Անասնաբուժութիւն
Անասնաբուժութիւն (լատ.՝ veterinarius, անասնաբուժական բժշկութիւն[1]), գիտութեան ճիւղ է[2], որ կը զբաղի նախապահպանութեամբ[2], ախտագիտութեամբ եւ հիւանդութիւններու բուժումով, նաեւ կենդանիներու խանգարումներով եւ վնասուածքներով[3]:
Նկարագրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիտութիւններու համակարգ, որ կ'ուսումնասիրէ գիւղատնտեսական կենդանիներու եւ թռչուններու օրկանիզմի կառուցուածքը, անոր մէջ ընթացող բնականոն, ախտաբանական օրինաչափութիւնները, հիւանդութիւններու պատճառները, նշանները, ախտորոշման եւ բուժման մեթոտները։ Միաժամանակ անասնաբուժութիւն ըսելով կը հասկցուի կենդանիներու եւ մարդկանց հիւանդութիւնները կանխող, վերացնող անասնաբուժա-սանիտարական միջոցառումներու համալիրը։ Անասնաբուժութիւնը սերտօրէն կապուած է անասնաբուծութեան, բժշկագիտութեան, բնագիտութեան, քիմիագիտութեան եւ կենսաբանական շարք մը գիտութիւններու հետ։ Անասնաբուժութիւնը կը միաւորէ կենդանիներու կազմը, բնախօսութիւնը, հիւսուածաբանութիւնը, անասնաբուժական մանրէաբանութիւնը, դեղագիտութիւնը, ախտորոշագիտութիւնը, ծննդագիտութիւնը (արհեստական սերմնաւորման հետ), մակաբուծաբանութիւնը, կենդանիներու համաճարակագիտութիւնը, ընդհանուր եւ մասնաւոր վիրաբուժութիւնը, ներքին ոչ վարակիչ հիւանդութիւնները եւ ատոնց բուժումը, անասնաբուժա-սանիտարական փորձազննութիւնը, դատական անասնաբուժութիւնը։
Անասնաբուժութիւնը Տարբեր Ժամանակահատուածներու Եւ Տարբեր Վայրերու Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենդանիներու բուժման մասին հնագոյն տեղեկութիւնները մեզի հասած են Եգիպտոսի մէջ յայտնաբերուած «անասնաբուժական պապիրուս»–էն (ք.ա. 4-րդ հազարամեակ), ուր նկարագրուած են թռչուններու գոնջութիւնը, տաւարի ժանտախտը, կենդանիներու կատաղութիւնը եւ այլն։ Հին Եգիպտոսի «Կեանքի դպրոց» վարժարանին մէջ տարբեր գիտութիւններու հետ ուսումնասիրուած է նաեւ անասնաբուժութիւնը։ հնդկական Վետայական ժողովածուներուն մէջ նկարագրուած են կենդանիներու շարք մը հիւանդութիւններ եւ ատոնց բուժման միջոցները։ պարսկական «Ավեստա»–յին մէջ կը խօսուի շուներու որոշ հիւանդութիւններու եւ յատկապէս կատաղութեան մասին։ Հին Յունաստանի մէջ յայտնի եղած են հիպիատորները (ձիաբուժներ): Անոնց անասնաբուժական աշխատանքներուն մեծ մասը ընդգրկուած է «Հիպիատրիկա» ժողովածուի մէջ (կազմուած է 10-րդ դարուն): ժողովածուի 420 յօդուածներէն 121-ը յոյն ձիաբուժ Ապսիրտինն է (ք.ե. 4-րդ դար): Անասնաբուժութեան մասին գրած են նաեւ հռոմեացի գիտնականներ Վառոնը (ք.ա. 116—127), Կալումելլան (ք.ե. 1-րդ դար) եւ ուրիշներ։ Միջին դարերուն առաւել յայտնի էին իտալացիներ՝ Ճ.