Գէորգ Ներսէսեան
Գէորգ Ներսէսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1920 |
Ծննդավայր | Թրակիա, Յունաստան |
Մահացած է | 1989 |
Քաղաքացիութիւն | Յոյն |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Երեխաներ | երկու դուստրեր |
Գէորգ Ներսէսեան (1920-1989), ծնած է Թրակիա, Յունաստան: Հայերէնի ուսումը ստացած է տեղւոյն Արամեան վարժարանին մէջ։ Հասակ նետած է գրասէր ընտանեկան մթնոլորտի մէջ։ Իր հայրը անցեալին գրական մասնակցութիւն բերած է պոլսահայ զանազան թերթերու։ Եղբայրը՝ Խոսրով Ներսէսեան, «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագիրներէն էր, ծանօթ՝ «Գիսաւոր» ծածկանունով (մահացած՝ 1989-ին)։
Գէորգ Ներսէսեան երկրորդ համաշխարհային պատերազմին գտնուած է Գերմանիա. 1950-ին հրաշքով ազատուած, փոխադրուած է ԱՄՆ: Ընդգրկած է վաճառականութեան ասպարէզը եւ փայլուն յաջողութեամբ շարունակած է մինչեւ 1985, իր հանգստեան կոչուիլը։
Հայկական եւ ամերիկեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու մէջ ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ։ Եղած է Պոսթոնի Հայ-անկախ ռատիօժամի հիմնադիր-ատենապետը։ Անդամ է Պոսթընի Պոլսահայ Միութեան։ Եղած է Վարդանանց Ասպետներու Պոսթընի մասնաճիւղի վարչական անդամ։
Աշխատակցած է «Նաւասարդ» ամսագրին բազմաթիւ պատմուածքներով, նաեւ այլ թերթերու՝ տալով յօդուածներ զանազան հարցերու շուրջ։
Աշխատած է պատրաստել անգլերէն լեզուով գիրք մը։
Բախտաւորուած է երկու փաստաբան դուստրերով եւ բժիշկ հայ փեսաներով։
Գէորգ Ներսէսեան իր ականատեսի աչքով գրի առած զգայացունց նիւթերով կը տպաւորէ ընթերցողը։ Գործածած է պարզ եւ յստակ լեզու մը։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։