Զաւէն Պիպեռեան

Զաւէն Պիպեռեան
Ծնած է 1921
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 4 Հոկտեմբեր 1984(1984-10-04)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ուսումնավայր Ս. Յովսէփ Աւագ դպրոց
Մասնագիտութիւն լրագրող, գրագէտ

Զաւէն Պիպեռեան (1921, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 4 Հոկտեմբեր 1984(1984-10-04), Պոլիս, Թուրքիա), հայ գրող, թարգմանիչ, հանրային գործիչ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պոլիս։ Նախակրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը ստացած է Քատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին ու Տիպար կրթարանին մէջ եւ ապա աւարտած է Սեն Ժոզեֆ ֆրանսական լիսէն։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Կ. Պոլսոյ Առեւտրական գիտութեանց ակադեմիայէն։

1941-ին, քսան դասակարգի զինուորագրութեամբ, ծառայութեան կը կոչուի թրքական բանակէն ներս, որպէս զինուոր շինարարական ջոկատէն ներս։ Աքհիսարի մէջ կը ծանօթանայ «Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Գոչունեանին, որ իր նման զինուոր մըն էր։ Երեքուկէս տարուան ծառայութենէ ետք, կը վերադառնայ Պոլիս։ «Քրիստոնէութեան վախճանը» խորագրեալ յօդուածը, զոր շարունակաբար կը գրէր այդ թուականներուն «Ժամանակ»ին մէջ, մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ։ Յօդուածաշարքը կը դադրի։ Մաս կը կազմէ «Նոր լուր», «Նոր Օր» եւ «Ժամանակ» թերթերու խմբագրակազմերուն։ Ձախակողմեան քաղաքական հայեացքներուն պատճառով կ՚ենթարկուի ճնշումներու եւ ստիպուած կ՚ըլլայ հեռանալու թերթի խմբագրակազմէն։

1946-ին «Նոր Լուր»ի մէջ կը հրապարակէ «Ալ կը բաւէ՛․․․» յօդուածը՝ ընդդէմ հակահայ հրապարակումներու ու քայլերու։ Այդ յօդուածին պատճառով միջոց մը կը բանտարկուի։ Բանտէն ետք ճնշումներու հետեւանքով հեռանալու կը ստիպուի նաեւ գտած գործերէն։ Այս պատճառով կ՚որոշէ հեռանալ Թուրքիայէն։ 1949-ին բնակութիւն կը հաստատէ Պէյրութ, ուր մաս կը կազմէ «Զարթօնք»ի եւ «Արարատ»ի խմբագրակազմերուն, միեւնոյն ժամանակ կ՚աշխատակցի Հալէպի ու Փարիզի մամուլին։

Մտածելով, թէ քաղաքական պայմանները բարելաւած են, կ՚որոշէ լքել Պէյրութը, ուր կ՚ապրէր դժուարին պայմաններու մէջ, ու վերադառնալ Պոլիս։ 1953-ին Պիպեռեան դարձեալ Պոլիս է։ Կ՚ամուսնանայ Սեդա Խըտրեանի հետ։ Կ'ունենայ դուստր մը, Թիլտա անունով։ Միջոց մը Օսմանեան դրամատան մէջ աշխատելէ ետք, 1960-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք քաղաքական յօդուածներ կը ստորագրէ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ։ «Նոր Դար» քաղաքական ու գրական պարբերականը, զոր սկսած էր հրատարակել 1964-ին, կը դադրի նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։ 1960-ականներու աւարտին մաս կը կազմէ «Մէյտան Լարուսի» ու «Պիւյիւք Լիւկաթ» հանրագիտարաններու խմբագրակազմին։

1965-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ կը դառնայ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան Իսթանպուլի պատգամաւորութեան թեկնածու, սակայն չի յաջողիր։ Իսկ 1968-ին տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններու արդիւնքին նոյն կուսակցութեան անունով կ՚ընտրուի Կ.Պոլսոյ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։ Կը դառնայ այս խորհուրդին փոխ-նախագահը։

Ունէր խոցի հիւանդութիւն։ Մահացած է 4 Հոկտեմբեր 1984-ին, Պոլիս։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։

Ֆրանսերէնէ թրքերէնի թարգմանած է բազմաթիւ հատորներ զանազան հեղինակներէ: Տուած է նաեւ ինքնագիր հատոր մը «Եալնըզլար» խորագրով, որ «Լկրտածը» վէպին թրքերէնն է փաստօրէն։

Գործածած է այլազան գրչանուններ՝ Անի Ազատ, Սեւանի Մակուկավարը, Զ. Բարտիեան, Պ.Զ. Շիրակ, Ք. Անանեան, Նեմեսիս, Կինօֆիլ. եւ այլն:

Գործերէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Լկրտածը» (վէպ, 1959)
  • «Ծովը» (պատմուածքներ, հրատ. Կեդրոնական սանուց միութեան, 1961)
  • «Անկուտի Սիրահարներ» (վէպ, 1962, «Թօ» մատենաշար, Բ. տպագրութիւն՝ 2017, հրատ․՝ «Արաս»)
  • «Մրջիւններու Վերջալոյսը» (վէպ, 1984, ամբողջական հրատարակութիւն՝ 2007, հրատ․՝ «Արաս»)

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն, էջ 519: