Jump to content

Աւելուկ

Աւելուկ

Աւելուկ, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ բոյս մը։ Կը պատկանի ցորենազգիներու ընտանիքին։

Կ'աճի խոնաւ վայրերու մէջ, գետերու եւ լիճերու մօտակայքը, ճամբաներու եզրերուն։ Տարածուած է երկրագունդի բարեխառն գօտիներուն մէջ` իբրեւ մոլախոտ։

Աւելուկին տերեւները թեթեւ թթու համ ունին:

Բազմաթիւ միջատներ եւ անասուններ զայն կ'օգտագործեն իբրեւ սնունդ։

Աւելուկները կրնան ըլլալ՝

  • Վայրի՝ կը գտնուին բնական ընդարձակ դաշտերու եւ անտառներու եզերքին։ Համասեռ չեն եւ աւելի ուժգին համ ունին։
  • Տնային կամ մշակովի աւելուկները, զորս մարդիկ կը մշակեն պարտէզներու մէջ։ Տերեւները աւելի լայն են, իսկ համը՝ աւելի մեղմ։

Ցողունը ուղիղ է, ճիւղաւորուող, մերկ, կոպիտ, բարձրութիւնը՝ մինչեւ 120 ս․մ․։ Ցողունները հասուննալէ ետք, յաճախ ձողանման կը դառնան, տերեւները ամբողջական են։

Աւելուկին տերեւները մեծ են, բլթակաձեւ, գծաձեւ կամ տիգաձեւ, մագլցող երակներով, իսկ դեռատի տերեւները աւելի փայլուն ու մեղմ կանաչ են։

Ծաղիկները երկսեռ են, աւելի սակաւ՝ միասեռ։ Պտուղը պատուած է ծաղկապատի ներքին երեք մեծցած թերթերով։ Ծաղիկները՝ մանր, երկսեռ, հազուադէպ՝ միասեռ։

Կը ծաղկի Մայիս եւ Յուլիս ամիսներուն։

Պտուղը եռակողմեայ սերմիկ է։

Ծաղիկները շատ մանր են, կանաչ կամ կարմրաւուն երանգով։ Քամին կը տարտղնէ անոնց սերմերը։

Աւելուկը ունի խորացող եւ ճիւղաւոր արմատներ, որոնց շնորհիւ՝

  • յարատեւ կը մնայ նոյն վայրին մէջ,
  • կը դիմանայ երաշտին,
  • եւ կը սնանի հողի խոր շերտերէն[1]:

Աւելուկը բնութեան մէջ կը համարուի օգտակար բոյս, որովհետեւ իր արմատային համակարգով կը զօրացնէ հողը եւ կը կանխէ հողին քայքայումը։

Աւելուկը Հայաստանի մէջ շատ տարածուած խոտաբոյս է: Անիկա կ'աճի մարգագետիններու, թփուտներու, խոնաւ վայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ` անտառեզրերուն, լեռնալանջերուն եւ գետափներուն:

Աւելուկի աւելի քան 12 տեսակ կայ Հայաստանի մէջ: Տարբեր բարբառներու մէջ անիկա կը կոչուի վիլուկ (Տաւուշ), աւելուկ (Լոռի), մջուկ (Արցախ) աւլուկ, մզուկ, սիլխ եւ այլն: Ըստ աճած վայրին, աւելուկը կրնայ ըլլալ թեթեւակի դառն (դաշտավայր), քաղցր կամ թթուաշ (բարձրադիրք գօտիներ):

Աւելուկի բերքահաւաքը սովորաբար կը սկսի գարնան: Դարաւոր աւանդութեան համապատասխան տերեւները կը հիւսուին երկար, նրբագեղ հիւսքերով, որոնք երբեմն կը հասնին զանոնք պատրաստող կնոջ հասակին քառապատիկ երկայնքին: Հիւսքերը կ'օգտագործուին թարմ վիճակով, կամ ալ կը չորցուին արեւի ճառագայթներէն հեռու`զով եւ շուք վայրերու մէջ:

Աւելուկը այն բոյսերէն է, որուն աճը կը վերսկսի շատ վաղ՝ նոյնիսկ երբ զօրաւոր ձմեռէն ետք հողը տակաւին կիսասառած է։

Եթէ աւելուկը (թրթնջուկը) ցանուի վաղ գարնան, ապա ամրան ընթացքին կարելի է երկու անգամ բերք հաւաքել, իսկ յաջորդ տարին`երեք անգամ։

Աւելուկը՝ ժողովրդական բժշկութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հանքայիններով, կենսանիւթերով, թթուներով եւ ներկանիւթով հարուստ է աւելուկը: Ժողովրդական բժշկութեան մէջ ամէնէն տարածուած դեղաբոյսերէն է. բուժիչ նպատակներով կ'օգտագործուին անոր արմատը, տերեւներն ու սերմերը:

Փորի ցաւ, միզակապութիւն, թոքախտ, հազ, մորթային բորբոքումներ եւ ստամոքսի խնդիրներ հինէն ի վեր եւ մինչեւ օրս մասամբ կը դարմանուին այս դեղաբոյսով:

Աւելուկի մէկ տեսակը, որ թթու համ ունի, կը կոչուի թրթնջուկ. խաշած թրթնջուկի տերեւներով կը դարմանեն բորբոքած լինտերը:

Բուժիչ նպատակներով կ'օգտագործուին գանգրաւոր աւելուկին (թրթնջուկին) արմատները եւ կոճղարմատը, որ «Ք» կենսանիւթ կը պարունակէ, իւղեր, խեժեր, երկաթ, թթուներ եւ բոյսին յատուկ այլ նիւթեր։

ժողովրդական բժիշկները զայն կը քսէին թեթեւ այրուածքներու վրայ:

Արմատները կը կիրարկուին աղիքային բորբոքումներու պարագային[2]։

Հին հռոմէացիները զայն կը գործածէին մարսողութիւնը կարգաւորելու համար։

Միջնադարու մեծագոյն բժշկագէտ Ամիրտովլաթ Ամասիացին աւելուկի արմատի կեղեւի ծեծուկով եւ քացախով բուժած է քորը, քոսը, գորտնուկները։

Ալիշան կը նշէ, որ ջրային աւելուկը կ'օգնէ փորկապութեանը, իսկ ծեծած հունտը գինիին հետ խառնելով կ'ազդէ հոգեվիճակին վրայ` «զսիրտն ուրախ առնէ»։ Ծեծած հում սերմը կը խառնեն գինիի հետ եւ կը խմեն ստամոքսի եւ որովայնի ցաւերու բուժման[3]:

Հայ ժողովրդական բժիշկները վաղնջական ժամանակներէն աւելուկի արմատի հիւթով բուժած են աղեստամոքսային համակարգի բորբոքումները։

Աւելուկի արմատի փոքր քանակները կը բուժեն փորլուծը՝ ունին կապող յատկութիւն։

Միջնադարուն աւելուկը եղած է ուխտագնացներու եւ ճամբորդներու հիմնական կանաչեղէնը, որովհետեւ դիւրութեամբ կը գտնուէր եւ կը նպաստէր ուժը վերականգնելուն։

Պուլկարական բժկութեան մէջ, աւելուկը օգտագործած են լեարդի եւ լեղուցքի գործունէութեան խանգարման եւ մաշկային բուժման համար[4]։

Ռուսական բժշկութեան մէջ աւելուկը օգտագործած են հաստ եւ բարակ աղիքներու լորձաթաղանթներու բորբոքումներու, առաջին եւ երկրորդ աստիճանի զարկերակային արեան ճնշման բարձրացման բուժման նպատակով։

Հայկական բժշկութեան մէջ աւելուկը օգտագործած են մելամաղձոտութեան, սիրտի տրոփիւնի, վարակիչ հիւանդութիւններու, աղեստամոքսային ուղիին խանգարումներու, ստամոքսի գերթթուածութեան, մակերիկամներու հիւանդութիւններու, վիզի ուռուցքներու, ականջաբլթակի խոցի, արիւնախխման բուժման նպատակով:

Եթէ մէկը միզաքար ունի, կամ ոսկրածուծի հարցեր, պէտք է քիչ գործածէ աւելուկը։

Բազմաթիւ ժողովուրդներ կը կարծէին, որ աւելուկը «գարնան ուժը» կը բերէ մարմինին, որովհետեւ ձմրան եղանակին թուլութիւնը կը նուազեցնէր։

  • Բոյսին արմատները կ'օգտագործուին կաշեգործութեան մէջ՝ իբրեւ սեւ ներկանիւթ։
  • Անցեալին, մարդիկ աւելուկի արմատները գործածած են նաեւ դեղին կամ սրճագոյն ներկեր պատրաստելու համար։
  • Արմատներէն կարմիր ներկ կը ստացուի, իսկ տերեւներով կարելի է մաքրել պղնձեայ իրերը, հիւթով`մելանի բիծերը:

Աւելուկը շուներու պարագային

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւելուկը անվտանգ է շուներուն. փոքր քանակութեամբ աւելուկը կրնայ օգտակար ըլլալ անոնց սննդականոնին։ Անիկա կը պարունակէ կենսանիւթեր, որոնք կրնան աջակցիլ շան ընդհանուր առողջութեան։ Սակայն կարեւոր է պատրաստել աւելուկը առանց աղի, համեմունքներու եւ իւղի, որպէսզի անասունը չվնասուի։

Աւելուկը` հայ բանահիւսութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գարնան եւ նորացման խորհրդանիշ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւելուկը ձմեռէն ետք աճող առաջին վայրի խոտաբոյսերէն է եւ գարնան աւանդական նախանշան: Հայկական գիւղերուն մէջ կիներու կողմէ աւելուկ հիւսելը համայնքային ծէս կը համարուէր, որ կը նշանակէր երկիրի վերականգնում եւ գիւղատնտեսական նոր շրջանի սկիզբ[5]:

Աւելուկ հիւսելու ընթացքին երգելը սովորութիւն էր, եւ տարեց կիները յաճախ երիտասարդ աղջիկներուն երգեր կը սորվեցնէին ու հեքիաթներ կը պատմէին:

Տարեցներուն կողմէ օրհնուած
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւելուկ հիւսելը նաեւ հոգեւոր իմաստ ունէր: Ժողովրդական աւանդութիւններ կը պատմեն կիներու մասին, որոնք աւելուկ կը հիւսէին`առողջութեան, բերիիութեան եւ տան պաշտպանութեան համար աղօթքներ շշնջալով:

Աւելուկը` իբրեւ հարսնցուի նուէր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ կարգ մը աւանդութիւններու, մայրերը իրենց դուստրերուն հիւսուած աւելուկ կու տային, երբ անոնք ամուսնանային կա՛մ պապենական տունը յիշեցնելու, կա՛մ ալ դժուարութիւններու ժամանակ զանոնք պահպանելու համար:

Այսպիսով, չոր աւելուկը դարձած է ոչ միայն սնունդ, այլեւ` տերեւներու մէջ պահպանուած յիշողութիւն:

Աւելուկը` հայկական դիցաբանութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախաքրիստոնէական հայկական դիցաբանութեան մէջ կը հաւատային, որ Անահիտ աստուածուհին կ'օրհնէր լեռները` կենսատու խոտաբոյսերով: Աւելուկի նման խոտաբոյսերը կը համարուէին Անահիտէն նուէրներ, յատկապէս`դժուարմատչելի  վայրերու մէջ աճողները:

Այս խոտաբոյսերը հաւաքող կիները երբեմն կ'աղօթէին կամ ջուր կը ցօղէին հողին`աստուածուհին պատուելու համար:

Կարգ մը բանաւոր աւանդութիւններ աւելուկը կը կապէին սիրոյ եւ բնութեան աստուածուհի Աստղիկին հետ, որ ձիւնահալէն ետք լեռները կը ծաղկեցնէր բուժիչ կանաչեղէններով, իսկ աւելուկը ամէնէն սիրուածներէն մէկն էր:

Աւելուկի փառատօն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի մէջ կազմակերպուած փառատօններու շարքին՝ 29 Յունիս 2019-ին, Վարդենիկ գիւղին մէջ (Գեղարքունքի մարզ), կայացած է «Աւելուկի փառատօն»: Ներկաներուն մասնակցութեամբ հիւսուած է աշխարհի ամէնէն երկար աւելուկի շարանը, գրանցելով աշխարհի ամէնէն երկար աւելուկի հիւսքը «Դիւցազնագիրք» մրցանիշներու գիրքին մէջ[6]:

Աւելուկը զանազան խոհանոցներու մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւելուկը համաշխարհային խոհանոցին մէջ իր տեղը ունի: Ճաշերու պատրաստութեան մէջ կ'օգտագործուին աւելուկի թարմ կամ չոր տերեւները` պատրաստելու համար համեղ եւ սննդարար կերակրատեսակներ, ապուրներ եւ աղցաններ:

  • Իրանի եւ Իրաքի մէջ՝ ապուրներու եւ խորովածներու պատրաստութեան։
  • Հայերը՝ Մեծ պահքի շրջանին, աւելուկով պատրաստուած ուտեստներ կը պատրաստեն։ Հայկական աւանդական խոհանոցին մէջ աւելուկը կեդրոնական դեր կը խաղայ ապուրներու եւ աղցաններու պատրաստութեան մէջ:
Աւելուկով աղցանի բաղադրատոմս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բաղադրիչներ՝

Պատրաստութիւն՝

Սոխը մանրել եւ տաք ձէթին մէջ տապկել՝ մինչեւ թափանցիկ դառնայ, աւելցնել մանրուած աւելուկը: Ճզմուած սխտորը եւ աղել: Երբ աւելուկը փափկանայ եւ եփի, խառնուրդը պարպել ամանի մը մէջ, աւելցնել կիտրոնի հիւթը եւ մանրուած ընկոյզը: Երեսը զարդարել նռան հատիկներով:

Աւելուկով ապուրի բաղադրատոմս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բաղադրիչներ՝

  • 200 կր. չոր աւելուկ,
  • 0.5 գաւաթ խաշած հատիկ լուբիա (կամ ոսպ),
  • 0.5 գաւաթ մեծ ձաւար,
  • 2 սոխ,
  • 2 ապուրի դգալ իւղ կամ ձէթ,
  • 15 հատ սալորաչիր,
  • 3 պճեղ սխտոր,
  • կարմիր եւ սեւ պղպեղ,
  • աղ:

Պատրաստութիւն՝

Աւելուկը մանրել, տաք ջուրով լուալ, խաշել առատ ջուրով: Աւելցնել խաշած լուբիան (կամ ոսպը), ձաւարը, սոխառածն ու սալորաչիրը. համեմել եւ շարունակել եփել. կրակը մարելէն անմիջապէս ետք ճզմել սխտորը[7]:

Ըստ ցանկութեան, նոյն ապուրին մէջ երբեմն նաեւ խաշած ոսպ կը դրուի:

  • Լաւագոյն ժամանակը գարունն է, երբ տերեւները փափուկ են։
  • Պէտք է ընտրել մաքուր վայրեր՝ քաղաքներու եզերքէն հեռու, քանի որ աւելուկը հեշտօրէն կը կլանէ հողին աղտոտութիւնը։

Պահպանումը՝

  • Կարելի է թարմ պահել սառնարանին մէջ 2-3 օր։
  • Երկար ատեն պահելու համար, կարելի է կտրատել եւ սառեցնել։
  • Կարելի է չորցնել արեւուն տակ՝ բարակ շերտերով։
  • Կը պահեն աղով շերտաւորած, ինչ որ կը պահպանէ իր թթուն եւ հոտը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ուտելի բոյսեր
  2. Բուժիչ յատկութիւններ
  3. Ծեծած հում սերմը կը խառնեն գինիի հետ
  4. Բուժիչ նպատակներ
  5. Աւելուկը Գարնան եւ նորացման խորհրդանիշ
  6. «Աւելուկ»։ aztag31.rssing.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-03 
  7. Աւելուկով ապուր
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։