Jump to content

Արմենակ Աֆթանդիլեան

Արմենակ Աֆթանդիլեան
Ծնած է 27 Սեպտեմբեր 1886(1886-09-27)
Ծննդավայր Թաւրիզ, Իրան
Մահացած է անհայտ
Ուսումնավայր Հայկազեան-Թամարեան Ազգային Դպրոց
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Արմենակ Աֆթանդիլեան, բժիշկ, ծնած է Թաւրիզի մէջ 27 Սեպտեմբեր 1886-ին: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Թամարեան դպրոցին մէջ, իսկ 1903-ին Մոսկուա կ’անցնի բարձրագոյն ուսմանց հետեւելու համար, ուր ծագած յեղափոխութեան պատճառաւ կը ստիպուի հայրենիք վերադառնալ: Բագու հասնելով՝ հոն իր եղբայրները կը գտնէ 1905-ին, հոն կը մնայ ատեն մը, հայ-թաթարական կռիւներուն պատճառաւ չկարենալով քաղաքէն դուրս ելլել: Ի վերջոյ հայրենիք դառնալէ ետք՝ Ժընեւի բժշկական համալսարանը կը մտնէ եւ 1912-ին Տոքթորի վկայականը ստանալով՝ 1913-ին Ռուսաստան կ’անցնի եւ յետոյ Թաւրիզ, ուր բժշկութեանբ կը պարապի: Համաշխարհային պատերազմի ատեն Թիֆլիս կ’անցնի ու Բարեգործականի կողմէ պաշտօնի կը հրաւիրուի: Յետոյ Նախիջեւան կը փոխադրուի եւ Ռուսական յեղափոխութենէն վերջ՝ շրջանային կառավարիչ կ’ընտրուի, շարունակելով իր արուեստը: 1917-ին Կաղզվան կ’անցնի, հոն հիւանդանոցին մէջ պաշտօն կ’ընդնուի եւ ժողովուրդին կողմէ Զինուորական Խորհուրդի նախագահ կը նշանակուի: 1918էն մինչեւ 1921 Հայաստանի եւ Կովկասի այլ եւ այլ քաղաքներու մէջ պաշտօնավարելէ ետք Թաւրիզ կը փոխադրուի: 1923-ին Մարաղա, ուր 3-4 տարի մնալէ ետք, շուրջ 1927-ին Ղազուին կը հրաւիրուի իբրեւ քաղաքային բժիշկ, 1903-ին Լուսաւորութեան նախարարութեան տրամադրութեան տակ եղած հիւանդանոցին մէջ պաշտօնի կը կոչուի եւ 1932-ին կրկին քաղաքային բժիշկ կը նշանակուի, ուր ցարդ կը պաշտօնավարէ թէ՝ հայ եւ թէ իրանցի ժողովուրդին սիրոյն եւ յարգանքին առարկայ ըլլալով, վարելով միանգամայն հայ եկեղեցւոյ հոգաբարձրութեան նախագահութիւնը:

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 336: