Jump to content

Արարատեան տարազ

Արարատյան տարազ կամ Այրարատի ազգային տարազ, հայկական ազգային տարազի բաղկացուցիչ մասերից մեկը, որը աշխարհագրական առումով ընդգրկում է պատմական Այրարատ նահանգի շատ գաւառներ: Այրարատեան տարազի ընդգրկման շրջանակներն են Արարատեան դաշտը, Երեւանի նահանգը, Կոտայքը, Թիֆլիսի նահանգը, Պարսկահայքն ու Իրանի հայ գաղութները[1]: Սա հայկական ազգային տարազի ինքնատիպ, զուտ տեղական իւրայատկութիւններով ներդաշնակ ամբողջութիւն մըն է, որը նաեւ համահայկական շատ ընդհանրութիւններ ունի։ Այրարատի տարազախումբը կ'առանձնանայ գոյներու, կտորատեսակներու հիանալի համադրութեամբ եւ տպաւորիչ ձեւաւորմամբ: Այն ունի քաղաքային եւ գիւղական տարբերակներ:

Կովկասեան տարազները մասնակի ազդեցութիւն ունեցեր են Երեւանի նահանգ եւ Թիֆլիսի նահանգ հայկական տարազներու վրայ:

Թիֆլիսի տարազ
Թիֆլիսահայ կնոջ նկար

Այրարատեան տարազախմբի ձեւաւորման եւ զարգացման գործին մէջ մեծ ազդեցութիւն թողած է նահանգի պատմական անցեալը: Այրարատ աշխարհը համարուեր է հայ ժողովուրդի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեդրոններէն։ Ան բազմաթիւ անգամ ենթարկուեր է օտարերկրեայ արշաւանքներուն ու ասպատակութիւններուն: Այրարատը գտնուելով տարանցիկ առեւտրական ճանապարհներու հանգուցակէտին 11-13-րդ դարերուն թուրք-սելճուկեան, մոնղոլ-թաթարական յարձակումներու հետեւանքով լուրջ աւերածութիւններ եւ կորուստներ կը կրէ[2]։ Աւելի ուշ` 17-րդ դարում ան կռուախնձոր կը դառնայ Թուրքիայի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Պարսից Շահ Ապասը Այրարատի բնակչութեան հոծ զանգուածներ տեղահանելով Պարսկաստան կը տանի որպէս գաղթական: Պարսկաստան գաղթած հայերէն շատերը, որոնք իրենց հետ տարեր եւ սրբօրէն պահպաներ էին կենցաղի եւ մշակոյթի շատ տարրեր, ի թիւս այդ տարազը, հետագային վերաբնակութիւն կը հաստատեն իրենց բնօրրանի մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ պարսիկները Արեւմտեան Հայաստանի Վան, Մանազկերտ, Ալաշկերտ, Կարին, Բասեն, Խնուս քաղաքներէն եւ գաւառներէն մեծ թիւով բնակիչներ կը բերեն եւ կը բնակեցնեն Այրարատի մէջ, որով եւ բազմաբնոյթ կը դառնայ տեղի հայերու տարազային համալիրը. կողք կողքի կը սկսին գոյատեւել տարբեր տարազաձեւեր: Բացի այդ, 18-րդ դարի 70-ական թուականներուն վրաց Հերակլ 2-րդ թագաւորի կողմէ մեծ թիւով հայեր Երեւանէն եւ շրջակայ գիւղերէն կը գաղթեն Թիֆլիս եւ այլ շրջաններ: 1804 թուականին Երեւանէն եւ Էջմիածնէն հայերու նոր ալիք մը կը գաղթէ Վրաստան[3]։ Անկասկած, պատմական այս բոլոր անցքերը իրենց կնիքը ունեցեր են տարազի առանձին համալիրներու ձեւաւորման եւ հետագայ զարգացման վրայ:

