Jump to content

Գրիգոր Գարաճեան

Գրիգոր Գարաճեան (Գրիգոր Գարածա)
ջութակահար, մանկավարժ, խմբավար
Ծնած է 1895
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 14 Ապրիլ, 1963
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն ջութակահար, դպրոցի ուսուցիչ, խմբավար

Գրիգոր Գարաճեան, (1895 Պոլիս14 Ապրիլ, 1963 Երեւան)․ ջութակահար, մանկավարժ, խմբավար։ Յունական շրջանակներուն մէջ ծանօթ է իբրեւ Ղրիղորիս Գարածաս (Γρηγόρης Καρατζάς)։  Յունաստան ապրած ու գործած է 35 տարի եւ հայրենադարձուած է 1948-ին:

Իզմիր 1919-1920

Գրիրոր Գարաճեան ծնած է 1895-ին Պոլիս։ Մայրը եւ քոյրը՝ Կիւլիզար, եղած են դաշնակահար։  Փոքր տարիքէն ջութակով կը զբաղի։ 1903-ին ընտանեօք Իզմիր կը տեղափոխուին։  Գրիգոր կը յաճախէ Իզմիրի երկսեռ հայկական դպրոցը (Մեսրոպեան եւ Հռիփսիմեանց վարժարաններու միացում)․ տեսչուհին է Տիկին Սաթենիկ Հալէպեան-Բարթող։ 

Գրիգոր Գարաճեան, ջութակահարի ուսումը կը շարունակէ Փարիզի Երաժշտանոցը։ Ուսումը աւարտած տարին, 18 տարեկան հասակին Աթէնք կը հաստատուի։  Կը ստանցնէ համբաւ վայելող «Փանթէոն» զբօսավայրի նուագախումբին ղեկավարութիւնը։ Այդ ժամանակամիջոցին (1913 - 1917), Յունաստանի Կոստանտինոս թագաւորին անձնական հրաւէրով յաճախ ջութակի ելոյթներ կ՛ունենայ պալատին մէջ։  1916-ին պետական նուագախումբի առաջին սոլիստներէն է եւ միաժամանակ կը դասաւանդէ պետական երաժշտանոցին մէջ (Իզմիր ապրած ըլլալով, տեղեակ էր յունարէնին)։ 

1917-ին, ջղային կծկումի մը հետեւանքով, ճպոտը գործածող աջ ձեռքին դաստակը երկու տարուան համար անգործածելի կը դառնայ։

Վերադարձ Իզմիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի զինադադարի շրջանին, դաշնակահար մօրը հետ Իզմիր կ՛ անցնի, ուր կը մնայ մինչեւ 1922-ի սկիզբները․ Իզմիր այդ ժամանակ կը գտնուի յունական գրաւման տակ։  Երաժշտական ելոյթներու կը մասնակցի եւ քաղաքին նուագախումբին խմբավարութիւնը կը ստանցնէ։ 

Փոքր Ասիոյ Աղէտէն ետք, Աթէնք կը հաստատուի։  Աթէնքի Երաժշտանոցին առաջին ջութակահարը կը նշանակուի․ մեծ պատիւ մը օտարազգիի մը համար։  Յունաստանի մէջ իր 35 տարուան ասպարէզին ընթացքին, ան ծանօթ կը դառնայ իբրեւ Ղրիղորիոս Գարածաս (Գրիգոր Գարաճեան անունը յոյները կը յունացնեն․ Գրիգորիս՝ Ղրիղորիս, Ղրիղորիոս)։  Կը մասնակցի բազմաթիւ նուագահանդէսներու (Աթէնք, Սելանիկ եւ ուրիշ մեծ քաղաքներ)։

Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, Յունաստանի մէջ ստեղծուած են քաղաքական նոր եւ ծանր պայմաններ։  Ազգայնականներու շրջանակին ճնշումներուն տակ, Գրիգոր կը կորսնցնէ Երաժշտանոցին առաջին ջութակահարի տիտղոսը․ զայն կը փոխարինէ յոյն ազգութեամբ ջութակահար մը։  Այս որոշումին իբրեւ հետեւանք, Գրիգոր կ՛ որոշէ հայրենադարձուիլ։

Երեւանի Օփերայի շէնքը

1948-ին, Գրիգոր Գարաճեան կնոջ եւ մօրը հետ Հայաստան կը ներգաղթէ ։  Անոր տաղանդը յայտնութիւն մըն է Երեւանի երաժշտական շրջանակներուն մէջ եւ շուտով Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի համերգային նուագախումբին երաժշտապետը կը նշանակուի․ պաշտօն, որ մինչեւ իր մահը կը վարէ։ 

Գրիգոր Գարաճեան աչքերը կը փակէ սրտի տագնապի մը հետեւանքով, 14 Ապրիլ 1963-ին։  Դիակը ամբողջ օր մը կը ցուցադրուի Օփերայի սրահին մէջ եւ յուղարկաւորութիւնը մեծ շուքերով տեղի կ՛ ունենայ։

[1] [2]

  • «Ամէնուն Տարեգիրքը», 1964, Կարօ Գէորգեան, էջ 315-318
  • «Ներկա՛յ» պարբերաթերթ, Յուլիս – Օգոստոս 1963, թիւ 26/27, էջ 18-20, Տոքտ․ Գ․Օ․Գ․ Պուենոս Այրես, Արժանթին

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Գրիգոր Գարածա, Յակոբ Ճելալեան, «Արմենիքա» պարբերաթերթ, Յունիս-Սեպտեմբեր 2020, թիւ 104 (յունարէն)
  2. «Կեդրոնական - Հայ Դպրոցը անցեալէն դէպի այսօր․ էջ 43-46»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-05-04-ին։ արտագրուած է՝ 2021-05-04