Գոհաբանութեան Օր

Գոհաբանութեան Օր

Տեսակ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ժողովրդական տօներ եւ public holidays in Canada?
Ենթադաս Բերքի տոն?
Ամսաթիւ second Monday in October?, fourth Thursday in November?, last Wednesday in November? եւ first Thursday in November?
Տօնական կերակուր հնդկահավի միս?

Գոհաբանութեան օր (անգլThanksgiving Day), պետական (ազգային) տօն Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ։ Կը նշուի նաեւ Լիպերիա պետութեան, Փորթօ Ռիքօ կղզիին եւ Նորֆոլք կղզիին մէջ: Այդ տօնը Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը նշուի Նոյեմբեր ամսուան չորրորդ Հինգշաբթի օրը, իսկ Քանատայի մէջ՝ Հոկտեմբերի երկրորդ Երկուշաբթի օրը[1]։ Գոհաբանութեան օրը կը սկսի տօնական ժամանակաշրջանը, որ կ՛ընդգրկէ Սուրբ Ծննդեան տօնը եւ կը շարունակուի մինչեւ Ամանոր:

Տօնը ունի իր կրօնական եւ մշակութային պատմական աւանդոյթները, որոնք կը նշուին աշխարհիկ ձեւով։ Տօնին խորհրդանշական ուտեստը կը նկատուի տապկուած հնդկահաւը։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոհաբանութեան օրը սկզբնապէս եղած է Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ ընտանիքին ու բարեկամներուն նիւթական բարօրութեան ու բարի վերաբերմունքին համար երախտագիտութիւն յայտնելու տօն:

Աւանդական իմաստով (որ հին ժամանակներէն սկսած յատուկ է երկրագործական մշակոյթներուն) նման տօներու ժամանակ, աշնան վերջը շնորհակալութիւն կը յայտնէին երկինքին՝ հարուստ բերքի եւ պտուղներու առատութեան համար: Ժամանակի ընթացքին ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի մէջ այս տօնը զգալիօրէն կորսնցուցած է իր կրօնական արմատները եւ դարձած քաղաքացիական ու մե ժողովրդականութիւն գտած համաժողովրդական տօնակատարութիւն:

Տօնին ծագումը կը հասնի ամերիկեան պատմութեան խորքը, իսկ աւելի ճիշտ՝ Անգլիայէն ամենաառաջին անգամ ներգաղթած բնակիչներուն, որոնք Ամերիկայի ափերը հասած են 1620-ին՝ նշանաւոր «Մեյֆլաուըր» նաւով: Այդ մարդիկ ՙՆոր աշխարհի՚ ափը իջած էին հողմառատ ովկիանոսով ծանր նաւարկութենէ ետք՝ ներկայիս Մասաչուսեց նահանգի տարածքին՝ ցրտաշունչ նոյեմբերեան օր մը եւ հիմնադրած էին Փլիմութ բնակավայր-գաղութը:

Մօտաւորապէս մէկ հարիւրեակ կազմող այդ մարդոց աւելի քան կէսը չկրցան դիմանալ խստաշունչ ձմրան եւ մահացան ցուրտի, սովի եւ հիւանդութիւններու պատճառով: Ողջ մնացածները գաղութ հիմնադրեցին եւ գարնան, տեղացի հնդիկներու՝ Սքուանթօներու օգնութեամբ, սկսան մշակել տեղական հողերը: Հնդիկները անգլիացի գաղութարարներուն սորվեցուցին, թէ որ մշակաբոյսերը ինչ ձեւով մշակեն այդ անհիւրընկալ քարքարոտ հողերուն վրայ: Սակայն անգլիացի գաղթականներու ջանքերուն պարգեւը եղաւ անակնկալ հարուստ բերքը: Գաղութարարներու առաջին կառավարիչ-նահանգապետը՝ Ու. Պրետֆորտը առաջարկեց Աստուծոյ երախտագիտութիւն յայտնելու տօն կազմակերպել: 1621-ի Գոհաբանութեան տօնին առաջին գաղթականները հրաւիրեցին հնդիկներու ցեղապետին եւ եւս 90 հնդիկներու այն ցեղէն, որ օգնած էր իրենց ողջ մնալ անծանօթ պայմաններու մէջ: Հնդիկներուն հետ համատեղ անցուցած այդ ճաշկերոյթը դարձաւ Գոհաբանութեան օրուան առաջին նշումը: Յետագային գաղթականները լաւ բերքը կը նշէին տօնակատարութիւններով:

Փենսիլվանիա նահանգի ընտանիքներէն մէկը Գոհաբանութեան տօնը կը նշէ ընտանեկան սեղանի շուրջ. 1942 թուականի լուսանկար-

Անկախութեան նուաճումէն եւ միասնական պետութեան՝ ԱՄՆ-ի ստեղծումէն ետք երկրին առաջին նախագահը՝ Ճորճ Ուաշինկթընը առաջարկեց ամէն տարի՝ Նոյեմբերի 26-ին Գոհաբանութեան օրը նշել որպէս ազգային տօն:

1864-ին՝ Քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք ԱՄՆ-ի այդ ժամանակուան նախագահը՝ Ապրահամ Լինքոլնը իւրաքանչիւր տարուան Նոյեմբերի վերջին Հինգշաբթին հռչակեց Գոհաբանութեան Օր: 1939-ին Ֆրանքլին Տելանօ Ռուզվելթ այդ օրը փոխարինեց Նոյեմբերի նախավերջին Հինգշաբթիով, սակայն անոր հռչակագիրը պարտադիր ուժ չունէր: Ուստի նահանգներու միջեւ խզում առաջացաւ. 23 նահանգ Գոհաբանութեան Օրը կը նշէին Նոյեմբերի նախավերջին Հինգշաբթի օրը, իսկ 22 նահանգ՝ վերջին Հինգշաբթի օրը: Մնացած քանի մը նահանգներ ալ երկու օրն ալ յայտարարեցին տօնական (օրինակ՝ Թեքսասը):

