Jump to content

Ամասիա

Քաղաք
Ամասիա
թրք.՝ Amasya
Երկիր  Թուրքիա
Տարածաշրջան Սեւծովեան տարածաշրջան
Նահանգ (իլ) Ամասիա
Տարածութիւն 1.730 քմ²
ԲԾՄ 411 մեթր
Բնակչութիւն 114 921 մարդ (2021)
Խտութիւն 74 մարդ/քմ²
Կը գտնուի ափին Իրիս?[1]
Ժամային գօտի UTC+3։00
Պաշտօնական կայքէջ amasya.bel.tr

Ամասիա (թրք.՝ Amasya, յուն․՝ Ἀμάσεια), քաղաք եւ շրջան ներկայիս Թուրքիոյ հիւսիսային մասին մէջ, Սեւ ծովը թափուող Իրիս (այժմ՝ Եշիլըրմաք) գետի վրայ, որ քաղաքը կը բաժնէ երկու մասի։ Ամասիոյ նահանգի վարչական կեդրոնն է։ Պատմական առումով կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի՝ Փոքր Հայքի մէջ։ Հիմնադրման օրէն մինչեւ հիմա Ամասիան համարուած է քաղաք։ Քաղաքը աւելի քան 2500 տարի է, որ պահպանած է Ամասիոյ անունը։

Ոմանք ենթադրաբար Ամասիան կը նոյնացնեն խեթական Կարախանա բնակավայրի հետ։

Հին ժամանակ կը մտնէր Փոքր Հայքի Առաջին Հայք շրջանը, իսկ Յուստինիանոս կայսեր (527-565) վարչական վերափոխութենէն յետոյ՝ Երկրորդ Հայքի մէջ։ Այժմ Ամասիոյ գաւառի (սանճակ) եւ գաւառակի (քազա) կեդրոնն է, որոնք կը պատկանին Սեբաստիոյ (Սվազի) նահանգին։

Երկարաձիգ ու հարուստ պատմութիւն ունի Ամասիան։ Պատմագիրները անոր հիմնադրումը վերագրում են Ալեքսանտր Մակետոնացիի ժամանակներուն (մ.թ.ա. IV դար)։ Անոնք կը հաղորդեն, որ քաղաքը կառուցուած է Ալեքսանտր Մակետոնացիի հրամանով` անոր հօրեղբայր Ամասիա-յի կողմէ, իսկ հետագային ընդարձակած ու վերակառուցած էր Միհրդատ Պոնտացին (մ.թ.ա. I դար), դարձնելով իր մայրաքաղաքը: Այդ ժամանակներուն Ամասիան Փոքր Հայքի ամենանշանաւոր քաղաքներէն էր եւ բանուկ ճանապարհներով կապուած էր Եւդոկիոյ, Սեբաստիոյ ու Խարբերդի: Ստրապոնը գրած է, որ իր հայրենի քաղաք Ամասիան ամուր քաղաք էր, շրջափակուած ամրակուռ պարիսպներու մէջ, իսկ Յովհաննէս Դրասխանակերտցին կը վկայէ, որ քաղաքը կը գրաւէր հսկայական տարածութիւն, «տիեզերասահման քաղաք» էր։ Այստեղ կառուցած էին արքունի պալատներ, կերտած Վանի ուրարտական կառոյցներու նման ձեռակերտեր, ստեղծած վիմափոր դամբարաններ։ Ամասիան, որ իր ընդհանուր համայնապատկերով նման էր հսկայական ամֆիթատրոնի մը, հին աշխարհի ամենագեղեցիկ քաղաքներէն մէկն էր, Կոստանդին Ծիրանածինի յիշատակած Հայկական բանակաթեմի 7 նշանաւոր քաղաքներէն մէկը։

Հետագայ ժամանակներուն նոյնպէս Ամասիան խոշոր ու ծաղկուն քաղաք էր։ Արաբական հեղինակ Իպն-Պաթուտան գրած է, որ Ամասիան «մեծ ու գեղեցիկ քաղաք է. ունի գետեր, պարտէզներ, ծառեր եւ շատ պտուղներ: Գետերու վրայ կան անիւներ, պարտէզները ջրելու եւ խմելու ջուր հայթայթելու համար: Ունի լայն փողոցներ ու շուկաներ: Իբրեւ ծաղկուն քաղաք, Ամասիան իր վրայ կը գրաւէր շատ նուաճողներու ուշադրութիւնը: Հոն իշխած են հռոմէացիները, բիւզանդացիները, սելճուկները, մոնկոլները: Լենկթեմուրը 7 ամիս շարունակ պաշարած է այդ քաղաքը, բայց չէ յաջողած զայն գրաւել: Ամասիան թուրքերու կողմէ նուաճած է Պայազիտ Սուլթանի օրով, 1392 թուականին: Երբ այդ ժամանակներէն ալ սկսած է վայրէջք ապրիլ վաղեմի շէն ու ծաղկուն քաղաքը, XVIII-XIX դարերուն վերածուելով սովորական գաւառական անշուք կեդրոնի: Ան կարող է պարծենալ միայն իր անցեալի փառքով եւ յուշարձաններու ու հնութիւններու մնացորդներով, որոնց մասին յիշատակութիւններ ունին եւրոպական ճանապարհորդները` Տաւերնիեն, Տուրնեֆորը, Մորիերը, Համիլթոնը եւ ուրիշներ։ Ամասիոյ մէջ կնքուած է սուլթանական Թուրքիոյ եւ շահական Իրանի միջեւ 1555 թուականի հաշտութիւնը, որով Հայաստանն առաջին անգամ բաժնուած է այդ երկու պետութիւններու միջեւ։

XIX դարու 70-ական թուականներուն քաղաքն ունէր աւելի քան 16 հազար հայ, թուրք եւ յոյն բնակիչ[2]: XX դարու սկիզբին անոր բնակչութեան թիւը կը հասնէր մօտ 30 հազար մարդու, որու աւելի քան 35%-ը կը կազմէին հայերը։ Այստեղի հայերը երկու անգամ՝ 1895-1896 թուականներուն եւ 1915 թուականին ենթարկուեցան բնաջնջման ու տեղահանման։ 1895-1896 թուականներուն կոտորածներու ժամանակ զոհ գացին աւելի քան 1000 հայեր, իսկ մնացածը Մեծ Եղեռնի ժամանակ տեղահան եղան եւ ցրիւ եկան տարբեր կողմեր։ Ըստ 1929 թուականի վիճակագրական տուեալներու, Ամասիոյ մէջ կային միայն 400 հայ բնակիչ, իսկ 1971 թուականին՝ 300:

Նոր ժամանակներուն Ամասիոյ բնակչութեան զբաղմունքները կը կազմէին արհեստները, տնայնագործութիւնն ու մանուֆակտուրային արտադրութիւնը, առեւտուրը, երկրագործութիւնն ու այգեգործութիւնը։ Հայերն այստեղ ունէին երկաթագործական, ատաղձագործական, կօշկակարական, կարի, մանածագործական, թիթեղագործական 95 արհեստանոց-խանութներ։

