Բամբիռ (նուագարան)
Բամբիռ | |
---|---|
Տեսակ | լարային-աղեղնավոր նվագարան |
Որակաւորում | խորդոֆոն? |
փանդիռ, ջութ |
Բամբիռ, հայկական ազգային լարային կսմիթաւոր նուագարան, եղեր է վիպասաններու գործիքը: Իր նախնական տեսքով չէ պահպանուած, վերականգնուած է միայն ըստ աղբիւրներուն պահպանուած նկարագրութիւններու ու տեղեկութիւններու: Սակայն ներկայիս բամբիռ կոչուող նուագարանները ո՛չ թէ կսմիթային են, այլ աղեղնաւոր:
Հին յիշատակութիւններ բամբիռի մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ միջնադարեան մանրանկարները մեզի պատկերացում կու տան, թէ ինչպիսի նուագարաններ գործածուեր են Հայաստանի մէջ հին ժամանակներէն վեր: Իսկ ատոնք կը փաստեն, որ Հայաստանի մէջ գործածուեր են բոլոր տեսակի նուագարանները. հարկանային կամ հարուածային, փողային, լարային, կսմիթային եւ աղեղնային՝ իրենց տարատեսակներով: Բայց ատոնցմէ ոչ մէկուն մէջ՝ թէ՛ գտածոներու, թէ՛ մանրանկարչութեան մէջ, պատմութեան խորքերէն եկող բամբիռի ոչ մէկ պատկեր չէ հանդիպեր: Նուագարանի մասին առաջին տեղեկութիւններն ի յայտ եկած են միայն 9-րդ դարու աղբիւրներուն մէջ։
Այս նուագարանի մասին փաստագրական տեղեկութիւնները շատ քիչ են: Մինչեւ այժմ ստոյգ կերպով բնութագրուած չեն աւանդական բամբիռի արտաքին տեսքը եւ կիրառման եղանակը: Յստակօրէն յայտնի չէ լարերու քանակը, տեղեկութիւններ չունինք լարուածքի, հնչողութեան եւ ընդգրկած ձայնածաւալի մասին: Ամէնահին այս նուագարանի մասին մօտաւոր պատկերացումներ տուած են հայ պատմիչներու ու վիպասաններու կցկտուր տեղեկութիւնները եւ վերջին ժամանակներու մասնագէտներու կատարած ուսումնասիրութիւնները: Ըստ երաժշտագէտ Նիկողոս Թահմիզեանի՝ այդ «լարաւոր-կսմիթահար նուագարանը տարածուած նուագարան եղած է հին եւ միջնադարեան Հայաստանի մէջ»:
Բամբիռի գործածութիւնը հին եւ վաղմիջնադարեան Հայաստանի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վիպասաններն ու գուսանները հին Հայաստանի մէջ շրջեր են գաւառէ գաւառ եւ կատարեր՝ վիպական երաժշտական ստեղծագործութիւններ, եւ քանի որ ատոնց արուեստին մէջ կարեւոր դեր ունեցեր է երգը եւ խօսքը, ուստի անոնց անհրաժեշտ էին այնպիսի նուագարաններ, որոնցմով միաժամանակ կը կարողանային նուագակցիլ իրենց երգին ու արտասանութեան: Պարզ է, որ փողային նուագարանները կը բացառուէին, քանի որ ատոնք թոյլ չէին տար երգել եւ նուագել միաժամանակ: Այս պատճառով անոնք նախընտրած են լարային աղեղնաւոր ու կսմիթային նուագարանները: Ատոնցմէ մէկն ալ այդ բամբիռն էր։ Պատմահայր Մովսէս Խորենացին իր Հայոց պատմության մէջ կը հաղորդէ, որ Վահագնի ծնունդի, Արտաշէսի ու Սաթենիկի, Արտաւազդի մասին երգերն ինքը լսեր է Գողթան երգիչներէն, որոնք իրենց երգին կը նուագակցէին բամբիռներով: Պատմական աղբիւրներու մէջ, թէկուզ եւ կցկտուր, բայց բազմաթիւ յիշատակութիւնները բամբիռի եւ փանդիռի մասին վկայած են, որ միեւնոյն ընտանիքի այս նուագարանները լայնօրէն տարածուած եղած են Հայաստանի մէջ եւ կարեւոր դեր խաղցեր են երկրի մշակութային կեանքին մէջ։ Օրինակ Փաւստոս Բիւզանդը կը հաղորդէ, որ սգոյ արարողութիւններու ժամանակ հանգուցեալի հարազատները եւ ներկայ ողբասացները ողբերգներ կ'երգէին, իսկ անոնց կը նուագակցէին փողերով (փողային նուագարաններով), փանդիռներով եւ վիներով: Իսկ Գրիգոր Մագիստրոսը կը գրէ, որ տօնակատարութիւններու ժամանակ մարզական խաղերու ընթացքին հայ երիտասարդները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի ուժը, մտքի ու հոգիի կարողութիւնները, բանաստեղծները կը մրցէին՝ արտասանելով իրենց յօրինած ստեղծագործութիւնները, իսկ երաժիշտները բամբիռ կը նուագէին: 10-12-րդ դարերուն բամբիռ տեսած եւ ատոր նուագը լսած են Յովհաննէս Դրասխանակերտցի կաթողիկոսը եւ Գրիգոր Մագիստրոսը: Այս մասին կը տեղեկացնէ աշուղագէտ Գարեգին Լեւոնեանը՝ իր «Հայ աշուղներ» գիրքին մէջ։ Ցաւօք, գիտնականը չի նշեր այն աղբիւրները, որոնցմէ նուագարանագիտական արժէքաւոր նիւթեր քաղեր է: Յովհաննէս Դրասխանակերտցին կը նշէ, որ բամբիռը աղեբախ գործիք է: Հետեւաբար կարելի է կարծել, որ այն հաւանաբար եղեր է պարանոցէն կախելու պարզ նուագարան, որու լարերուն հարուածեր է գողթան երգիչը: Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ կը պահպանուի 14-րդ դարու ձեռագիր մատեան մը, որու էջերուն կայ այսպիսի նկարագիր. «Եթէ փանդիռի լարերը քաշուած չեն՝ ձայն չի հաներ: Իսկ եթէ քաշուած են եւ բախում կայ, այն կը հնչէ»: Ըստ այս նկարագրութեան՝ ակներեւ է, որ խօսքը լարային-կսմիթային նուագարանի մասին է: «բախել» բառը ենթադրութիւն կու տայ, որ գուցէ սանթուրի հետ որոշ ընդհանրութիւններ ունեցեր է:
Բամբիռի կառուցուածքը եւ հնչողութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկար ժամանակ ազգագրագէտներու ու երաժշտագէտներու շրջանակին մէջ կը տիրապետէր այն կարծիքը, թէ բամբիռը ծնծղայ կամ ցնցղայ է, այսինքն՝ միմեանց խփելու ափսէաձեւ գործիք: Սակայն հայագէտ Մկրտիչ Էմինն իր «Վէպք հնոյն Հայաստանի» գիրքին մէջ կը պարզաբանէ, որ «թէեւ ճշգրիտ ցուցադրել այս նուագարանը դիւրին չէ, կարող ենք համարձակ միայն ըսել, որ բամբիռը ծնծղայ չէ, այլ աղելար նուագարան»: Ծնծղայի եւ բամբիռի` տարբեր նուագարաններ ըլլալու օգտին կը խօսի նաեւ Ղեւոնդ Ալիշանի մօտ հանդիպող այն տողը, ուր այս երկուքը կը յիշատակուին կողք-կողքի՝ որպէս տարբեր նուագարաններ: Անհիմն է նաեւ այն տեսակէտը, թէ բամբիռը ջութակներու ընտանիքին պատկանող գործիք է, քանզի գիտականօրէն ապացուցուած է, որ այդ դասակարգի նուագարաններէն ամէնահինը 9-րդ դարու ծնունդ է: Բամբիռի կառուցուածքին մասին պահպանուեր են խիստ կցկտուր տեղեկութիւններ: Յայտնի է, որ այն լարային նուագարան է, որու լարերը պատրաստուեր են որեւէ կենդանիի աղիքէն: Այդ կը փաստէ միջնադարեան ձեռագիրներուն պահպանուած այն տեղեկութիւնը, որ բամբիռը աղելարային նուագարան է: Երաժիշտ-նուագարանագործ Մարթին Երիցեանի կարծիքով, բամբիռը եղած է եւրոպական թաւ ջութակի նախատեսակը, քանի որ անունն ալ այդ տեսակէտի օգտին կը խօսի. այդ երկու նուագարաններն ալ ունին թաւ, բամբ հնչողութիւն: Բայց, ի տարբերութիւն թաւ ջութակի, բամբիռը նուագեր են առանց աղեղի:
Բամբիռը՝ 20-րդ դարուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարպետներու տարբեր սերունդներ փորձեր են վերականգնել բամբիռ նուագարանը: Արեւելեան երաժշտութեան տեսաբան, երաժիշտ Վարդան Բունին նոյնիսկ ստեղծեր է ժամանակակից աղեղնաւոր նուագարան մը, որ նոյնութեամբ չէ պահպանուած մինչեւ մեր օրերը: 1950-ական թուականներու կէսերուն ան կ'առաջարկէ քամանչահար, մանկավարժ Մարթին Խաչատրեանին ստեղծել քառեակ՝ ազգային նուագարաններով, որոնց կազմին մէջ պետք է ըլլային նաեւ իր պատրաստած նուագարանները: Ատոնք իրենց արտաքին տեսքով նման էին քամանչային, բայց ունէին աւելի թաւ ձայնային թեմպր: Այդ նուագարաններն իրենց հնչողութեամբ կը բաւարարէին քառեակի համար անհրաժեշտ պահանջները: Կը ստեղծուի այդ քառեակը, որ, սակայն, կը գործէ միայն երկու-երեք տարի քանի մը համերգներ տալով: Վարդան Բունիի ստեղծած նուագարանները դեռ չէին կոչուիր բամբիռ, եւ Խաչատուր Աւետիսեանի ցանկութեամբ ու Մարթին Խաչատրեանի յօժարութեամբ, վերցնելով Խորենացիի յիշատակած «բամբիռներ եւ փանդիռներ» անունները, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով այս նուագարաններու թաւ հնչողութիւնը, ատոնք կ'անուանուին բամբիռ՝ իբրեւ նուագարանի ազգային անուանում: «Բամբ» բառը հայերէնի մէջ կը նշանակէ պաս, թաւ հնչողութիւն: Ատոնցմէ ետք շուտով նորօրեայ բամբիռներ ընդգրկուեցան պետական նուագախումբերու կազմ եւ մինչեւ այսօր կը գործածուին որպէս նուագախմբային ու մենանուագային գործիք:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց:
- Փաւստոս Բուզանդ, Պատմութիւն Հայոց:
- Մկրտիչ Էմին, Վէպք հնոյն Հայաստանի:
- Ղեւոնդ Ալիշան, Նուագք, վենետիկ, 1857 թ:
- Ռիտա Շառոյեան, Հնագոյն նուագարաններ. Բամբիռ (վաւերագրական ֆիլմ), 2013 թ.: