Jump to content

Զարթօնքի գրական շարժման ձեւաւորումը

Զարթօնքի գրական շարժման ձեւաւորում, բուն գրական շարժումը կը ձեւաւորուի՝ աստիճանաբար զտուելով ազգային ընդհանուր շարժումէն, հասունացման հոլովոյթով մը, 1860 թուականէն ետք։

Ինքնին բնական՝ այս հոլովոյթը ենթակայ եղած է մի քանի գործօններու.-

1.- Զոյգ կայսրութիւններու քաղաքական մշակութային ճնշումները կը կաշկանդեն գործիչներն ու ժողովուրդը, քիչ մի ազատ ձգելով միայն գրականութիւնը՝ իբր ազգային ինքնութեան «անվնաս» դրսեւորում։ Որոշ հին գործիչներ կ՛ամփոփուին գրականութեան շուրջ, իսկ նորերը՝ «Զարթօնք»ի սերունդի «երկրորդ ալիքի» դէմքերը արդէն կը կազմաւորուին, իբրեւ՝ աւելի գրական դէմքեր։

2.- Եւրոպայէն եկող մշակութային ոճը վիպապաշտ է, զգացական, իսկ տիրող գրական ձեւը՝ քնարերգութիւնը։

3 Կրթութեան տարածումը աւելի ու աւելի համեստ խաւեր կը բանայ արեւմտեան մշակոյթին։ Չքաւորութեան եւ «ազգի վիճակին» կրկնակի տխրութիւնը բնականօրէն պիտի գտնուի վիպապաշտ ոճի արտայայտութեամբ մը՝ զգացական, յաճախ եւ յոռետես։

4.- Գրական շարժման սկզբնաւորումը, Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ հայութեան մօտ, տեղի կ՛ունենայ բաւական արագ։ Բուն երկրի հայութիւնը անշուշտ չի կրնար հետեւիլ եւ ծնող գրականութիւնը մասամբ կ՛ըլլայ «քաղաքի գրականութիւն», բայց պահելով հայրենասիրական ուժեղ լիցք սնանելով գաւառէն։

5.- Արեւելահայութեան մէջ, շարժումը կը սկսի աւելի դանդաղ, Մոսկուայէն Թիֆլիս, ապա՝ Շուշի, Երեւան ու գաւառական այլ կեդրոններ։ Քաղաքական տանելի պայմաններ, գաւառի հետ մօտիկութիւն եւ ազատ կապ՝ արեւելահայ գրականութեան կու տան բնաշխարհի, «հողի գրականութեան» կնիք։

Կը հետեւին նմուշներ՝ Զարթօնքի սերունդի բանաստեղծական գործէն, խմբուած երեք բնաբաններու մէջ՝ «Մարդկային Հոգի եւ Բնութիւն», «Կեանք եւ Մահ», «Ազգ, Հայրենիք, Պայքար»։ Բնաբաններ՝ որոնք 1860-1870 թուականներուն մեր մէջ ունին յստակ վիպապաշտ ձեւաւորում։