Քանի որ հագուստներու որակը մեծապէս կախուած է հագնողի հասարակական դրութենէն, ուստի ունեւոր խաւերու տարազն իր հարստութեամբ ու շքեղութեամբ բաւական կը զանազանուէր աշխատաւոր մարդկանց տարազէն: Մեծ էր նաեւ տարբերութիւնը իշխանաւորներու, պաշտօնեաներու, զինուորականներու եւ հոգեւորականներու տարազներու միջեւ: Չպէտք է մոռնալ նաեւ տարիքային գործօնը. անչափահաս տղաներու ու աղջիկներու համար կը կարուէին այլ տիպի զգեստներ: Բնորոշ էր նաեւ տօնական եւ առօրեայ հագուստներու տարբերութիւնը: Աշխարհագրական պայմանները, եղանակն ու բնութիւնն եւս իրենց կնիքը դրած են տարազի վրայ։

Կանացի զգեստներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Իրանի Չահարմահալի հայ կնոջ տարազ

Այրարատեան կանացի զգեստի համալիրը բաղկացած էր սպիտակեղենէն, վերնազգեստէն, վերարկուէն, գօտիէն եւ գլխու յարդարանքէն։

Սպիտակեղէնը բամբակեայ կտոր էր կամ քաթանէ։ Վերնազգեստը մետաքսեայ էր՝ միագոյն կամ ծաղկանախշերով, վզի բացուածքի եզրերուն կը կարուէր նեղ կանգնած օձիք։ Վերնազգեստի թեւերը երկար էր եւ կը ծածկէր դաստակը։ Կը կապուէր մետաքսեայ գօտի՝ ծայրերուն կցուած ասեղնագործ ժապաւէններով։ Տօնական հագուստներու հետ կը կապէին նաեւ արծաթեայ կամ ոսկեայ գօտիներ: Բնորոշ էր նաեւ մութ կապոյտ, կարմիր կամ կանաչ թաւշեայ կտորէն վերարկուն, որու եզրերը, թեւեր ասեղնագործուած էին ոսկեթել ժապաւէններով եւ եզերուած աղուէսի մորթով:

Գլխու յարդարանքը բաղկացած էր ոսկեայ կամ արծաթեայ ճակատնոցէն, նուրբ ասեղնագործ շղարշէ քօղէն, գիւղերուն մէջ նաեւ քիթն ու բերանը ծածկող թաշկինակներէն: Մազերը մեջտեղէն բացուած էր, երկու հիւսքով՝ ծայրերուն ժաապաւէններ կապուած, ականջներու մօտ ոլորած մազափունջով։

Երեւանի մէջ մինչ ամուսնանալը աղջիկները գլխաբաց էին, գիւղերու մէջ կը կապէին չիթէ կտորէն գլխաշոր։ Այլ էր գլխու յարդարանքը ամուսնանալէն յետոյ[4]։

20-րդ դարու սկիզբը Երեւանի բնակչութեան որոշ մասը կը հագնէր եւրոպական հագուստ: Քաղաքի մտաւորականութիւնը, պետական ծառայողները, հարուստները, դպրոցներու աշակերտները կը հագնէին ռուսական հագուստ[5]:

Արարատեան տարազի գեղջկական եւ քաղաքային կանացի ամենօրեայ եւ տօնական շրջազգեստը մեծաւմասամբ միակտոր էր: Ատոր կրծքի մասը Արարատեան հովիտի մէջ, Երեւանի եւ Պարսկահայքի մէջ փակ էր, Թիֆլիսի մէջ` կիսաբաց: Պարսկահայքի եւ Իրանի հայ կնոջ տարազի վրայ առաւել զգալի է պարսկական մշակոյթի ազդեցութիւնը:

Տղամարդկանց զգեստներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այրարատեան տղամարդկանց տարազին բնորոշ է շապիկը, արխալուղը, կաշիէ գօտին եւ կապան։

