Հայկազեան-Թամարեան Ազգային Դպրոց
Հայկազեան-Թամարեան Ազգային Դպրոց,(տարրական, ապա միջնակարգ երկսեռ դպրոց)։ Հիմնուած է 1875 թուականին, Թաւրիզի Լիլիաւա թաղամասին մէջ՝ «Հայկազեան» եւ «Սեւան» առեւտրական ընկերութիւններուն կողմէն։ 1879 թուականին այստեղ հիմնուած են նաեւ օրիորդաց դպրոց։ 1895 թուականին այդ դպրոցները տեղափոխուած են Թումանեանց եղբայրներու կառուցած նոր եռայարկ շէնքը (13 դասարանով եւ սրահով), որ կոչուած է անոնց վաղամեռիկ քրոջ՝ Թամարի անունով։ Այդ թուականէն սկսեալ կոչուած է Հայկազեան-Թամարեան։ 20-րդ դարու սկզբը Իրանի միակ միջնակարգ ուսումնական հաստատութիւնն էր։ 1936 թուականին փակուած է, վերաբացուած է միայն 1956-1957 ուսումնական տարեշրջանին։ Այդ թուականէն սկսեալ՝ Թաւրիզի ազգային դպրոցները կոչուած են Հայկազեան-Թամարեան-Սահակեան տարրական եւ միջնակարգ երկսեռ դպրոցներ (կրթութեան նախարարութեան քով յայտնի էին «Ասադի» անունով)։ Դասաւանդուած են հայոց լեզու եւ գրականութիւն, պատմութիւն, պարսկերէն, ֆրանսերէն եւ բնական, հասարակական եւ արհեստագիտական գիտութիւններ, մեծ ուշադրութիւն դարձուձած են մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան։ Ոաուցումը մինչեւ(1936) եղած է հայերէնով, իսկ վերաբացումէն ետք՝ պարսկերէնով, հայերէնը եւ կրօնը դասաւանդուած են պետական ծրագրէն դուրս՝ արտաժամեայ։ 1950-ական թուականներուն՝ դպրոցի վերաբացումէն ետք, պետական տեսուչներ նշանակուած են միայն պարսիկներ