Jump to content

Զօրայր Միրզայեան

Զօրայր Միրզայեան
Ծնած է 1916
Ծննդավայր Թեհրան
Մահացած է 1964
Ազգութիւն հայ
Կրօնք քրիստոնեայ

Զօրայր Միրզայեան (1916-1964)- Ծնած Թեհրան՝ ուր նախակրթութիւնը ստանալէ ետք ազգային վարժարանի մէջ, աւարտած է Ամերիկեան Գոլէճի դասընթացքը։ 1930ական թուականներէն սկսեալ աշխատակցած է Թեհրանի «վերածնունդ» եւ «ալիք» օրաթերթերուն, Պէյրութի « Բաբգին» ամսագրին, « Սփիւռք», շաբաթաթերթին եւ Պոստընի «պայքար» գրական եռամսեայ հանդէսին։

Քերթողական իր ստեղծումներէն մաս մը հրատարակուած է «Թաց Մայթը» խորագրուած հատորիկով մը, մինչ բանաստեղծութիւններէն եւ արձակ էջերէն շատեր ցրուած կը մնան առորեայ եւ պարբերական մամուլի մէջ։

Եղած է մանաւանդ թարգմանական աշխատանքի հանդէպ շեշտուած հետաքրքրութիւն ունեցող մտաւորական մը՝ հայերէնի վերածելով պարսիկ եւ օտար յայտնի գրագէտներէ գործեր,- ինչպէս Մարք Թուէյնին «Պատմուածքներու ժողովածու»ն, տաստաեւսկիի «Հեզիկը», Պապա Թահերի «Քառեակները»ը, նա. «պարսկական գրականութեան պատմութիւնը» եւ Ապու Սինայի կեանքը» անունով աշխատասիրութիւնները։ Որա՜կ տալու կոչուած քերթող մը եւ արձակագիր մըն էր, որ կանուխ մեռաւ[1] :

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։