1941-ին ԱՄՆ քոնկրեսը ընդունեց օրինագիծ մը, որ Գոհաբանութեան Օրը պէտք է տօնուի Նոյեմբերի չորրորդ Հինգշաբթի օրը: ԱՄՆ նախագահ Ֆրանքլին Տելանօ Ռուզվելթ 26 Դեկտեմբեր 1941-ին ստորագրեց այդ օրինագիծը, այդպիսով սահմանելով, որ Գոհաբանութեան Օրը տօնուի ներկայիս ընդունուած ձեւով:

Տօնին աւանդոյթները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնդկահաւի պատրաստումը Գոհաբանութեան օրուան համար

Վաղեմի աւանդոյթի համաձայն՝ նոյն ընտանիքին քանի մը սերունդները կը հաւաքուին ընտանիքին մեծերուն տունը՝ տօնական ճաշի: Իւրաքանչիւրը կ՛արտասանէ երախտագիտութեան խօսքեր՝ այն բոլոր բարիքներուն համար, որոնք տեղի ունեցած են իր կեանքին մէջ: Ժամանակակից ամերիկացիները այդ օրը կ՛ուտեն նոյն այն կերակուրները, որոնք կերած են իրենց հեռաւոր նախնիները՝ 1621-ին՝ ի պատիւ Գոհաբանութեան Օրուան տեղի ունեցած առաջին ճաշի ժամանակ:

Շատ ուտեստներ ոչ միայն աւանդական դարձած են, այլեւ՝ տօնին իւրօրինակ խորհրդանիշը, ինչպէս օրինակ՝ Լոռամիրգի սոսով հնդկահաւը եւ մեծ քաղցր դդումի թխուածքը: Այլ խորհրդանշաններ են վառ գոյնի մատղաշ դդումներ, «հնդկացիական» եգիպտացորենի՝ մայսի մատղաշ ծիլեր, խնձոր, նարինջ, շագանակ, ընկոյզ, խաղողի ողկոյզներ ու տերեւներ, որոնք ոչ միայն Գոհաբանութեան տօնի ճոխ սեղանին աւանդական զարդն են, այլեւ կը խորհրդանշեն բնութեան աշնանային պարգեւներու առատութիւնը: Ոսկեգոյն, նարնջագոյն եւ կարմրա-շագանակագոյն ոսկեծաղիկներու փունջեր, պտուղներով ծանրաբեռնուած ճիւղերով լրացուած, կը լրացնեն բնութեան առատաձեռնութեան ու ճոխութեան զգացումը եւ կը ստեղծեն հարուստ բերքի իսկական տօնի գեղեցիկ պատկեր:

Նիւ Եորքի մէջ չափազանց ճոխ ու գունագեղ շքերթ տեղի կ՛ունենայ, զոր կը կազմակերպէ ամենամեծ վաճառատունը՝ Macy’s, սկսած 1927-էն: Այս շքերթի ամենամեծ զարդը հսկայական չափերու խաղալիքներն են (հեքիաթներու հերոսներ), որոնք կ՛անցնին Կեդրոնական զբօսայգիէն մինչեւ Մեյսիզ հանրախանութի մուտքը՝ Հերալտ-սքուեր: Շքերթին նախօրեակին տեղի կ՛ունենայ խաղալիքները փչելու արարողութիւնը: Շքերթը կը ցուցադրեն հեռուստատեսութեան ուղիղ եթերով:

Գոհաբանութեան օրուան յաջորդող օրը կը կոչուի Սեւ Ուրբաթ: Սեւ Ուրբաթը կը սկսի նախատօնական զեղչերով՝ խանութներու մէջ եւ համացանցին վրայ:

Այդ օրը երեխաները հնդկահաւի տեսքով խաղալիքներ կը պատրաստեն տարբեր իրերէ՝ եղեւնիի եւ սոճիի կոներէ, փայտիկներէ եւ այլն:

« Macy’s»-ի շքերթը 1979-ին

Տօնը նշելու աշխարհագրութիւնը եւ ժամանակացոյցը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2016-ին Գոհաբանութեան Օրը նշուեցաւ 10 Հոկտեմբերին՝ Քանատայի մէջ, 3 Նոյեմբերին՝ Լիպերիոյ մէջ, 30 Նոյեմբերին Նորֆոլք կղզիին մէջ, եւ 24 Նոյեմբերին՝ ԱՄՆ-ի եւ Փորթօ Ռիքօ կղզիին մէջ:

2017-ին Գոհաբանութեան տօնը նշուեցաւ 9 Հոկտեմբերին՝ Քանատայի, 2 Նոյեմբերին՝ Լիպերիոյ, 29 Նոյեմբերին՝ Նորֆոլք կղզիին, 23 Նոյեմբերին՝ ԱՄՆ-ի եւ Փորթօ Ռիքօ կղզիին մէջ:

Գոհաբանութեան Օրը Քանատայի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԱՄՆ-ի բնակիչներուն պէս, քանատացիները, իսկ աւելի ճիշդ՝ անգլոքանաքացիները, Գոհաբանութեան օրը հնդկահաւ կը տապկեն, նոյնպէս կը խնդրեն Աստուծմէ, որպէսզի բարօրութիւն տայ իրենց երկրին: Նաեւ, քանատացիները այդ օրը կը պատրաստեն խնձորով թխուածք եւ հնդկահաւի միսով լցուած խմորագնդիկներ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Holidays»։ Embassy of the United States Ottawa, Canada։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-04-29-ին։ արտագրուած է՝ 2018-11-22 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]