Jump to content

Ժագ Յակոբեան

(Վերայղուած է Ժագ Ս․ Յակոբեան-էն)
Ժագ Յակոբեան
Ծնած է 1 Օգոստոս 1917(1917-08-01)
Ծննդավայր Երուսաղէմ
Մահացած է 2 Նոյեմբեր 2019(2019-11-02) (102 տարեկանին)
Ուսումնավայր Գալուստեան Ազգային Վարճարան
Պէրպէրեան Վարժարան
Collège des Frères?
Սեն Ժոզէֆ համալսարան
Գահիրէի Համալսարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Ժագ Ստեփան Յակոբեան (1 Օգոստոս 1917(1917-08-01), Երուսաղէմ - 2 Նոյեմբեր 2019(2019-11-02)[1]), hայ մեծանուն բանաստեղծ: Հայ ազգին ու մշակոյթին ծառայ՝ հաւատաւոր քարոզիչ, դաստիարակ եւ մտաւորական

Ժագ ծնած է Երուսաղէմ, Ստեփան Յակոբեան (ատափազարցի) եւ Սրբուհի (երուսաղէմցի) ամոլէն: Երկու տարեկանին ծնողքին հետ կը տեղափուխուի Գահիրէ, Եգիպտոս: Ուսումն ու կրթութիւնը կը ստանայ յաջորդաբար հետեւեալ դպրոցներուն մէջ.

  • Բիւզանդ-Ալիս Վարժապետեան (մանկապարտէզ, 1922-24),
  • Գալուստեան Ազգային Վարժարան (1924-29),
  • Պէրպէրեան Գոլէժ (1929-34),
  • «Collège Des Frères» (Khoronfish, Baccalaurèat – sèrie mathèmatiques, 1935-37),
  • Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Պէյրութի Faculté Française de Médecine – École de Pharmacie-ի մէջ (1937-39)։

1939-ին կը ծագի Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմը, որուն պատճառաւ կը ստիպուի իր դեղագործական ուսումը շարունակել Գահիրէի պետական համալսարանի «School of Pharmacy»-ին մէջ (1939-42), ուր կ’աւարտէ իր դեղագործական ուսումը 1942-ին:

Եգիպտական օրէնքի մը համաձայն, ան պարտաւորութիւնը կ’ունենայ անցընելու արաբերէն Պաքալորիայի համազօր երկու քննութիւններ՝ արաբերէն լեզու եւ արաբական գրականութիւն, զորս ինքնաշխատութեամբ յաջողութեամբ կ’անցընէ եւ ձեռք կը ձգէ դեղագործական վկայականը 1944-ին:

Արաբերէնի քննութեանց պատրաստութեան շրջանին, ան միաժամանակ կը գործէ ֆրանսական «Lebon Gas»ի ընկերութեան մէջ:

Այնուհետեւ, իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէ Վերին Եգիպտոսի մէջ (1944-46):

1947-ին կ’ամուսնանայ Ազատուհի Սեւյօնքեանին հետ, որ թոռնուհին էր Վռամշապուհ Արք. Քիպարեանի (առաջնորդ Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի՝ Զօրավար Անդրանիկը պսակողը եւ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»ին «ղարիպ տէրտէր»ը):

Երկու տարի ետք, նորապսակ զոյգը կը գաղթէ Աւստրալիա (Մելպըռն): Տարի մը ետք կը վերադառնայ Գահիրէ, ուր կ’աշխատի որպէս դեղագործ զանազան դեղարաններու մէջ։ 1956-ին տիկնոջ եւ երեք անչափահաս զաւակներուն հետ գաղթել Պէյրութ, Լիբանան, ուր կայք կը հաստատէ, եւ ուր կը ծնի իր չորրորդ զաւակը:

1957-էն 1965 կը պաշտօնավարէ Կենաց Երկրորդական Վարժարանին մէջ (Տպպայա), որպէս ուսուցիչ հայ լեզուի, հայ գրականութեան եւ ազգային պատմութեան:

1965-ին երկրորդ անգամ կը գաղթէ Աւստրալիա (Մելպըռն):

1967-ին կը գաղթէ Ամերիկա վերջնականապէս, ուր բնակութիւն կը հաստատէ Գալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքին մէջ, ուր ամբողջ 21 տարիներ (1967-88), աշխատած է որպէս քիմիագէտ դեղորայքի գործարանի մէջ՝ «Life Laboratories» (Sun Valley).

