Գրիգոր Փիտէճեան
Գրիգոր Փիտէճեան |
---|
Գրիգոր Փիտէճեան (17 Օգոստոս 1935, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս - 31 Յուլիս 2019[1], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ): Երաժիշտ, երգահան, դաստիարակ, երաժշտագէտ, հայ երգի մեկնաբան եւ պատմագէտ, «Համազգային»-ի երգչախումբի ղեկավար:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրիգոր Փիտէճեան ծնած է երաժշտական հակումներով ընտանիքի մը մէջ։ Ուսումը ստացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, միաժամանակ ուսման հետեւելով Պէյրութի Ղեւոնդ Տէր Մինասեան երաժշտանոցին մէջ։ Դպրեվանքին մէջ, երաժշտական կրթութիւնը ստացած է աշակերտելով ծանօթ երաժշտագէտ՝ Համբարձում Պէրպէրեանին՝ խորանալով ազգային ու կրօնական երաժշտութեան մէջ։
Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ստանձնած է Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի դպրապետի պաշտօնը։
Իր մասնագիտական ուսումը շարունակած է Նիւ Եորքի «Ման» դպրոցին եւ «Հանթըր» գոլէճին մէջ, ուր ստացած է մագիստրոսական աստիճանը։ Խմբավարական իր գործունէութեան առընթեր, նաեւ բեղուն ուսումնասիրող մը եղած է պարոն Փիտէճեան։
Գրիգոր Փիտէճեանը միջազգային ճանաչում ստացած էր իբրեւ տաղանդաւոր երաժշտագէտ, որուն գիրքերն ու յօդուածները գիտական կարեւոր նպաստ բերած են հայ ազգային ու կրօնական երաժշտութեան ուսումնասիրութեան, եւ իբրեւ դպրաց դասերու եւ երգչախումբերու հիմնադիր ու խմբավար՝ տարբեր երկիրներու մէջ։
Ուսումնասիրական գործերէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրիգոր Փիտէճեանի ուսումնասիրական գործերէն են՝ «Անձինք նուիրեալք»,
«Հայ յեղափոխական երգերուն տեղը հայ երաժշտութեան մէջ»,
«Հայ Եկեղեցւոյ երգերը»,
«Գրիգոր Նարեկացի՝ շարականագի՞ր» եւ «Քրիստափոր Կարա-Մուրզա»։
Երպապսակ Ապրիլեան Նահատակներուն» անունով գործին ձայնապնակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ի շարս այլոց, ԱՄՆ արեւելեան շրջանի առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ հրատարակուած է «Երպապսակ Ապրիլեան Նահատակներուն» անունով գործին ձայնապնակը, զոր կը կատարեն Երեւանի Կամերային Երգչախումբն ու Ալան Յովհաննէս սենեկային նուագախումբը՝ Գրիգոր Փիտէճեանի խմբավարութեամբ։
«Քրիստափոր Կարա-Մուրզա» մեծածաւալ ու արժէքաւոր աշխատութեան շնորհանդէս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոյեմբեր 2013-ին, Եղիշէ Չարենցի Անուան Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Փիտէճեանի «Քրիստափոր Կարա-Մուրզա» մեծածաւալ ու արժէքաւոր աշխատութեան շնորհանդէսը: Գիրքի ստեղծման, երգահան, խմբավար, հայ երգահաններու դպրոցի առաջին ներկայացուցիչներէն մէկուն` Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի անյայտ ստեղծագործութիւններու ու հայ երաժշտութեան մասին է:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ոչ Եւս Է Գրիգոր Փիտէճեան
- Ոչ Եւս Է Գրիգոր Փիտէճեան Archived 2019-08-04 at the Wayback Machine.
- ԿՐԿԻՆ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՀԻՄՆԻ ՄԱՍԻՆ
- Գրիգոր Փիտէճեան. « «Մեր Հայրենիք» Երաժշտութեան Առաջին Մշակողը Կարա-Մուրզան է…»
- Գրիգոր Փիտէճեան Author of ՀԱՅ ՅԵԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒՆ ՏԵՂԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
- Փիտէճեան, «Գրիգոր Նարեկացի Շարականագի՞ր»
- Միրզոյեան Եւ Իր Երաժշտութիւնը
- Նիւ Եորքի Համազգայինի Քառասնամեակը՝ Հայ Մշակոյթի Յարատեւութեան Օղակ Մը…