Jump to content

Արշակ Գալէմքեարեան

Գալէմքեարեան Արշակ (ծն.՝ 1896, Արաբկիր), ճարտարապետ:

Ծնած է Արաբկիր 1896, մանուկ հասակին ծնողքին հետ Հալէպ գաղթած, ուր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ազգ. Վարժարանի մէջ, ուսկից շրջանաւարտ ըլլալով 1909-ին՝ կը մտնէ տեղւոյն թուրք Սուլթանիէ լիսէն, որը եւս աւարտելէ ետք 1914-ին Պոլիս կը մեկնի համալսարան մտնելու համար:

Պոլիս, պետ. Երկրաչափական վարժարանը մտած է նոյն տարին, եւ տարի մը ուսանելէ վերջ թուրք բանակին մէջ ծառայած իբրեւեւ պապեստի սպայ: Անգարա Էրզրում գծին վրայ իբրեւեւ երկրաչափ պաշտօնավարած է 1915-1918 մինչեւ զինադադար՝ տեղակալի աստիճանով:

Զինադադարէն վերջ Պոլիս վերադարձած է շարունակելու համար ուսումը նախկին վարժարանին մէջ, զոր վերջացնելէ ետք կը մտնէ Ռոպէրթ գոլէճի երկրաչափական ճիւղը պեթոն արմէի մասնագիտութեան համար, ուսկից շրջանաւարտ ըլլալով 1924-ին Քաղաքային ճարտարագէտի աստիճանով Հալէպ կը մեկնի եւ իբրեւեւ ճարտարապետական բաժնին պետ՝ կը պաշտօնավարէ քաղաքապետութեան մէջ մինչեւ 1932 եւ անկէ ետք իր անձնական պիւրօն կը բանայ:

Մասնակցած է Հալէպի Ազգային վարչութեան իբրեւեւ Քաղաքական Ժողովի անդամ եւ Տնտեսական Խորհրդոյ ատենապետ: 1934-ին Եւրոպա մեկնած է գիտական եւ ճարտարապետական ուսումնասիրութեան համար, այցելելով Հռոմ, Վենետիկ , Լոզան, Ժընեւ, Փարիզ եւ Լոնտոն:

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 438: