Jump to content

Անիթա Քոնթի

Անիթա Քոնթի
ֆրանսերէն՝ Anita Conti
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Anita Caracotchian[1]
Ծնած է 17 Մայիս 1899(1899-05-17)[2]
Ծննդավայր Էրմոն, Սենա և Ուազա, Ֆրանսա[1]
Մահացած է 25 Դեկտեմբեր 1997(1997-12-25)[1] (98 տարեկանին)
Մահուան վայր Դուարնենե, Ֆինիստեր, Ֆրանսա[1]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Երկեր/Գլխաւոր գործ Q130388186?
Մասնագիտութիւն ովկիանոսագէտ, լուսանկարիչ, Ճանապարհորդ, հետազօտող, գրագէտ և լրագրող
Ամուսին ծագումով Իտալացի Մարսէլ Քոնթի
Ծնողներ Լեւոն Քարաքոչեան եւ Ալիս Լըպոնի
Երեխաներ Laurent Girault-Conti?[1]

Անիթա Քոնթի, ծնունդով՝ Գարագոչեան, 17 Մայիս 1899(1899-05-17)[2], Էրմոն, Սենա և Ուազա, Ֆրանսա[1] - 25 Դեկտեմբեր 1997(1997-12-25)[1], Դուարնենե, Ֆինիստեր, Ֆրանսա[1]), ազգութեամբ հայ, ֆրանսացի բնախոյզ, աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտը, լուսանկարիչ։

Անիթա Քոնթի Գարագոչեանը Anita Conti (ծնունդով Գարագոշեան) ծնած է 17 Մայիս 1899-ին, Ֆրանսայի Էրմոն Ermont քաղաքը: Ան Պոլսեցի մանկաբարձ Լեւոն Գարաքոչեանի եւ Ալիս Լըպոնի դուստրն է:

Անիթան փոքր տարիքէն յաճախ նաւով ճամբորդած է ընտանիքին հետ, այդ իսկ պատճառով անոր մէջ դեռ մանուկ տարիքին ձեւաւորուած է սէրը ծովու եւ գիրքերու հանդէպ:

«Իմ ծնողքը բանիմաց էր ու ընթերցասէր: Անոնց սեւեռուն գաղափարը, պաշարուածութիւնը ճամբորդելն էր։ Ես եւ եղբայրս Ստեփանը, մեծցեր ենք շրջապատուած գիրքերով եւ ճամբորդելով աշխարհի երկիրներով ու ծովերով: Եւ պատահական չէ, որ ծովերուն ու ովկիանոսներու լազուր ջուրերու հմայքը, ատոնց փոթորկուն ուժը մանկութենէն գերած է ու գրաւած է զիս ...կ'ըսեն, ես նախքան քալել սորվիլս լողալ սորված եմ», - իր յուշերուն մէջ գրած է Անիթան:

1914 թուականին՝ պատերազմի սկիզբը, Անիթայի ընտանիքը ապաստան կը գտնէ Օլերոն կղզիին (the island of Oléron) մէջ, ուր երիտասարդ աղջիկը ինքզինք կը նուիրէ նաւերուն, ընթերցանութեան եւ լուսանկարչութեան:

1917 թուականին կը կատարէ իր առաջին՝ «լուսանկարները՝ Ատլանտեան ովկիանոսի ֆրանսական ափին»։

Գործունէութիւնը իբրեւ կազմարար եւ լրագրող[3]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատերազմէն յետոյ Անիթա Գարագոչեանի ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատէ Փարիզ: Երբ Անիթան չափահաս դարձաւ, որոշեց զբաղիլ ովկիանոսագիտութեամբ: 28 տարեկանին, Անիթան ցանկութիւն կը յայտնէ զբաղուիլ ովկիանոսագիտութեամբ, շատերը կը փորձեն իրեն համոզել ետ կանգնելու այդ որոշումէն՝ նշելով դարերու ակունքներէն եկած այն նախապաշարումը, թէ կինը նաւի վրայ դժբախտութեան նշան է: Սակայն Անիթան ո՛չ միայն դժբախտութիւն բերաւ, այլեւ ընդհակառակը, պայքարելով օգնեց մարդկութեան հասկնալու ովկիանոսի խորհրդաւոր գաղտնիքները:

19 տարեկանին Փարիզ հաստատուելէ ետք, ան սկսաւ բանաստեղծութիւններ գրել եւ գիրքերու կազմարարութեամբ զբաղիլ։ Իր ինքնատիպ ոճը ներշնչուած էր արեւելեան ճամբորդութիւններէն եւ ընթերցումներէն։ Ան կ’օգտագործէր Կովկասի մէջ սորված յատուկ բաղադրատոմսերով ներկուած մորթիներ։ Այս ստեղծագործական նորարարութիւնները գրաւեցին բազմաթիւ հաւաքորդներու եւ արուեստասէրներու ուշադրութիւնը։

Իր փարիզեան արհեստանոցը յատկապէս կը հիւրընկալէր Փիեռ Մաք Օրլանը, որ զինք կը կոչէր «այն մէկը, որ կը լսէ գիրքերուն խօսիլը»։ Նախքան 1939-ին գեղարուեստական կազմարարի իր ասպարէզը աւարտելը, ան արժանացաւ բազմաթիւ մրցանակներու Լոնտոնի, Փարիզի, Նիւ Եորքի եւ Պրիւքսէլի հեղինակաւոր ցուցասրահներու մէջ, ինչպէս՝ Salon d’Automne-ը կամ Salon des Arts Décoratifs-ը։

4 Յունուար 1927-ին, Անիթա Գարագոչեան ամուսնացաւ Վիեննայի մէջ դեսպանատան կցորդ Մարսել Քոնթիի հետ եւ ընդունեց անոր մականունը։ Որոշ ժամանակ անոնք ապրեցան Փարիզի 16-րդ թաղամասին մէջ. կ’ըսուէր, թէ իրենց տունը ապաստան էր կապիկներու, թռչուններու, աղուէսներու եւ տուքաններու համար։ Ամուսինը զինք ազատ ձգեց ճամբորդելու եւ սեփական տեղեկագիրներ գրելու։ 1934-ին ան հրատարակեց ոստրէներու բնակավայրերու մասին հետազօտութիւն մը։ Անիթա Քոնթին նաեւ իբրեւ լրագրող աշխատակցեցաւ Le Figaro, L'Illustration, Neptuna, Mer et Colonies, Eve (կանանց իտէալական թերթը) եւ նոյնիսկ Le République պարբերականներուն։

Նոթր Տամ տը Պոնսիգիւր նաւը Ֆեգամ թանգարան

Անիթա Քոնթի կը ճանապարհորդէ ամբողջ աշխարհով՝ հետազօտելով ծովը եւ ատոր առկայ խնդիրները: Ան շատ ժամանակ կ'անցընէ ձկնորսական նաւերու վրայ եւ շատ կ'ընթերցէ ծովի բուսական եւ կենդանական աշխարհին աւելի լաւ ծանօթանալու համար:

1935-ին, գիտական նաւարկութեան կը պատրաստուէր ժամանակի արհեստագիտութեան վերջին նուաճումներով զինուած «Թէոտոր Թիսյէ» նաւը, որուն զուտ տղամարդոցմէ բաղկացած անձնակազմին մէջ աշխատելու հրաւիրուեցաւ 36-ամեայ տաղանդաշատ ու խոստմնալից, աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտը` Անիթա Քոնթի-Գարագոչեանը:

Այս իրադարձութիւնը լուսաբանող լրագրողները, ապշելով նաւի վրայ կնոջ ներկայութեամբ, անոնք այդ իրողութիւնը որակեցին իբրեւ` «դարու ամէնէն անհաւանական ու ցնցող երեւոյթը»:

Ովկիանոսագիտութեամբ զբաղուելու տարիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1936-1938 թուականներուն արդէն ճանչցուած ովկիանոսագէտ Անիթա Քոնթին հետազօտութիւններ կը կատարէ Խաղաղական, Հնդկաց եւ Սառուցեալ ովկիանոսներուն մէջ:

1939 թուականին 3 ամիսով «Վիքինկ» ձկնորսանաւով ձողաձուկ որսալու համար Սառուցեալ ովկիանոս կ'ուղեւորուի: Արդէն այնտեղ ան կու գայ այն եզրայանգման, որ ձկնորսութեան չարաշահումը կարող է չափազանց ծանր հետեւանքներու յանգեցնել:

1941-1945 տարիներուն գրեթէ ամբողջ աշխարհը ներքաշուած էր Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին մէջ։ Ֆրանսական կառավարութեան համար կար դժուար մարտահրաւէր մը` ականազերծել Փա-տէ Քալէ (Pas-de-Calais) նեղուցի եւ Պարենցի (Barents Sea) ծովուն մէջ գերմանացիներու կողմէ ականապատուած ֆրանսական նաւերը: Այս դժուար գործի կազմակերպումն ու ղեկավարումը կը վստահուի Անիթային:

Պատերազմի տարիներուն Անիթա Քոնթին անգամ մը եւս կը զբաղի կարեւոր գործունէութեամբ. ան անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններ կատարելով, կը գտնէր ձուկերու մեծաքանակ վտառներու հարուստ պաշարներ ու սննդառատ ձկնատեսակներով կ'ապահովէր թէ՛ մարտնչող զօրքը, թէ՛ խաղաղ բնակչութիւնը, բան մը, որ ուտելիքի ծայրայեղ սղութեան պայմաններուն մէջ պարզապէս անփոխարինելի էր:

1941-1943 թուականներուն ֆրանսական ծովակալութեան յանձնարարութեամբ ձկնորսանաւով կ'երթեւեկէ Ափրիկէի մէջ, կատարելագործելով ձկնորսութեան մեթոտները, կը կազմէ քարտէսներ, նկարագրելով նոր ձկնատեսակներ: Ուսումնասիրութեան հիմնական նպատակը բնակչութեան եւ ֆրանսական բանակին ձկնատեսակներով մատակարարելն էր:

Ան կը սորվեցնէ ձկնորսներուն առաջարկելով տեղական ձկնորսական գիտարուեստի բարելաւում, կը սահմանէ ձուկերը հաւաքելու եւ պահելու մեթոտները: Կը փորձէ շանաձուկերը փորձառարական արդիւնահանութիւն ստեղծել, որոնց լեարդին մէջ զգալի քանակութեամբ վիթամին A կը պարունակէ:

1943 թուականին Ալճերիոյ կառավարութիւնը Անիթա Քոնթիին պատուիրեց ուսումնասիրել Հարաւային Ափրիկէի ձկնային աղբիւրները: Սենեկալի, Կվինիայի եւ Քոտ տը Իվուարի առափնեայ ծանծաղուտի հետազօտութիւնը Անիթայէն մօտ 10 տարի խլեց: Անիթա Քոնթի ուսումնասիրեց ջուրի յատակը, ձկնային աղբիւրները եւ այլն: Բացի այդ, ան ուսումնասիրեց տեղական աւանդական ձկնորսութեան մեթոտները, որ կը կիրառեն ձկնորսական արդիւնաբերութեան մէջ:

«Ծովի տիկին» անունը ձեռք բերած առաջին կին ովկիանոսագէտը ուսումնասիրեր է երկրագունդի բոլոր ովկիանոսները: Առաւել, աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտը Սէն-Ժաք (Saint-Jacque) նաւահանգիստէն ոչ հեռու իր միջոցներով նաւաստիներու դպրոց հիմնադրած է:

1947-ին Անիթա Քոնթին կը ծանօթանայ հռչակաւոր ծովագնաց, ճանապարհորդ, ֆրանսացի մեծ գիտնական Ժաք Գուսթոյի, որ յետագային կը դառնայ անոր լաւ բարեկամն ու գործընկերը: Ֆրանսացի մեծ գիտնական Ժաք-Իվ Գուսթոյի (Jacques-Yves Cousteau) խօսքով՝ առանց Անիթա Քոնթիի ջանքերուն անհնար էր ստեղծել նաեւ Մոնաքոյի մէջ յայտնի ովկիանասագիտական թանգարանը:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Անիթա Քոնթին Բա-տէ Քալէ (Pas-de-Calais) նեղուցի եւ Պարենցի ծովին (Barents Sea) մէջ զբաղուեր է նաեւ ականազերծման հարցերով:

Կեանքի մնացած տարիներուն Անիթա Քոնթի տարբեր համագումարներու, համաժողովներու եւ ֆորումներու ծովային աշխարհի պահպանման օգտին բազմաթիւ ելոյթներով հանդէս եկած է: Ան Ֆրանսայի եւ ամբողջ աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտն էր:

Մեծ հետազօտողն ու գիտնականը շուրջ մէկ դարու բեղմնաւոր կեանք ունեցաւ: Անիթա Քոնթի Գարագոչեանը՝ աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտը մահացած է 25 Դեկտեմբեր, 1997 թուականին՝ 98 տարեկանին, Ֆրանսայի Տուարնէ (Douarnenez) քաղաքը: Անոր աճիւնափոշին, իր կտակին համաձայն, սփռած են Միջերկրական ծովուն մէջ:

