Եղիշէ Արք. Դուրեան
Եղիշէ Արք. Դուրեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1860 |
Ծննդավայր | Սկիւտար |
Մահացած է | 1930 |
Մահուան վայր | Երուսաղէմ, Մանդատային Պաղեստին[1] |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[2] |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Ուսումնավայր | Սկիւտարի Ճեմարան |
Մասնագիտութիւն | բանասէր, Խմբագիր, գրագէտ, կղերական |
Վարած պաշտօններ | Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան եւ Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարք? |
Եղիշէ Արք. Դուրեան (1860, Սկիւտար - 1930, Երուսաղէմ), հայ հոգեւորական գործիչ, բանաստեղծ, բանասէր։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրտսեր եղբայրը Պետրոս Դուրեանին, մկրտութեան անունով՝ Միհրան, ծնած 1860-ին Սկիւտար (Պոլիս), կը յաճախէ նախ Սկիւտարի Ճեմարանը, ապա՝ Ս․Խաչ վարժարան։ 18 տարեկանին կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ մօտ 10 տարի իբրեւ քարոզիչ եւ տեսուչ կը պաշտօնավարէ հայաբնակ Պարտիզակ գիւղաքաղաքին մէջ։
1890-ին կը նշանակուի փոխ տեսուչ Արմաշի դպրեվանքին եւ վեց տարի շարունակ կը դառնայ գլխաւոր գործակիցը Օրմանեան Սրբազանին, պատրաստելով հմուտ եւ նուիրուած եկեղեցականներու նոր սերունդ մը։ Այդ սերունդէն ոմանք (Թորգոմ Արք․Գուշակեան, Բաբգէն կաթողիկոս, Գարեգին Արք․Տրապիզոնի, եւն․) նշանաւոր դարձան իռենց բանասիրական եւ գրական աշխատասիրութիւններով։
1898-ին Էջնիածինի մէջ եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի Խրիմեան Հայրիկիէն։ 1909-ին կ՝ ընտրուի Պոլսոյ պատրիարք, բայց երկու տարի ետք կը հրաժարի այդ պաշտօնէն։
1921-ին կը դառնայ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք եւ կը մնայ այդ աթոռին վրայ մինջեւ իր մահը՝ 1930։
Գրական եւ եկեղեցական գործունէութեան տեսակէտէն իր կեանքը կը բաժնուի երեք գլխաւոր շրջաններու․_Պարտիզակի շրջան, Արմաշի շրջան եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան շրջան։
Իբրեւ եկեղեցական եւ ուսուցիչ՝ Եղիշէ Արք․ Դուրեան անբասիր եւ վաստակաշատ անձ մը եղած է։ Իրեն համար այս զոյգ ասպարէզները դարձած են ճշմարիտ առաքելութիւններ։
Եկեղեցւոյ բեմին վրայ թէ դասարաններու ամպիոնին՝ Դուրեան Սրբազան ներշնչեալ վարդապետողը մնացած է հոգեկան բարձրագոյն արժէքներու։ Հմայիչ խօսող՝ ան յաջողած է իր հաւատքին ու շունչին ջերմութիւնը փոխանցել նաեւ ժողովուրդին եւ աշակերտներուն։
Խոհուն, հանդարտ եւ ուսումնասէր, նոյն ատեն վերլուծող եւ խորասուզուող միտք, Դուրեան Սրբազան ամբարած է մեծ հմտութիւն մեր լեզուին, մատենագրութեան եւ պատմութեան մասին։ Անմիջական շրջապատն ու աշակերտները լայնօրէն օգտուած են անոր հմտութեան բարիքներէն։
Գործերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բանաստեղծական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Հովուական Սրինգ», հաւագածոյ մը 34 տաղերու, որոնց բոլորն ալ իբրեւ ներշնչման աղբիւր ունին Սուրբ Գիրքը։ Տպուած Զմիւռնիա 1909-ին։
- «Դրուագներ Մանուկ Յիսուսի Կեանքէն», պատկերազարդ, տպուած 1926-ին, Երուսաղէմ։
- «Սրբազան Քնար», որ կը նորկայացնէ հեղինակաին հեղինակի ինքնագիր ու թարգմանածոյ բոլոր բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։ Այս ատուար հատորը լոյս տեսած է հեղինակի մահէն վեց տարի ետք, Երուսաղէմ,1936-ին։
Պատմա-բանասիրական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Պատմութիւն Հայ Մատենագրութեան»
- «Հայոց Հին Կրօնը»
- «Դասական Մատենագրութիւն»
- «Ազգային Պատմութիւն»
- «Կրօններու Պատմութիւն»
- Դասագրքեր Գրաբար Լեզուի
Գրական Յատկանիշներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դուրեան Սրբազան ծանօթ անուն մըն է նախ իր պատմա-բանասիրական աշխատանքներով։ Հմուտ գրաբարի եւ այլ հին լեզուներու, թափանցող հայացքով խուզարկած է անցեալի մեր գրական ժառանգութիւնը եւ շատ հետաքրքրական դիտողութիւններ արձանագրած։
Եղիշէ Արք․ Դուրեան աւելի իբրեւ բանաստեղծ է որ կը մնայ մեր գրականութեան մէջ։ Արուեստսագէտ հոգի մըն է, որ Աւետարանէն կամ առհասարակ Աստուածաշունչի գիրքերէն ներշնչուելով, յաջողած է ներքին ապրումի վերածել Քրիստոսի վարդապետութիւնը եւ Սուրբ գրային կարգ մը դրուագներ։
Հանդարտ եւ հաւասակշռուած խառնուածք մը ըլլալով՝ կրցած է իր քերթուածներու ձեւին ու կառուցման մէջ դնել մեծ խնամք եւ արուեստագէտի ճաշակ։
Փիլիսոփայի հանդարտութեամբ եւ բանաստեղծի զգայութեամբ կը պատմէ կամ կը վերստեղծէ կրօնական ապրումներ։
Եկեղեցական մարդու կեանքին ու ասպարէզին անմիջական ազդեցութիւնը կը կրէ անոր ամբողջ քերթողութիւնը։
Դուրեան Արք․ ի բանաստեղծութիւններուն լեզուն ճոխ է, բառապաշարը շատ հարուստ, բայց որոշ չափով հնարաբոյր։ Կը սիրէ ակնարկութիւններով, պատմական յիշատակութիւններով։ Այս պատճառով ալ Ե․ Դուրեանը ըմբոշխնելու համար պէտք է ունենալ կրօնական եւ գրական որոշ պատրաստութիւն։
Հասուն տարիքի եւ աստուածաշնչական պատմումներու տեղեակ մարդոց քերթողն է ան, առաւելապէս մտածման արժանիքներով օժտուած[3]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Deutsche Nationalbibliothek Record #1043582096 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 580–581. — ISBN 978-2-905686-93-0
- ↑ Գառնիկ Ստեփանեան (1973)։ Կենսագրական բառարան, հատոր Ա.։ Երեւան: «Սովետական գրող»։ էջ էջ 292-293