Գառնիկ Դաւիթեան
Գառնիկ Դաւիթեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 6 Յունուար 1874 |
Ծննդավայր | Կարմիր (Կերմեր, Կեսարիոյ գիւղաքաղաք) |
Մահացած է | 15 Օգոստոս 1949 (75 տարեկանին) |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | ուսուցիչ |
Գառնիկ Դաւիթեան( 6 Յունուար 1874, Կարմիր (Կերմեր, Կեսարիոյ գիւղաքաղաք) - 15 Օգոստոս 1949), հայ ուսուցիչ, յօդուածագիր ու տնօրէն:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախնական եւ երկրորդական ուսումն ստացած է ծննդավայրի Պարթեւեան վարժարանի եւ Ճեմարանին մէջ։ Միեւնոն վարժարանին մէջ պաշտօնվարած է իբրեւեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ, ապա եղած է միեւնոյն վարժարանի տնօրէնը. պաշտօններ վարած է նաեւ այլ վարժարաններու մէջ:
1909-ին, Ատանայի աղէտէն ետք, Մերսին բացուած Որբանոցի տնօրութենէն անցած է իբրեւանոսեան եղբարց Մերսինի վաճառատան տնօրէնութեան:
Կիլիկիայէն գաղթելէն ետք, կարճ ժամանակ կրթական իր պաշտօնէն հեռանալէ ետք, դարձեալ կը վարէ տեղւոյն Ազգ. Սահակեան երկսեռ վարժարանի եւ Անդրանիկեան մանկապարտէզի ընդհանուր տնօրէնութեան պաշտօնը:
Կիլիկիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ամէն պարագային, ան շարունակ գրած եւ ուսումնասիրութիւններ կատարած է. ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ երկար տարիներ Ուսումնական Խորհուրդի Ատենապետի պաշտօնը վարած է եւ մէկ տարի Լիբանանի բոլոր ազգային վարժարաններուն քննիչը եղած է:
1949-ի Օգոստոս 15-ին հոգին յանձնեցինք քաղաքիս ծանօթ մտաւորականներէն Գառնիկ Ս. Դաւիթեանը որ մեկնեցաւ այս աշխարհէն 75 ձիգ տարիներու բեռան տակ, գրական բեղուն գործունէութեան մը ունենալէ եւ տիպար հայու կեանք մը բոլորելէ յետոյ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ.Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939 Պուքրէշ, հատոր Դ., էջ 607:
- Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ:
- «Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի», Պէյրութ, «Լիբանահայ նախապատերազմեան (1914) գաղութի հրատարակչական յանձնախումբ», 1981, էջ 410: