Jump to content

Արամ Կէօքճեան

Արամ Կէօքճեան
Ծնած է 1891 կամ 1893
Ծննդավայր Սիս, Ատանա, Թուրքիա
Մահացած է 14 Ապրիլ 1944(1944-04-14)
Մահուան վայր Աթէնք, Յունաստան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Արամ Կէօքճեան Գրիգորի (Կէօնճեան, 1891 կամ 1893, Սիս, Ատանա, Թուրքիա - 14 Ապրիլ 1944(1944-04-14), Աթէնք, Յունաստան), հայ բժիշկ։

Արամ Կէօքճեան ծնած է 1891/1893 թուականին, Ատա­նա­յի նա­հան­գի Գո­զա­նի գա­ւա­ռի՝ Սիս քաղաքին մէջ։ 1907 թուականին նախնական կրթութիւնն ստացած է Սիսի՝ Յովհաննէս Խերոյեանի ղեկավարած Ազգային վարժարանին մէջ։

1907-1910 թթ. ուսանած է ամերիկացի միսիոներներու՝ Տար­սո­նի Սեն Փոլ գոլէճէն ներս։ 1910-1914 թթ. ուսանած է Պէյրութի՝ Սեն Ժոզեֆ Ֆրանսական համալսարանի բժշկական ֆակուլտետէն ներս։ 1914 թուականին, Առա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազմն սկսելուն պատճառով, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ծառայած է որպէս զինուորական օգնական բժիշկ։ Սու­րի­ոյ մէջ մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է հայ տարագիրներուն։

Բանակի հետ, զանազան վայրերու մէջ ծառայելէ ետք, Երուսաղէմի ռազմաճակատին՝ գերի ինկած է անգլիացիներուն, որոշ ժամանակ բանտարկուած է Սէյտի Պէշիրի բանտին մէջ։

Ազատուելէ ետք՝ անգլիական բանակին մէջ, ծառայած է որպէս օգնական բժիշկ։ Այնուհետեւ մի քանի տարի աշխատած է Կ. Պոլ­սոյ, Պէյ­րութի, Մեր­սի­նի մէջ։ Անգլիացիներու՝ Կի­լի­կի­այէնն հեռանալէն կարճ ժամանակ յետոյ, տեղափոխուած է Կիպ­րոս, այստեղէն ալ՝ Ֆրանսա։ Երկու տարի Ֆրանսայի տարբեր բժշկական հաստատութիւններու մէջ կատարելագործած է բժշկական գիտելիքները։

1921 թուականին՝ Փա­րի­զի մէջ, ստացած է բժշկական վկայական (Diplome superieur d’hygiene), որուն արժանացած առաջին հայն է՝ իբրեւեւ մանկաբարձ, կանանց եւ մանկանց հիւանդութիւններու մասնագէտ։

1948 թուականի դրութեամբ, բնակած է Կիպ­րո­սի Լառնաքա քաղաքին մէջ եւ եղած՝ ճանչցուած ու յարգուած բժիշկ։ Դպրոցական տարիներ շարունակ մեծ սէր ունեցած է՝ գիր ու գրականութեան հանդէպ։

1909 թուականին՝ Կիլիկիոյ կոտորածներուն առթիւ, գրած իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, հրատարակած է «Ես­տա» ծածկանունով։ Բժշկական հանրամատչելի յօդուածներով թղթակցած է յունահայ պարբերական մամուլին, եղած է թերթի խմբագիր։

Սպանուած է 1944 թուականի Ապրիլ 14-ին, Աթէնքի մէջ՝ 52 տարեկան հասակին։

Աշ­խա­տու­թիւ­ն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ցուրտ կիթառ, Սթամպուլ, 1909։
  • Քէլէշեան Միսաք, Սիս Մատեան, Պէյրութ, 1949։
  • Յովակիմեան Բ., Հայոց ծածկանունների բառարան, Երեւան, 2005։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։