Ովկիանոսագիտական ակադեմիաներու Պատուաւոր Անդամ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատուոյ Լեգէոնի շքանշանի ասպետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անիթա Քոնթին պարգեւատրուած է Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ շքանշանով: Ան ընտրուած է տասնեակ ովկիանոսագիտական ակադեմիաներու պատուաւոր անդամ, անոր մասին բազմաթիւ յօդուածներ տպագրուած են ֆրանսական «Լը Մոնտ»-ի եւ «Լը Ֆիկարօ»-ի մէջ, բազմաթիւ այլ պարբերականներ ու գրողներ հիացական տողեր ձօնած են մինչեւ իսկ 80 տարեկանին ծով դուրս եկած գիտնականին, փիլիսոփային, մեծ բնախոյզին ու լուսանկարիչին` նշելով, որ այս բազմատաղանդ կինը նաեւ շարք մը բանաստեղծութիւններու հեղինակ է:

Աշխատութիւնները[4]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ովկիանոսի քերողները (Racleurs d'océans), Փարիզ, 1953 (հրատ. André Bonne), 1993; (հրատ. Payot & Rivages), 1998 — Viking մրցանակ։
  • Տաք ծովերու հսկաները (Géants des mers chaudes), Փարիզ, 1957 (հրատ. André Bonne); հրատ. Payot & Rivages, 1997։
  • Կնոջ մը հայեացքը Տանքերքի ականային պատերազմին վրայ (Regard d'une femme sur la guerre des mines à Dunkerque), 1995։
  • Ճամբան այնքան երկար է մինչեւ գիշեր (La route est si longue avant la nuit) – բոլոր քերթուածներու հաւաքածոյ, Ֆեքան, Collège Jules Ferry, 1996։
  • Ովկիանոսը, կենդանիները եւ մարդը կամ վտանգի արբեցումը (L'Océan, les bêtes et l'homme ou l'ivresse du risque), հրատ. André Bonne, 1971; հրատ. Payot & Rivages, Փարիզ, 1999։
  • Թէր-Նէօվայի ձկնորսները (Les Terre-neuvas), հրատ. du Chêne, Փարիզ, 2004։
  • Վիքինկեան տետրը - 70 օր Պարենցի ծովուն վրայ (Յունիս-Սեպտեմբեր 1939) (Le Carnet viking), յառաջաբանը՝ Քաթրին Փուլէնի, ներածութիւնը՝ Լորան Ժիրօ-Քոնթիի, հրատ. Payot, 2018։
  • Պատահականութեան նաւերը (Les Vaisseaux du Hasard) – քերթուածներ, սահմանափակ հրատարակութիւն, 2020։

Անիթա Քոնթին հեղինակած է բազմաթիւ թերթերու յօդուածներ։ Ահա քանի մը օրինակ.

L'Illustration պարբերականին մէջ.

  • «Ինչպէս կը յայտնաբերուի ձկնորսութեան նոր վայր մը»
  • «Ձկնորսութեան դաշտերուն եւ ականադաշտերուն վրայ»
  • «Ձկնորսութիւնը ծովեզերեայ ռազմաճակատին վրայ»

Mer et Colonies (Ֆրանսական ծովային եւ գաղութային լիկա).

  • «Ձկնորսական նաւերը եւ ափամերձ պաշտպանութիւնը»

Neptunia (Ծովային թանգարանի բարեկամներու միութիւն).

  • «Շնաձուկեր»
  • «Ովկիանոսային կենդանիներու խորհրդաւոր կեանքը»
  • «Հարիւրերորդ գիշերը Արջի կղզիին վրայ»
  • «Ձմեռումը Ջուրերու երկրին մէջ»
  • «Ծովային գիշեր՝ խորունկ...»

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 5 6 7 8 Nivelle P. Entre la vieille « dame de la mer » Anita Conti et son jeune admirateur, une histoire d’amour fusionnel // Le Monde / J. Fenoglio, M. LannelongueParis: Société éditrice du Monde, Louis Dreyfus, Jérôme Fenoglio, 2024. — ISSN 0395-2037; 1284-1250; 2262-4694
  2. 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. (անգլերեն) Anita Conti, 2026-04-06, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Anita_Conti&oldid=1347400993, վերցված է 2026-04-08
  4. (անգլերեն) Anita Conti, 2026-04-06, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Anita_Conti&oldid=1347400993, վերցված է 2026-04-08
  • «Ծովի տիկին» - Անիթա Քոնթի (1899-1997), photographe, éd. revue Noire en collaboration avec l'association "Cap sur Anita Conti", 1998 (ISBN 2-909571-35-1)
  • Catherine Reverzy, Anita conti: 20 000 Lieues sur les mers, Odile Jacob, 2006 (ISBN 2738117422)