Թամպօ արուեստը

Թամպօ արուեստը, Ինաքատաթէ

Թամպօ արուեստը (ճափոներէն՝ 田んぼアート) Ճափոնի մէջ սկիզբ առած արուեստի ձեւ մըն է, ուր մարդիկ տարբեր տեսակի եւ գոյնի բրինձ կը ցանեն դաշտերուն մէջ՝ արուեստի պատկերներ ստեղծելու նպատակով[1][2]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1993-ին, Ճափոնի հիւսիսը գտնուող Ինաքատաթէ գիւղին բնակիչները միջոց մը կը փնտռեն իրենց գիւղը վերակենդանացնելու համար: Հնագիտական հետազօտութիւնները այն եզրակացութեան կը յանգեցնէ, որ բրինձը այդ տարածքին մէջ աճեցուած է աւելի քան 2000 տարի[3]։ Այս պատմութիւնը յարգելու նպատակով գիւղացիները քաղաքապետարանին ետեւը բրնձի դաշտ մը կը ստեղծեն:

Բրինձը իրբեւ կտաւ՝ գիւղացիները կը մշակեն։ Կը գործածեն չորս տարբեր տեսակի ժառանգական եւ ժամանակակից բրինձի տեսակներ՝ դաշտին մէջ հսկայ պատկեր մը ստեղծելու համար: Իսկ ամբողջական պատկեր մը դիտելու համար, 22 մեթր բարձրութեամբ կեղծ ամրոցի աշտարակ մը կը կառուցեն[3]:

Ամէն տարի Ինաքատաթէ գիւղին մէջ տեղի կ'ունենայ արտասովոր եւ ստեղծագործ այս արարողութիւնը: 7000 բնակիչ ունեցող այս փոքրիկ շրջանը կրցած է համաշխարհային ծանօթութիւն ձեռք բերել շատ յատուկ պատճառով մը: Այս հռչակին պատճառը «Թամպօ» անուանուած արուեստն է։

Նափոլէոն (2009)

Ամէն տարի՝ Ապրիլին, գիւղացիները կը հաւաքուին ու կ'որոշեն թէ ի՛նչ պիտի ցանեն այդ տարուան համար։ Նախքան այդ, գիւղացիները համակարգիչի պաստառին վրայ պատկերը կը գծագրեն՝ պարզելու, թէ՝ ուր ե՛ւ ինչպէս պէտք է տնկեն բրինձը:

2022-ին փառատօնը ուզած է պատուել արուեստի երկու կնոջական դէմքերու նկարներ. Լէոնարտօ տա Վինչիի 1503-ին աւարտած «Ժոքոնտ»-ը եւ ճափոնցի արուեստագէտ Սէյքի Քուրոտայի 1897-ին գծած «Լէյքսայտ» գեղանկարը[4]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Fackler Martin (2010-07-15)։ «Japanese Village Creates Art From Hues of Rice»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ 2013-09-10 
  2. Bekku Junichi (2012-08-19)։ «'Rice paddy art' reaches new heights of sophistication»։ The Asahi Shimbun։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-08-22-ին։ արտագրուած է՝ 2013-09-10 
  3. 3,0 3,1 «Rice Paddy as a Giant Art Canvas in Japan (田んぼアート) - Japan Inside» (անգլերէն)։ 2017-08-14։ արտագրուած է՝ 2022-12-16 
  4. «Ճափոնի Մէջ Բրինձի Դաշտերը Արուեստի Գործի Կը Վերածուին – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-12-16