Սարգիս Քէհեաեան
Սարգիս Քէհեաեան (անգլերէն՝ Sarkis Kehyayan) բժիշկ, բարոյագէտ-իմաստասէր (փիլիսոփայ)[1][2][3]։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դոկտ․ Սարգիս Քէհեաեան որդի Տէր Ատոմ աւագ քահանային եւ երէցկին Վարդուհիին, ծնած է Հալէպ։ Նախակրթական ու երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի հայկական վարժարաններուն մէջ։
Կ՚ապրի Գերմանիոյ մէջ, ուր տասնամեակներ շարունակ զբաղած է իր առաջին մասնագիտութեամբ՝ բժշկութեամբ։ 1991 թուականին, եղած է՝ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի հիմնադիր անդամներէն եւ աւելի քան երկու տասնամեակ, անընդմէջ վարած՝ Թեմական Խորհուրդի ատենապետութիւնը։
1998 Յունուարին, անձամբ, Գարեգին Ա. Սարգիսեան կաթողիկոսի կողմէ գնահատուած ու պարգեւատրուած է՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բժշկութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դոկտ․ Քէհեաեան ստանձնած է աւագ բժիշկի պատասխանատու պաշտօններ եւ եղած՝ բժշկական համալսարաններու դասախօս։
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութենէն անմիջապէս ետք, 90-ական թուականներէն սկսեալ, կապեր հաստատած է Երեւանի Պետական Մխիթար Հերացու անուան Բժշկական Համալսարանին հետ եւ հանդէս եկած զանազան դասախօսութիւններով։ 90-ական թուականներուն, թէ՛ Երեւանի եւ թէ Ստեփանակերտի կարգ մը հիւանդանոցներուն հետ աշխատակցելով, բժշկական օժանդակութիւններ բերած է։
Իմաստասիրութիւն (Փիլիսոփայութիւն)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բժշկութեան կողքին, բուռն հետաքրքրութեան պատճառով, հետեւած է փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ճիւղերուն, Գերմանիոյ Բերգեան համալսարանին մէջ։ 90-ական թուականներու վերջաւորութեան, կապ հաստատած է նաեւ՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) «Փիլիսոփայութեան եւ Հոգեբանութեան բաժանմունքին» հետ, ուր դասախօսութիւններով հանդէս եկած է։ Այնուհետեւ ԵՊՀ-ի մէջ քննարկուած ու տպագրութեան երաշխաւորութիւն ստացած է իր «Բարոյագիտութիւն – փիլիսոփայական ակնարկ» (Ethics – philosophical approach) երկի առաջին հրատարակութիւնը (2018 թ.)։ Այնուհետեւ գիրքը տպուած է Էջմիածնի մայրավանքի տպարանին մէջ, ունենալով Էջմիածնի հրատարակչական խորհուրդի երաշխաւորութիւնը եւս։
Փիլիսոփայական բարոյագիտութեան մասին, տարբեր դասախօսութիւններով հանդէս եկած է նաեւ՝ Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանին (աստուածաբանական համալսարան), Սեւանի Վազգէնեան Հոգեւոր Դպրանոցին, Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ։
Ստեղծագործութիւններ եւ Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բոլոր գիրքերը գրուած են արեւմտահայերէն լեզուով եւ դասական ուղղագրութեամբ։
- «Բարոյագիտութիւն – փիլիսոփայական ակնարկ», (անգլերէն՝ Ethics – philosophical approach), (Ապրիլ 2018 թ․), Էջմիածին, թղթակազմ, 384 էջ։
Երկի երկրորդ, վերստուգուած ու ընդարձակուած հրատարակութիւնը (Հոկտեմբեր 2021 թ.) (անգլերէն՝ Ethics – philosophical approach, 2. Edition) տպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանին մէջ (անգլերէն՝ The Armenian Catholicosate of Cilicia Printing House, Antelias), լաթակազմ, 632 էջ։[4]
- «Աստուածիմաստութիւն – փիլիսոփայական ակնարկ» (անգլերէն՝ Theosophia – philosophical approach), (Դեկտեմբեր 2024 թ.) երկի նոր հրատարակութիւնը, դարձեալ Անթիլիասի տպարանէն, լաթակազմ, 792 էջ։[5]
- «Փիլիսոփայական ակնարկ» ընդհանուր վերնագրի տակ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ ՀԱՍԿ ամսագրին մէջ, տակաւին լոյս կը տեսնեն իր շարք մը բարոյափիլիսոփայական ու աստուածաբանական կամ աստուածիմաստական յօդուածները։
- Աշխատակցած է նաեւ ծննդավայր Հալէպի «Գանձասար» պարբերաթերթին (ապա շաբաթաթերթ), Պէյրութի թէ՛ «Սփիւռք» գրական շաբաթաթերթին եւ թէ «Բժիշկ» բժշկաառողջապահական ամսագրին։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Բարոյագիտութիւն – փիլիսոփայական ակնարկ»: 632 էջ, լաթակազմ, 2021 թուական Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան
- Քէհեաեան, Սարգիս (2024). ԱՍՏՈՒԱԾԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ – փիլիսոփայական ակնարկ. Անթիլիաս. 2024։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ info@fractal.am Fractal Creative։ «Etchmiadzin Library»։ www.etchmiadzinlibrary.am (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-03-22
- ↑ Սարգիս Քէհեաեան. Պարտագիտական բարոյագիտութիւն (cultural.am): Արտագրուած է՝ 12/9/2023
- ↑ «Աստուածիմաստութիւն»։ www.digilib.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-09-21
- ↑ Քէհեաեան Սարգիս (2018)։ Բարոյագիտութիւն : Փիլիսոփայական ակնարկ = Ethics : philosophical approach /։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատ.,։ ISBN 978-9939-59-204-6
- ↑ «Յայտարարութիւններ (4 Յունուար 2025)»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2025-01-04։ արտագրուած է՝ 2025-01-11