Արշակ Գառնի
Արշակ Գառնի | |
---|---|
Ծնած է | 21 Նոյեմբեր 1931[1] |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Մահացած է | 14 Ապրիլ 2014[1] (82 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Փարիզ |
Քաղաքացիութիւն |
Լիբանան Ֆրանսա |
Ուսումնավայր | Աքատեմի տը լա Կրանտ Շոմիէր |
Մասնագիտութիւն | գեղանկարիչ |
Արշակ Գառնի (Գառնիկեան, 21 Նոյեմբեր 1931[1], Պէյրութ, Լիբանան - 14 Ապրիլ 2014[1], Փարիզ), ֆրանսահայ գեղանկարիչ։
Կեանք եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Պէյրութ։ 12 տարեկանին գծագրութեան արուեստի հանդէպ իւրայատուկ սէր ու կարողութիւն ցուցաբերած է։ 17 տարեկանը բոլորած ուսումը դադրեցնելով՝ ընտանիքին ապրուստի պահանջները գոհացնելու նպատակով, նետուած է ծանուցումներու գծագրութեան ասպարէզին մէջ։
Յիսունական թուականներուն Պէյրութի բեմական յարդարանքներու բաժինը յաճախ յանձնուած է Արշակին, ինչպէս՝ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»ու ներկայացումը (Ժորժ Սարգիսեանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ)։ Նոյն ժամանակաշրջանին իրագործած է շարք մը նկարչական գործեր, իւղանկարներ։
Արուեստի շրջանակի պակասը զգալով 1960-ին անցած է Ֆրանսա ու հաստատուած՝ Փարիզ։ Աշխոյժ մթնոլորտի մէջ գտնուելով հակած է այժմէական արուեստի հոսանքներէն՝ վերացական շարժումին։ Այդ եղած է իր նկարչական արուեստի արտայայտչական ուղին, ուր իր ինքնութիւնը կազմաւորուած ու ամրապնդուած է նկարչական արուեստին եւ ազգային գործունէութիւններուն իրականցման մէջ։
1964-ին ամուսնացած է եւ ընտանիք կազմելով ունենցած է մանչ զաւակ մը։
Իր արուեստին զուգահեռ բարեսէր քանի մը բարեկամներու հետ Փարիզի մէջ հայկական անկախ կեդրոնի մը հիմնադրութեան գաղափարաբանը հանդիսացած է։ Դարձած է ծրագիրին՝ նոր մշակութային կեդրոնի մը հիմնադրութեան ճարտարապետը։
Խումբ մը ընկերներով, 1967-ին, հիմնած է «Եան՚ց»ը (Yan’s club)։ Այնուհետեւ լծուած է բազմաթիւ ծրագիրներու իրագործման աշխատանքին՝ հողը պատրաստելով հայկական հասկացողութեամբ ազգագրական եւ մշակութային հիմնարկի մը ստեղծումին։
Երկու տասնեակ տարիներու գործունէութենէ ետք հեռացած է «Եան՚ց» հիմնարկի վարչութենէն ու նուիրուած է միա՛յն նկարչութեան։ Ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Հայաստան։
Մտաւորական-արուեստագէտը եղած է փարիզահայ մշակութային եւ գեղարւեստական կեանքի գործօն անդամներէն: Մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու:
Եղած է Վահէ Օշականի գիրքերը նկարազարդողն ու ձեւաւորողը[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 http://am.hayazg.info/index.php?curid=5109
- ↑ «Հանրածանօթ Ֆրանսահայ Նկարիչ Արշակ Գառնի Ոչ Եւս Է»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2014-05-16։ արտագրուած է՝ 2023-06-14