Ռուֆոյի(13-րդ դար),Կ. Ռուինի (14-րդ դար), ֆրանսացիներ՝ Վ. Կոյտրէի (16-րդ դար )» ժ. ՝Սոլեյսելի (18-րդ դար) եւ ուրիշներու երկերը։ 18-րդ դարուն եւրոպական երկիրներուն մէջ կը բացուին անասնաբուժական դպրոցներ, կը հրատարակուին հանրագիտարաններ, աշխատանքներ եւ պարբերականներ։ Ռուսաստանի մէջ առաջին անասնաբուժական դպրոցը կազմակերպուած է 1733-ին, Մոսկուայի մօտ գտնուող Իտրոշիովօ գիւղի ձիաբուծարանին մէջ։ 19-րդ դարու ախտազերծութեան երեւոյթներու ուսումնասիրութեան, մանրէաբանութեան բնագաւառներուն մէջ՝ Պաստիորի, Ռ. Կոխի եւ ուրիշներու յայտնագործութիւններէն ետք գործածութեան մէջ մտան պատուաստները, շիճուկները, անտիպիոտիկները։ Հին Հայաստանի մէջ Անասնաբուժութեամբ կը զբաղէին քուրմերը, հովիւները, հեքիմները, աւելի ուշ՝ պայթարները։ Հնագոյն անասնաբուժութիւնը բաղկացած էր երկու տարրէ՝ անասնաբուժութիւնը բնութեան մէջ գոյություն ունեցող բուժամիջոցներու որոնում՝ դեղանիւթեր պատրաստելով բոյսերէ (լոշտակ, արքայիկ, դդում, սխտոր,կտաւատի սերմ), ձուէ, արջի, ոզնիի ճարպէ եւ այլն, զանազան հմայութիւններու գործադրում՝ «չար ոգիներէ» ազատելու համար։ Այս երկու հիմնական տարրերը՝ փորձնական-գիտական եւ սնոտիապաշտական, եղած են բոլոր կրօններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ քրիստոնէութեան մէջ։ Միջին դարերուն կիրառուած են վիրաբուժական միջամտութիւններ վէրքերու, ջարդուածքներու, յօդախախտումներու, դժուար ծննդաբերութեան եւ այլ պարագաներու։
Անասնաբուժութիւնը Հայաստանի Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]12-րդ դարուն (կամ ամենաուշը 13-րդ դարու սկիզբներուն) Կիլիկիոյ մէջ արաբերէնէ թարգմանուած է «Գիրք վաստակոց»–ը (հայերէն հրատարակուած 1877), որ օտարազգի քսան հեղինակներու (ինչպէս նաեւ՝ Վառոնի) գրուածներու հաւաքածոն է։ Գիրքի առանձին գլուխներուն մէջ լուսաբանուած են կենդանիներու զանազան հիւանդութիւններ (աչքացաւ, աչքի սպիտակում, միզակապութիւն, տաքութիւն, թոքացաւ, խոցտուկ եւ այլն) եւ ատոնց կանխման ու բուժման ձեւերը։ 1696 թուականին Ղազար Ամթեցին (Հոգոց վանք) արաբերէնէն հայերէն փոխադրած է «Բժշկարան վասն ձի ու ջորոյ եւ կամ իշու...» գրուածքը (Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, ձեռագիր 459)։ Բժշկարանին մէջ (ընդամէնը 10 թերթ) կը խօսուի մարմինի տարբեր հատուածներու հիւանդութիւններու եւ ատոնց բուժման միջոցառումներու մասին, իսկ «Վասն հիւանդութեանց անասնոց» ձեռագիրին մէջ (Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, ձեռագիր 9102)՝ աչքացաւի, մորթի խոցերու, բերանի խոցի, վիրաւոր կենդանիներու, հարբուխի, հազի եւ այլ հիւանդութիւններու մասին։ Կիլիկիոյ Հայկական թագաւորութեան ժամանակ թարգմանուած է (կ'ենթադրուի ֆրանսերէնէն) «Ի գրաստոց բժշկարանէն փոխած» բժշկարանը (տես «Բազմավէպ», 1867, ձեռագիր 12)։ 19-րդ դարուն Մելքոն Պեյլերեանը բնութագրած է շուներու կատաղութիւնը (Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, ձեռագիր 8428)։ Երեւանի նահանգը կազմուելէ ետք, ռուս անասնաբուժերու օժանդակութեամբ, կը ստեղծուին անասնաբուժարաններ, անասնաբուժական սահմանային կէտեր։ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք ստեղծուեցաւ անասնաբուժական սպասարկման լայն ցանց։ 1928 թուականին կազմակերպուեցաւ Անղրկովկասյան անասնաբուժական ինստիտուտը (1930 թուականէն՝ Երեւանի անասնաբուծա-բուժական ինստիտուտ), իսկ 1930 թուականին՝ Անասնաբուժական ԳՀԻ։ Անասնապահութեան եւ Կերահայթայթման ԳՀԻ-ներու միաւորմամբ 1956 թուականին ստեղծուեցաւ ՀԽՍՀ անասնաբուծութեան եւ անասնաբուժութեան ԳՀԻ։ Ձեռնարկած միջոցառումներու շնորհիւ վերացուեցան ձիերու խլախտը, էնցեֆալոմիելիտը, տաւարի ժանտախտը եւ վարակիչ այլ հիւանդութիւններ։ Մշակուեցան սիբիրախտի, լեպտոսպիրոզի, պրուցելոզի եւ այլ հիւանդութիւններու դէմ պայքարի արդիւնաւէտ միջոցառումներ (պրոֆեսորներ՝ Ա.Ի. Իսահակեան, Վ. Ս. Ղազարեան, Գ. Ա. Շաքարեան, Հ. Բ. Պոյախչեան, Վ. Գ. Հայրապետեան եւ ուրիշներ)։ Համամիութենական ճանաչում գտած են ՀԽՍՀ ԳԱ թղթ-անդամ Է. Հ. Դաւթեանի, Գ. Ա. Գրիգորեանի, Ա. Հ. Ղեւոնդեանի ուսումնասիրութիւնները ճիճուային եւ մակաբուծական հիւանդութիւններու վերաբերեալ, նշուած են ատոնց դէմ պայքարի Նորագոյն բուժական միջոցառումները։ Յայտնի են պրոֆեսոր Ս. Գ. Մելիքսեթեանի ստեղծած մագնիսական զոնդ եւ օղակ, մետաղորսիչ անասնաբուժական գործիքները, պրոֆեսոր Ա. Ա. Պայպուրտցեանի առաջարկած ամորձատման նոր մեթոտը։ Ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու ախտորոշման եւ բուժամիջոցներու մշակման գործին մէջ մեծ աշխատանք կատարած է պրոֆեսոր Պ. Ա. Յովհաննիսեանը։ Ծննդագիտութեան, արհեստական սերմնաւորման բնագաւառներուն մէջ ակնառու ներդրումներ ունին պրոֆեսորներ Ա. Հ. Մանասեանը, Հ. Հ. Մատոյեանը, Գ. Ս. Գրիգորեանը եւ ուրիշներ, դեղագիտութեան, ախտազերծութեան երեւոյթի ուսումնասիրութեան ասպարէզներուն մէջ՝ պրոֆեսոր Ս. Շ. Աքանեանը։ Պրոֆեսոր Հ. Գ. Ստեփանեանը առաջարկած է բնական ստամոքսահիւթի օգտագործումը՝ որպէս աճը խթանող եւ ստամոքսաղիքային համակարգի շարք մը հիւանդութիւններ բուժող միջոց։ Հիւսուածաբան Ե. Վ. Կատիլովի ղեկավարութեամբ ուսումնասիրած են կաթնասուններու օրկանների եւ հիւսուածքներու վերականգնման, պատուաստման տեսական հարցերը, պրոֆեսոր Տ. Բ. Մովսիսեանի ղեկավարութեամբ՝ շարք մը վարակիչ հիւանդութիւններու ախտաբանական անդամազննութեան։ Ախտաբան Մ. Ս. Գրիգորեանը ուսումնասիրած է ցաւի ախտաբանական բնախօսութիւնը, միքրոտարրերու դերը օրկանիզմի համար եւ այլն։