Շապիկը ճերմակ քաթան էր, երկարութիւնը ազդրերու կէսէն ցած, երկար եւ լայն թեւերով: Օձիքը մէկ մատ լայնութեամբ եւ քանի մը կոճակով ամրացուած: Շապընկերը ճերմակ կտաւէ կամ ամերիկեան է (բամբակէ ամուր գործուածք)։ Շալվարը սեւ կամ կապոյտ մահուդէն (թաղիքանման խաւով բրդեայ կամ կիսաբրդեայ հաստ գործուածք) էր, լայն, ծայրերը կտորի գոյնի ղայթանով (բարակ թելերէ հիւսուած պարան) երիզուած կամ պարզ: Ներքեւը՝ աւելի նեղ եւ առանց զարդի:

Վրայէն հագեր են սեւ, կապոյտ մահուդէն (թաղիքանման խաւով բրդեայ կամ կիսաբրդեայ հաստ գործուածք), աստառած արխալուղ: Հարուստ տղամարդիկ հագեր են թանկարժէք կտորներէն՝ յաճախ մետաքսէ արխալուղ, լայնափողք շալվարը, կապեր են արծաթէ գօտի, գլխուն կրեր են բարձրադիր բուխարի փափախ:

Արխալուղի վրայէն կապա հագեր են, ծունկերէն քիչ ներքեւ իջնող, առաջամասը բաց, իրանը մինչեւ գօտի գրկած՝ ետեւի մասը 4 դուրս ցցուած ծալքով, թեւերը շատ երկար՝ միայն ուսագլուխներուն ամրացուած, քիչ ծալուած ուսերու վրայէն դէպի ետեւ նետուած: Թեւերու շուրջը եղած են սեւ ղայթանէ օղակներ եւ կոճակներ, որոնք չեն կոճկուիր: Թեւերն ու զգեստն ամբողջովին աստառապատուեր են բաց եւ մութ կապոյտ մետաքսով: Հագեր են նաեւ չուխա՝ սեւ, սրճագոյն բուրդէ: Այս կապայի նման էր, միայն թեւերը աւելի երկար եւ կարուած, թեւերի երկարութիւնը մինչեւ մատներու ծայրերը: Աստառապատուեր է մետաքսէ կտորով եւ վրան ծալուել։ Հագեր են ճերմակ գուլպայ եւ եամանի կամ երկարավիզ կօշիկ:

Հարսանեկան զգեստներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կնոջ հարսանեկան տարազը բաղկացած էր վերնազգեստէն, գօտի-գոգնոցէն, զգեստի բացուածքը ծածկող կրծկալէն, ճակատակալէն եւ սպիտակ շղարշէն։ Զգեստը սպիտակագոյն մետաքսէ էր, որու թեւերը բացուածքով էր եւ եզրազարդուած էր։ Գօտի-գոգնոցը ոսկեթել ասեղնագործութեամբ էր, որու վրայ գլխաւորապէս պատկերուած էր կենաց ծառը: Նման զարդանախշերով է յարդարուած նաեւ զգեստի բացուածքը ծածկող կրծկալը: Ճակատակալը եւս զարդարուած է ոսկեթել բանուածքով: 20-րդ դարասկզբի հարսանցուի հագուստը կազմուած է ձեւաւոր թեւերով, երկարափէշ, իրմէ ծաղկանախշերով մետաքսեայ զգեստէն եւ ծաղկանախշերով ասեղնագործուած կրծկալէն եւ գոգնոցէն: Կը կրէ զգեստի ասեղնագործ ճակատակալ եւ սպիտակ շղարշ, որու մէկ անկիւնով ծածկուած է պարանոցը: Քօղի տակէն կ'երեւի դէմքը շրջանակող ոլորուն մազափնջերը:

Տղամարդկանց հարսանեկան զգեստը գլխաւորապէս կովկասեան էր։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայ կնոջ տարազ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-01-31-ին 
  2. Հակոբեան, Թադևոս (1969)։ Երևանի Պատմութիւնը։ Երևան։ էջ 277 
  3. Պատրիկ Առաքել (1967)։ Հայկական տարազ։ Երևան։ էջ 15 
  4. Ավագյան Նազիկ (1983)։ Հայկական ժողովրդական տարազը։ Երևան։ էջ 74 
  5. «Այրարատի տարազախումբը հայոց տարազի բնագիրին մէջ»