Jump to content

Յարութիւն Մրմրեան


Ծնած է 1860
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս
Մահացած է 21 Յուլիս 1926
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա[1]
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Գրող եւ պատմաբան

Յարութիւն Մրմրեան (1860, Կոստանդնուպոլիս - 21 Յուլիս 1926, Կոստանդնուպոլիս), ծնած է Սկիւտար: Նախակրթութիւնը կը ստանայ թաղի վարժարանին մէջ՝ ուր ուոսուցիչ կ'ունենայ «Պուէտ» խաչատուր Միսաքեանը։ Կեանքի ասպարէզ կը մտնէ իբրեւ առեւտրական, սակայն գրականութիւնը զինք կ'առնէ իր հմայքին տակ։ Կը վերադառնայ գիրքերուն։ Ինքնաշխատութեամբ կը սորվի անգլերէն եւ ֆրանսերէն։ Հմուտ գրաբարագէտ մը ըլլալով հանդերձ, կը յարի աշխարհաբարեաններուն, թէեւ իր գրականութեան մէջ գրաբարը յաճախ կը զգացնէ իր շեշտուած ներկայութիւնը։ Կ'ուղեւորի Անգլիա, Աղեքսանդրիա, Երուսաղեմ եւ Յոպպէ:

Հետեւեալ հիմնական գիծերով կարելի է բնորոշել Մրմերեանի գործերուն նկարագիրը.

Ուղեւորութիւններէ թելադրուած էջեր՝ որոնց մէջ է որ կ'երեւի գրագէտը։ Լեզուական խոցեր ունի, սակայն իր խորհրդածութիւններուն մէջ գիտէ մտածումէն երթալ զգացումին եւ՝ փոխադարձաբար։ Որեւէ վայր, հնութիւն, պատկեր, բնութեան խաղ կամ պատահական անցքեր ու անձեր՝ զինք կը մղեն նկարագրական, մտածական, զգացական յածումներու։ Կը դանդաղի անունի մը քով, դէմքի մը կամ վայրի մը մօտիկ, բնութեան տարրերու քովն ի վեր, ու կը փորձէ վերլուծական ճամբով ներկայացնել բնազանցական մտասեւեռումներ՝ որոնք արտաքին իրականութիւններէ թելադրուած են ու իր միտքը կը գրաւեն։ Իմաստասիրելու ախորժ մը, որ ցայտում է կրօնաշունչ կամ ոգեպաշտական խոկումներու մէջ, եւ որոնք իսկական տրամադրութիւնները կը յայտկանշեն։ Հոգեւորի տարօրինակութիւններ ունի։ Իր նախապաշարումներով՝ որ կը բաժնուի բնականոն մարդոց տիպարէն։ Աղօթքի եւ վերացած մարդերու յատուկ այլուրութիւն մը կայ իր էջերուն մէջ կարծես հողի վրայ չ'ապրիր։ Իմաստասիրական այս կարգի մտասուզումներ կը գտնենք «Ալելուիա-Իննեակ իմաստասիրական» գործին մէջ, ուր կը դանդաղի բնազանցական նիւթերուն վրայ, Անհունը, Բովանդակը, Աստուած, Հանքար, Գեղեցիկը, Սէրը, Մահը, Աստուած, Հաստատութիւնը։ Կը տեսնէք, որ բոլորն ալ մեր աշխարհէն դուրս ու հեռու հարցականներ եւ յաւիտենական անծանօթներ են, իրենց խորհուրդով եւ մշուշով ծանր, անմարսելի, գրականէն անդին տարողութեամբ մը։ Այս գործի երկրորդ տպագրութեան մէջ՝ աւելցուցած է տասներորդ նիւթ մը։

Հոգեկանութիւն եւ նիւթականութիւն՝ «իննեակ իմաստասիրական»ն ալ վերածելով «տասնեակ իմաստասիրական»ի։

Ըսենք, որ այսօր ճամաղ կը թուին մեգի խորհրդածական այդ էջերը, իրենց լեզուով ալ ծանրագնաց, գէշ բացատրուած եւ շփոթ։

Թարգմանական բազմաթիւ գործեր եւ էջեր ունի, ընդհանրապէս գրաբար կամ գրաբարախառն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
  1. Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 8 — հատոր 8. — է. 67.