Գիտութեան Հետ Կապը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անասնաբուժութիւնը կապուած է հետեւեալ գիտութիւններու հետ՝
- Անդամազննութիւն,
- հիւսուածաբանութիւն,
- ուռուցքաբանութիւն,
- մանրէաբանութիւն,
- մակաբուծաբանութիւն,
- վիրուսոլոգիա,
- Դարմանական Ախտագիտութիւն,
- Բուժում,
- անասնաբուժա–սանիտարական վարժութիւն,
- դեղագիտութիւն,
- թունագիտութիւն,
- վիրաբուժութիւն,
- ակուշերստուօ եւ կնաբանութիւն,
- անասուններու մաքրութիւն,
- անասնաբուժական մտայնութիւն,
- անասնաբուժական բարոյագիտութիւն,
- Ախտազերծութեան Երեւոյթի Ուսումնասիրութիւն,
- էպիզոտոլոկիա,
- բնախօսութիւն,
- կենսաարհեստագիտութիւն,
- կերակրումը անասնաբուժական կեդրոնի մէջ,
- կերակուրի արտադրութիւն,
- րենկենալոգիա,
- ռատիօկենսաբանութիւն,
- տաւարաբուծութիւն,
- ձիաբուծութիւն,
- ոչխարաբուծութիւն,
- խզաբուծութիւն,
- թափանաբանութիւն,
- Միզաբանութիւն։
Անասնաբուժական Դարմանատուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անասնաբուժական դարմանատուն– բուժա–պրոֆիլակտիկական կեդրոն հիւանդ կենդանիները բուժելու համար։ Կը տարբերին պետական եւ մասնավոր անասնաբուժական կեդրոններէն։
Տես Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Անասնաբուժ
- Ձիաբուժ
- Շուներու առողջութիւնը
- Անասնաբուժերու պաշտօնական օրը Ուքրանիոյ մէջ
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կարպով Վ․ Մ․, Անասնաբուժութիւնը ԽՍՀՄ–ի մէջ, 1954
- Կարպով Վ․ Մ․, Անասնաբուժական կրթութիւն ԽՍՀՄ–ի մէջ, 1949
- Կինզպուրկ Ա․ Գ․, Իւանով Ա․ Դ․ Անասնաբուժական ընկերութեան հիմնադիր, 1970
- Մինեյեւ Տ․ Ի․ Անասնաբուժութեան պատմութիւնը։
- Կրինցեր Ս․ Գ․ Ներկայ Ռուսաստանի անասնաբուժութեան մասին, 1914.
- Անասնաբուժական հանրագիտարան, т. 1, М., 1968.
- Hunter, Pamela (2004), Veterinary Medicine: A Guide to Historical Sources, Ashgate Publishing, Ltd. Pp. 611, ISBN 0754640531
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Տեղեկութիւններ
- Անասնաբուժական յօդուածներու հաւաքածոյ
- Անասնաբուժական գիրք Archived 2018-05-13 at the Wayback Machine.
- Անասանբուժական փորձաքննութիւն Archived 2020-07-11 at the Wayback Machine.
- Անասնաբուժական դեղամիջոցներ FDA (անգլերէն)
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ http://dic.academic.ru/dic.nsf/brokgauz_efron/21361/Ветеринария
- ↑ 2,0 2,1 http://veterinarua.ru/
- ↑ Татарский В. Г. Ветеринария // Энциклопедический словарь Брокгауза и Ефрона : в 86 т. (82 т. и 4 доп.). — СПб., 1890—1907.}}