Պատմամշակութային կոթողներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թէեւ Ամասիան շատ տուժած է 1734 եւ 1825 թուականներուն տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժներէն, այնուամենայնիւ, այստեղ տարբեր վիճակի մէջ պահպանուած են հին եւ միջնադարեան յուշարձաններ, տարբեր կառոյցներու աւերակներ, զանազան հնութիւններ։ Հնադարեան բերդի աւերակները կը գտնուին քաղաքի դիմաց վեր խոյացող մերկ, անձրեւներէն լուացուած 200 մ. բարձրութեամբ ժայռի վրայ, որու «կատարը պսակուած է հսկայական, դղեակի խարխլուած պարիսպներով` հին արքունական պալատի աւերակներով, իսկ բերդի ոտքերու տակ փռուած էր երբեմն հռչակուած բուն քաղաքը։ Բերդի պատերուն վրայ կան շատ մակագրութիւններ եւ արձանագրութիւններ։ Կ'Ենթադրուի, որ Միհրդատ 6-րդը այստեղ կը պահէր իր գանձերը։ Պատմաճարտարապետական առումով յատկապէս յիշատակութեան արժանի են հնադարեան ժայռակերտ քարայր-դամբարանները, որոնք կը գտնուին բերդակիր լերան լանջին եւ կը վերաբերին հելլէնիստական ժամանակներուն։ Ատոնցմէ ամենաշքեղները Միհրդատի վիմափոր դամբարաններն են (թուրքերու կողմէ Այնալը-մաղարա կոչուած քարայրները), որոնք թիւով 3 հատ են, մեծութեամբ սենեակի չափ, իրարմէ անջատուած միջանցքներով եւ իրար հետ կապուած քարեղէն սանդուխներով։ Իրենց հնութեամբ ու ճարտարապետութեամբ քաղաքի յայտնի կառոյցներէն էին հայկական 4 եկեղեցիները՝ Ս. Աստուածածինը, որ կը համարուէր քաղաքի մայր եկեղեցին, Ս. Նիկողայոսը՝ կառուցուած 1218 թուականին, Ս. Յակոբը՝ կառուցուած 1255-ին եւ Ս. Գէորգը։ Քաղաքին մէջ եւ անոր շրջակայքին մէջ կային մի քանի ուխտավայրեր եւ երկու վանք։ Մզկիթներէն նշանաւորը սուլթան Պայազիտի ճամին էր՝ երկու մինարէով, մարմարեայ սիւներով, արաբական նկարներով ու քանդակներով շէնք մը, որ ընդգծուած էր քաղաքի ընդհանուր համայնապատկերին մէջ։ Իբրեւ գաւառի (իսկ այժմ վիլայեթի) կեդրոն, Ամասիոյ մէջ կառուցուած են վարչական զանազան շէնքեր, որոնք իրենց մեծութեամբ ու յարմարութեամբ կը տարբերուէին սովորական բնակելի տուներէն։ Ամասիոյ մէջ, Իրիս (Եշիլըրմաք) գետի վրայ կառուցուած էին 5 կամուրջ, որոնք իրար հետ կը միացնէին քաղաքի երկու մասերը եւ որոնց վրայէն կ'անցնէին դէպի Եւդոկիա ու Սեբաստիա տանող ճանապարհները։ Այդ կամուրջներէն մէկուն հիմքն ունի աւելի քան 2000 տարուան հնութիւն։

Ամասիան հայկական մշակոյթի նշանակալի կեդրոն էր։ Այստեղ XIX դարի երկրորդ կէսին եւ XX դարի սկիզբներուն կը գործէին հայկական 7 դպրոցնէր, որոնցմէ 3-ը եկեղեցիներուն կից էին, 5 մանկապարտէզ, Ազգային հիւանդանոց, կանանց կար ու ձեւի ուսումնարան, «Իրիս» թատերական ընկերութիւնը, մշակութային եւ կրթական բազմաթիւ ընկերութիւններ` Պարթեւական, Ներսիսեան, Կանանց կրթասիրաց եւ այլն, որոնք նպաստում էին քաղաքի մշակութային կեանքի յառաջադիմութեանը։

Ականաւոր ամասիացիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ստրապոն (մ.թ.ա. 63 թ.-մ.թ.ա. 21/25 թուականներ) - յոյն յայտնի հեղինակ, աշխարհագրագէտ
  • Ամիրտովլաթ Ամասիացի (1420/25-1496) - միջնադարեան հայ ականաւոր բժիշկ, մատենագիր ու բառարանագիր
  • Գալուստ Ամասիացին - բժիշկ, որ 1669 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակած է իր բժշկարանը

Կ'ենթադրուի, որ այստեղ ծնած է նաեւ Պոնտոսի թագաւոր Միհրդատ VI Եւպատորը (մ.թ.ա. 132-63 թուականներ)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Թ.Խ. Յակոբեան (1987)։ Պատմական Հայաստանի քաղաքները։ Երեւան։ «հայաստանէ, էջ 35-39: