Jump to content

Գրիգոր Աստտարճեան

Գրիգոր Աստտարճեան
Ծնած է 1885
Ծննդավայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 4 Մարտ 1983(1983-03-04)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, գրագէտ

Գրիգոր Աստարճեան (1885, Մարաշ – 4 Մարտ 1983, Պէյրութ) բժիշկ եւ գրող է : Նախակըրթ ութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի թաղային դպրոցին մէջ, իսկ միջնակարգ ուսումը' Ազգային Կեդրոնական Վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ, 1903 թ.ին կը սկսի հետեւիլ Պետական Լիսէի դասընթացքներուն, ուր եւ կը ծանօթանայ արաբերէն լէզուին, որուն ուսուցումը պարտադիր էր այդ օրերուն: 1905 թ.ին ' Լիսէէն ընթացաւարտ, մասնաւոր յանձնարարութիւններով ու բարձր գնահատակով մուտք կը գործէ Կ. Պոլսոյ Բժշկական Համալսարանը, որուն ընթացքը կ'աւարտէ 1911 թ.ին, ու կը մտնէ բանակ , որուն ծառայութեան մէջ' կը մասնակցի Պալքանեան Պատերազմին: 1914 թ.ին' իբրեւ պետական բժիշկ կը հաստատուի Մուսուլ (Իրաք): 1915 թ.ին մաս կը կազմէ Մուսուլի կուսակալ Հայտար Բեկի սպայակոյտին: Իր դիրքին ու ստեղծած բարեկամական կապերուն շնորհիւ, մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ գաղթական էրզրումցիներու կարաւանի մը ապահով Մուսուլ, ուր կը մնայ մինչեւ 1956 թ., ամբողջ երեսուն հինգ տարիներ մասնակցելով մուսուլահայ գաղութի կազմակերպման ու ղեկավարման աշխատանքներուն: 1956 թ.ին կը փողադրուի Պաղտատ, իսկ 1959 թ.ին' վերջնականապէս կը հաստատուի Պէյրութ (Լիբանան):

Գ. Աստարճեան իր բշժկական ասպարէզին զուգահեռ, հետեւողականօրէն կ'ուսումնասիրէ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու պատմութիւնն ու մշակոյթը: Այս գծով' հայ եւ արաբ մամուլին մէջ ստորագրած իր բազմաթիւ յօդուածներէն անկախ, առանձին հատորներով կը հրատարակէ հետեւեալ ծաւալուն երկերը. Արաբերէն լեզուով' Հայոց Պատմութիւն (Մուսուլ, 1951), Հայ Մշակութային Եւ Գրական Պատմութիւն (Մուսուլ, 1954), Ցաւեր Ու Երազներ – հայ գեղարուեստակա էջերէ թարգմանութիւններ –(Պաղտատ, 1957): Իսկ հայերէնով' Ընդարձակ Ընդհանուր Արաբական Պատմութիւն (Պէյրութ, 1961), Պատմութիւն Արաբական Գրականութեան Եւ Մշակոյթին (Պէյրութ, 1970):

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս (Պէյրութ, 1984) Հատոր ժ.էջ (373-374)