէ, որոնք զինուած եղած են աւտոմատներով եւ մահակներով։

Ջարդուած են լրագրողներու տեսախցիկները եւ մարդոց ինքնաշարժները։ Պոկուած եւ գետին շպրտուած են ՀՀ պետական դրօշներ,100 ամեակը առանց ռեժիմի պաստառները[2]։

Աշխուժօրէն հանդէս կու գայ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի դէմ, Նոր Հայաստան հանրային փրկութեան ճակատի խորհուրդի անդամ է[3]։

Պարգեւատրուած է Առաջին աստիճանի Մարտական խաչով։

Կալանաւորում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

22 Յուլիս 2016-ին Ժիրայր Սէֆիլեանին մեղադրանք առաջադրուեցաւ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 235-րդ յօդուածի 2-րդ մասին մէջ՝ խումբ մը մարդոց կողմէ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, իրացնելու, պահելու, փոխադրելու կամ կրելու յանցանքով, որուն համար նախատեսուած է 2-էն 6 տարի ժամկէտով բանտարկութիւն[4]։ Նոյն օրը ան կալանաւորուեցաւ եւ 21 Նոյեմբեր 2016-ի դրութեամբ կը գտնուի անազատութեան մէջ՝ «Վարդաշէն» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ[5]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

* «Ժիրայր Սեֆիլյան․ հայ ֆիդային» ֆիլմ (մաս 1), (մաս 2)։