Իր դեղագործական ասպարէզին կողքին, իր ուսուցչական գործունէութիւնը կ’ընդգրկէ նաեւ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանը (1988-2000):

Կարճ ժամանակ մը, ան եղած է նաեւ հայ գրականութեան դասատու Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանին մէջ:

Իր ասպարէզին կողքին, կը պաշտօնավարէ նաեւ որպէս ուսուցիչ կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանիին տակ՝ Գահիրէ-Հելիոպոլիս (1951-1953) եւ Էնսինօ, Գալիֆորնիա (2003-2009):

1974-ին կը սկսի Աստուածաշունչի սերտողութեան ժողովներու՝ նախ հաւատացեալներու բնակարաններու մէջ, սկսեալ Հոլիվուտէն, ապա Հոլիվուտի մէկ Baptist Church-ի սրահին մէջ, հուսկ ապա Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիին գմբէթին տակ, հովանաւորութեամբը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյն:

1975-ին կը ձեռնարկէ նաեւ անձնական աւետարանչական գործունէութեան մը, որ կը տեւէ տասը տարի, մինչեւ 1985: Կը հաստատէ 15 վայրկեաննոց շաբաթական աւետարանչական ռատիօժամ մը՝ «Աշխարհի Լոյսը, Հայաստանեայց Աւետարանասփռումի ժամ», սուրբ գրային եւ ազգային բովանդակութեամբ:

Գիրքերու կողքին, ան հրապարակ հանած է նաեւ հոգեշունչ եւ հայաշունչ ձայներիզներ («Յիսուսաբոյր», «Հոգին հայկական» եւ այլն):

Երկու տարբեր առիթներով, ան կը պարգեւատրուի Կաթողիկոսական շքանշաններով՝ ձեռամբ Գարեգին Բ.-ի եւ Արամ Ա.-ի:

Ան արժանացած է «Համազգային»ի մշակութային բարձրագոյն շքանշանին, հետեւեալ գնահատականով. «Այսու կը հաստատենք, թէ Ժագ Յակոբեան գրական իր վաստակով կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ գրականութեան մէջ եւ իր տեւական ծառայութեամբ նպաստած է հայ մշակոյթի հարստացման»:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն կորուստը Աստուծոյ, հայ ազգին ու մշակոյթին ծառայ՝ հաւատաւոր քարոզիչ, բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի, որ ի տէր հանգեաւ Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին: վաստակաշատ բանաստեղծին իր վերջին յարգանքը մատուցելու առիթ պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերին, կ.ե. ժամը 4-7, Mountain View Mortuary Cemetery-ին մէջ, 2400 N. Fair Oaks Ave., Altadena։

Փոխան Դամբանականի

Իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան իր անձը եւ գործը կապեց իր Աստուծոյն, իր հաւատքին, իր լեզուին եւ անոր կերտող սուրբին։ Իր բազմազան պատկերներով եւ խիզախ եւ ուրոյն մտածողութեամբ գրուած բանաստեղծութիւնները խորքին մէջ մեզի համար մէկական ձայներ էին, մեզի կանչող, մեզի զգաստութեան հրաւիրող բառերով եւ տողերով։

Ու հաստատօրէն ցեղին իբրեւ հաւատարիմ զաւակ, իր կնիքը քանդակեց մեր գրական անդաստանին վրայ։

Ժագ Յակոբեան, իբրեւ բանաստեղծ, համեստօրէն աշակերտելով իրականութեան, անկեղծութեան եւ պարզութեան դպրոցին, ինծի համար նաեւ երգիչն էր սիրոյ, կեանքի, անսասան ու մաքուր հաւատքի, հանդարտ, անվիշտ եւ անխռով սրտի, որ միշտ կը մնայ թարմ ու զօրեղ եւ մեր քերթողական աւանդութեան հաւատարիմ:


Ժագ Յակոբեան 2017-ի Օգոստոսին դարձաւ 100 տարեկան։ Այս առթիւ ան գրած է հետեւեալ տողերը.

Սրտի խօսք

Ես` Ժագ Ս. Յակոբեանս, ծնած պատմափայլ Երուսաղէմի մէջ` 1 օգոստոս 1917-ին, այսօր` 1 օգոստոս 2017-ին, Աստուծոյ կամքով, Աստուծոյ շնորհով, Աստուծոյ ողորմութեամբ ողջ-առողջ կ’ողջունեմ իմ գոյութեանս 100-րդ տարին:

Այս գերերջանիկ դէպքին համար, իմ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի անունով, ծնկաչոք ու բազկատարած` փառք կու տամ Տէր Աստուծոյ եւ բազմապատիկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ սրտագինս Իրեն, ինծի` անարժանիս, Իր պարգեւած ու շռայլած ամէն տեսակի օրհնութիւններուն, շնորհներուն ու բարիքներուն համար, զորս վայելեր եմ, եւ որոնց շնորհիւ հարիւրամեակիս հասեր եմ:

Աղօթքս է, որ Իր` ինծի պարգեւած այս հարիւր տարիները, Ի՛ր փառքին ծառայած ըլլան իմ սիրելի եւ փայլուն ազգիս կեանքին ու ծառայութեան մէջ[2]:


