Արեւմտեան Սամոա

Արեւմտեան Սամոայի դրօշը

Արեւմտեան Սամոա, կը գտնուի հարաւային Խաղաղականի մէջ, Հոնոլուլուի եւ Սիտնիի միջեւ։ Կը բաղկանայ քանի մը կղզիներէ,որոնց մէջ երկու կարեւորագոյններն են Սաւայի եւ Ուփոլու։ ԱԱյս երկուքէն զզան միայն երկու այլ կղզիներ՝ ՄՄանոնօ եւ ԱԱփոլիմա բնակուած են։ Կլիման հասարակածային, խոնաւ եւ անձրեւային է։ Տարածութիւնը 2.885 քառ.քմ.։ Բնակչութիւնը 135.000 հոգի է։ Մայրաքաղաքը Ափիա (21.700) է։

ԱԱրեւմտեան Սամոայի դիրքը

Ցեղային եւ Կրօնական Նկարագիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սամոայի ժողովուրդը փոլինեզզիական ծագում ունի։ Բացարձակ մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ են։ Ունին ինքնուրոյն լեզու, կը խօսին նաեւ անգլերէն։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԳ. դարէն առաջ փոլենեզիացիներ գաղթած են Սամոա։ 1722-ի հոլանտացիներ գրաւեցին կղզիները։ 1899-ին ծագեցան ապստամբութիւններ։ Նոյն տարին, Մ. Նահանգներու, Մ. Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ գոյացած դաշնագրով, կղզիները բաժնուեցան Մ. Նահանգներու (ԱԱրեւելեան կամ ամերիկեան Սամոա) եւ Գերմանիոյ միջեւ։

Արեւմտեան Սամոայի դիրքը

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Նոր Զելանտա գրաւեց գերմանական բաժինը, զզոր 1919-1946 կառավարեց որպէս Ազգերու Դաշնակցութեան հոգատարութիւն։ ԱԱզզգայնական շարժումներ ծայր տուին շատ կանուխէն։ 1946-ին ենթարկուեցաւ ՄԱԿ-ի հոգատարոթեան եւ Նոր Զելանտայի կողմէ նշանակուած բարձր կոմիսարը հեռացաւ 1942-ին։ Ներքին ինքնավարութիւն տրուեցաւ 1959-ին եւ հանրաքուէէ մը ետք Արեւմտեան Սամոա անկախութիւն ստացաւ 1 Յունուար 1962-ին։

Սահմանադրութեան համաձայն, երկրի պետի պաշտօնը միասնաբար կը վարեն Թուփուա եւ ՄՄալիեթոա արքայական գերդաստաններու ժառանգական պետերը։ ուփուա իշխողը մեռաւ 1963-ին, որուն յաջորդեց ՄՄալիեթուա Թամումաֆիլի։ Վերջինիս մահէն ետք երկրին նոր պետը կ՛ընտրուի Օրէնսդիր ժողովին կողմէ, որ կը բաղկանայ 45 անդամներէ (միայն երկուքը ընտրուած են, մնացեալները ցեղապետներ են)։

Արեւմտեան Սամոայն արտաքին յարաբերութիւնները եւ պաշտպանութիւնը ապահովուած են Նոր Զելանտայի կողմէ։ Արեւմտեան Սամոա ՄԱԿ-ի անդամ չէ։

Տնտեսական Պայմաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբաք կղզզիներէ բաղկացած երկիր մըն է Աերւմտեան Սամոա, որուն տնտեսական եւ նիւթական օժանդակութիւն կ՛ընծայէ Նոր Զելանտա։ Արտադրութիւններն են հնդկընկոյզ, գագաօ, պանան, քաղցր գետնախնձոր։ Ժողովուրդը կը զբաղի նաեւ ձկնորսութեամբ։ Ներկայիս ուժ կը տրուի զբօսաշրջիկութեան։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Երուանդ Մոնոֆարեան (1968), «Հանրագիտակ», Համազգայինի տպարան, Պէյրութ, էջ 39-40։