Զարթօնք (վէպ)
ԶԱՐԹՕՆՔ - Բ․ՏՊ. | |
Հեղինակ | Մալխաս |
---|---|
Լեզու | հայերէն |
Ոճ | վէպ |
Հրատարակչական թուական | 1933 |
Զարթօնք․ Վիպականացուած ժամանակագրութիւն ու յուշագրութիւն հայ յեղափոխական շարժման:
Աշխատութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զարթօնք, վեց հատոր կազմող վէպ, հեղինակ՝ Մալխաս[1]։ Աշխատութիւնը կ՛ընդգրկէ «Լուսադէմին» վէպը, որ «Զարթօնք»ին շարունակութիւնն ու վերջաբանն է։ Մալխաս, վէպը (իր բառերով՝ աշխատութիւնը) նուիրեց իր թանկագին մօր՝ Արմաւենի Կ․ Յովսէփեանին։
Վէպը գրուեցաւ եւ տպագրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ Պոսթըն, 1933-ին[2]։ Արագօրէն սպառեցաւ եւ վերահրատարակուեցաւ քսաներեք (23) տարիներ ետք, Պէյրութ, «Համազգային» Ընկերակցութեան օժանդակութեամբ, չորս հատորներով (Գ․ եւ Դ․ հատորները՝ մէկ գիրք), Մայիս 1956։ Վերջին վերահրատարակութիւնը՝ 4 հատոր, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն, 2019 թ․[3]։
«Զարթօնք»-ը կը հանդիսանայ վիպականացուած ժամանակագրութիւնն ու յուշագրութիւնը հայ յեղափոխական շարժման, որուն Մալխաս՝ թէ՛ նուիրեալ մասնակիցներէն եղաւ, եւ թէ՝ մշակուած վիպական շունչով, յետագայ սերունդներուն փոխանցողը դարձաւ:
Ճանչնանք վէպը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալխաս, վէպին յառաջաբանին մէջ, գրուած 9 Օգոստոս, 1933-ին, կը պարզէ պատճառները, որոնք զինք ստիպեցին ձեռնարկելու «այս մեծածաւալ աշխատանքին», միաժամանակ կը լուսաբանէ որոշ կէտեր․-
Յեղափոխական շարժումը տեւականօրէն իր դրօշմը դրաւ ազգային կեանքին մշակութային եւ հասարակական բոլոր հարցերուն վրայ․․․
․Յեղափոխական շարժումը չենք կրնար անջատել ազգային պատմութենէն, որուն բնական շարունակութիւնը եղաւ ան․․․
1950-60-ական թ․ ազգային զարթօնքի երկունքէն ծնած, մարտական յեղափոխութիւնը անօրինակ առատութեամբ երեւան բերաւ սքանչելի դէմքեր․․․
․Անհնարին ոգեւորութեան անօրինակ շրջան մը եղաւ այդ, երբ ազգային գիտակցութեան եկած երիտասարդութիւնը, համարձակ, նոյնիսկ արհամարհանքով նայեցաւ մահուան աչքերուն մէջ․․․
Ազգային պատմութիւնը, սերտօրէն կամրջող օղակն է անցնոց եւ նոր սերունդին միջեւ․․
Այսպիսի փառաւոր, փոթորկոտ անցեալէ մը կը մնան, հազիւ հատ ու կտոր յուշեր․․․ Քանի ուշ չէ, լրացնենք այդ պակասը։․․ Իմ ԶԱՐԹՕՆՔ եւ ԼՈՒՍԱԴԷՄԻՆ վէպերս, նախափորձեր են այդ ուղղութեամբ։․․․
Վէպերուս դերակատարները վերցուցի զանազան կուսակցութիւններէ․․․ բեմադրեցի տիպեր,․․ որոնք ես մօտէն կը ճանչնայի։
Վէպը կ՛ընդանայ 19-րդ դարու վերջէն մինչեւ 1918-ի Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հ․Հ․ ա․ անկախութեան ստեղծման հայոց պատմութեան ժամանակաշրջանը․ կը պատմէ հայ ազատամարտիկներուն հերոսութիւնները, պայքարները ազատագրուելու օսմանեան, թրքական լուծէն։ Միաժամանակ, բաց քարտէս մըն է․ քայլ առ քայլ, ընթերցողին կը ճանչցնէ պատմական հայրենիքը։
2015-ին, վէպը լոյս տեսաւ անգլերէն լեզուով Քալիֆորնիոյ մէջ՝ «Սարդարապատ» տպարանի կողմէ, Թարգմանիչ՝ Սիմոն Պէօճէքեան:
Գլխաւոր հերոսներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վարդան
- Լեւոն
- Սոնիա
- Եւգինէ
- Առիւծ Գեւօ
- Թոփալ Սատանա
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Լոյս տեսած է “Զարթօնք” եռահատոր վէպի առաջին անգլերէն լեզուով թարգմանութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2017-11-10
- ↑ Հայկական Յեղափոխութեան անկրկնելի յուշարարն ու քարոզիչը
- ↑ Զարթօնք վէպի վերջին հրատարակութիւն, Պէյրութ, 2019 https://hamazkayin-bookstore.com/product/%d5%a6%d5%a1%d6%80%d5%a9%d6%85%d5%b6%d6%84-%d5%a1-%d5%a2-%d5%a3-%d5%a5%d6%82-%d5%a4-%d5%b0%d5%a1%d5%bf%d5%b8%d6%80%d5%b6%d5%a5%d6%80/
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ԶԱՐԹՕՆՔ Ա․, Բ․, Գ․ եւ Դ․(«ԱՐԵՒԱԳԱԼ-ԼՈՒՍԱԴԷՄԻՆ») 1956
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայրենիք օրաթերթ,Նոյ․29, 1959,էջ 2, «Հ․Յ․Դ․ Օրը Նիւ Եորքի մէջ»
- Ալիք on-line օրաթերթ` «Ազգային Զարթօնք» Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.