Ժագ Յակոբեան ունեցած է բեղուն գրական աշխատանք։ Բանաստեղծութիւններ գրած է կանուխ տարիքէն։ 1938-ին, «Գաղտնի ճամբան» անդրանիկ իր հատորով՝ գրաքննադատ Նիկոլ Աղբալեանի գրական «գիւտ»ը կը դառնայ: Հետեւող տասնամեակին, փոխնիփոխ անոր կը յաջորդեն երեք ուրիշ գործեր՝ քնարերգական եւ հայրենասիրական։ 1950 թուականէն ետք հոգեկան վերիվայրումներու ենթակայ, կ'արտադրէ աւելի կրօնաշունչ գործեր, որոնց կողքին պարբերաբար՝ հայրենասիրական էջեր։

Հեղինակն է 50-էն աւելի[3] գիրքերու եւ գրքոյկներու, բանաստեղծութիւն եւ արձակ: Իր գործերէն ոմանք արժանացած են Առաջին Մրցանակի:

Գեղեցիկ հայերէնով մը արտայայտուած իր ազգայնաշունչ հոգին եւ վառ հաւատքը կը հիւսեն թէ՛ իր ներաշխարհը եւ թէ՛ իր գրաշխարհը: Իր գործածած գրական-գեղարուեստական լեզուն արեւմտահայերէնն է՝ շքեղ եւ ճոխ բառապաշարով:

Ժագ Յակոբեան հեղինակած է նաեւ «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղը, որ արժանացած է հարիւրէ աւելի ներկայացումներու Սփիւռքի զանազան քաղաքներու մէջ, նախաձեռնութեամբ առաւելաբար Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, առաջնորդութեամբ բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի:

Հայերէնի կողքին, ան գրած է նաեւ ֆրանսերէն քերթուածներ, որոնցմով ան մասնակցած է ֆրանսական գրական մրցումներու (Jeux Floraux du Languedoc, 1936, Toulouse):

Ստորեւ կը ներկայացւի իր հրատարակած գիրքերը.

  • Գաղտնի ճամբան 1938 Գահիրէ
  • Մեղրալուսին 1943 Գահիրէ
  • Մեսրոպաշունչ 1946 Գահիրէ
  • Մարդ մը մեռաւ… 1947 Գահիրէ (նուիրուած Նիկոլ Աղբալեանին)
  • Վերածնունդ 1949 Գահիրէ
  • Յիսուս, Կիրակի, Հայց. Եկեղեցի (արձակ գեղօններ) 1959 Պէյրութ
  • Մասիսածին 1963 Պէյրութ
  • Ջահերթ 1964 Պէյրութ
  • Յիսուսաբոյր 1965 Պէյրութ, 1994 ԱՄՆ
  • «Մասիսածին» 1968
  • Ժագափունջ (չափածոյ եւ արձակ) 1969 Պէյրութ
  • Հայատրոփ* 1970 Պէյրութ
  • Հրաշադար* 1978 ԱՄՆ
  • Ուլունքաշար* 1983 ԱՄՆ
  • Կռունկը կը կանչէ… (թատերախաղ) 1986 ԱՄՆ
  • Հողաշնչում* 1991 ԱՄՆ
  • Հայագոյն* 1991 ԱՄՆ
  • Տէր-Զօր դեղին* 1991 ԱՄՆ
  • Եօթնօրեայ մահ (չափածոյ վիպակ) 1995 ԱՄՆ
  • Հարսնագնաց երամ 1996 ԱՄՆ
  • Յիսուսահար 2001 ԱՄՆ
  • Ինչո՞ւ փուշեր ու բոցեր… 2003 ԱՄՆ
  • Մայրատօն 2004 ԱՄՆ
  • Անունը՝ Նարեկ 2004 ԱՄՆ
  • Դպրո՛ցն ահա հայկական… 2005 ԱՄն
  • Անմեղ մեղապարտը՝ Պատարա՛գ 2006 Պէյրութ
  • Աշխարհաշարժիչը 2006 Գանատա
  • Քրիստոս Յիսո՞ւս, թէ՞ Christian Dior 2007 ԱՄՆ
  • Մեսրոպավէպ 2007 ԱՄՆ
  • Թէքէեան Վահան՝ Աստուածախո՛յզը 2009 ԱՄՆ
  • Լիլոյշատոչոր 2010 Պէյրութ
  • Յաւերժօրէն քոյդ… 2011 Պէյրութ
  • Ողկոյզ 2012 ԱՄՆ
  • Գոյնզգոյն 2014 ԱՄՆ
  • Փախչիլ չկայ հա՜… 2015 ԱՄՆ
  • Ոսկեհոս ջրվէժ 2015 ԱՄՆ
  • Մշտափաց պատուհանները երկինք 2016
  • Փախչիլ չկայ քեզի, ո՛վ թուրք 2017

* Խաչանշուած երկերը՝ արժանացած Ա. մրցանակի

  • Ծաղկաքաղ Սփիւռքահայ Գրականութեան, Պէյրութ 2009, էջ (258)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ոչ Եւս Է Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2019-11-06։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-11-07-ին։ արտագրուած է՝ 2019-11-07 
  2. Ժագ Ս. Յակոբեան` 100 Տարեկան
  3. hayernaysor

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]