Jump to content

Գառնիկ Գազանճեան

Գառնիկ Գազանճեան
Ծնած է 1886
Ծննդավայր Երզնկա, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է Մայիս 1915
Մահուան վայր Թերճան, Էրզինճան, Թուրքիա
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Կրթութիւն Կ. Պոլսոյ Անասնաբուժական վարժարան
Մասնագիտութիւն անասնաբույժ
Աշխատավայր Օսմանեան կայսրութեան զինուած ուժեր

Գառնիկ Գազանճեան (1886, Երզնկա, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - Մայիս 1915, Թերճան, Էրզինճան, Թուրքիա), հայ անասնաբոյժ։

Ծնած է 1886 թուականին Կարնոյ նահանգի Երզնկայի գաւառի կեդրոն՝ Երզնկա քաղաքին մէջ։ Աւարտած է Կարնոյ իտատիէն (միջնակարգ վարժարանը)։

1912 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Անասնաբուժական վարժարանը։ 1913 թուականին աշխատած է որպէս քաղաքապետարանի անասնաբոյժ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ՝ 1914 թուականին, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ։ 1915 թուականի Մայիսի վերջաւորութեան՝ Դերջանի մէջ, ըլլալով զինուորական ծառայութեան մէջ, ի թիւս մի քանի հայ զինուորներու, դաժանօրէն սպանուած է թուրքերու ձեռքով՝ 29 տարեկան հասակին։

  • Պոտուրեան Մկրտիչ, Հայ հանրագիտակ, Պուքրէշ, 1940։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։