Jump to content

Թաժ Մահալ. հայուհին` Հնդկաստանի խորհրդանիշ հոգի (ժապաւէն)

Թաժ Մահալ. հայուհին` Հնդկաստանի խորհրդանիշ հոգի
Taj Mahal. Indian woman and symbol
Հիմնուած 8 Մարտ 2015
Արտադրող
ընկերութիւններ
«Հայկական Չափանիշ»
Տեւողութիւն
28 վայրկեան
Լեզու Հայերէն

Թաժ Մահալ. հայուհին` Հնդկաստանի խորհրդանիշ հոգի (անգլերէն՝ Taj Mahal: The Armenian Woman and the Symbol of India), վաւերագրական ժապաւէն մը, որ կը պատմէ՝ միջնադարուն, Հնդկաստանի մէջ ձեւաւորուած հայկական գաղութին մասին: Ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 2015 թուականի 8 Մարտ-ին:

Ժապաւէնը նկարահանուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող ՝ Սեմ (Սարգիս) Մակարեանի եւ Արա Ազատեանի աջակցութեամբ[1]:

Ժապաւէնի մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժապաւէնը «Հայկական Չափանիշ» ընկերութեան կողմէ իրականացուած «Անծանօթ հայեր» շարիքին մէկ մասն է, ուր մանրամասնօրէն կը ներկայացուի Հնդկաստանի մէջ բնակող հայերու պատմութիւնը:

Վաւերագրական այս ժապաւէն կ՛անդրադառնայ Հնդկաստանի՝ Ագրա քաղաքին մէջ գտնուող, աշխարհահռչակ Թաժ Մահալի տաճարի մասին, որ ըստ կարգ մը պատմական աղբիւրներու, Հնդկաստանի Շահ Ճահան արքային կնոջ՝ Մումթազ Մահալի, զոր հայ եղած է, յիշատակին կառուցած է[2]:

Սերգէյ Աւագեան իր «Նշանաւոր Հայուհիներ» գիրքին մէջ կը նշէ, որ Մումթազ Մահալը (Հեղինէն) ծնած է 1593 թուականին հնդկական արքունիքի հայազգի պաշտօնեայ Ասաֆ խանի ընտանիքին մէջ։ 1612-ին գահաժառանգ Խուրամի խան կ՛ամուսնանայ անոր հետ: 1627 թուականին գահաժառանգ Խուրամի խանը կը դառնայ Հնդկաստանի թագաւոր: Թագադրութենէն ետք Խուրամի խանը կ՛անուանափոխուի եւ կը կոչուի Շահ Ճահան:

Աշխարհագրագէտ Կամսար Աւետիսեան իր գիրքին մէջ գրած է, որ 1630 թուականին Մումթազ Մահալ կ՛ուղեկցի թագաւոր ամուսնուն պատերազմի մէջ, ռազմի դաշտին վրայ կը հիւանդանայ: Բժիշկները անկարող կ՛ըլլան փրկելու անոր կեանքը: Մահամերձ վիճակի մէջ ան ամուսինէն կը խնդրէ իր գերեզմանին վրայ կառուցել տաճար:

Հնդկաստանի հայ թագուհի Մումթազ Մահալ իր մահկանացուն կը կնքէ 38 տարեկանին, 1631 թուականին, Հնդկաստանի Պուրհան Նուրէ բնակավայրին մէջ, ուր հողին կը յանձնուի: Սակայն, քիչ ժամանակ ետք անոր աճիւնը կը տեղափոխուի Ագրա եւ հողին կը յանձնուի` Ճամնա գետի ափին: Այստեղ թագաւոր ամուսին Շահ Ճահանը իր սիրեցեալ թագուհիին գերեզմանին վրայ կը կառուցէ (1630-1652) աշխարհահռչակ մզկիթ-դամբարանը` Թաժ Մահալը[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Պատանի աշխարհագրագէտ», Կամսար Աւետիսեան, Երեւան, 1985:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]