Ամառնային Չորութիւն
Ամառնային Չորութիւն, աշխարհի կլիմային միշտ աւելի բարձր աստիճաններ արձանագրելուն պատճառով ամառը միշտ վտանգ կայ, որ բնութիւնը չորութենէ տառապի:
Բազմաթիւ հանգամանքներ կը մղեն դէպի բնական այս երեւոյթը: Օդերեւութաբանական չորութիւնը տեղի կ'ունենայ, երբ երկար շաբաթներ չ'անձրեւեր: Ժամանակ մը ետք հողը ջուրի պակաս կ'ունենայ, եւ գիւղատնտեսութիւնը կը տառապի երաշտէ: Իսկ երբ ջրային ուղիներուն եւ գետնի տակի ջրային խաւերուն մակարդակը շատ ցած կ'ըլլայ, ընդհանուր չորութիւն կը տիրէ: Այս հարցը աշխարհի ամէն կողմը կը պատահի, եւ յատկապէս` արեւադարձային կարգ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս` Մեքսիքա եւ Հնդկաստան, որովհետեւ այդ շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը շատ բարձր կ'ըլլայ, եւ ջուրը շատ աւելի շուտ կը շոգիանայ[1]:
Երաշտը եւ հետեւանքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախ եւ առաջ բոյսերը կը ծարաւնան, եւ բուսականութիւնը կը չորնայ: Անտառային հրդեհները կը բազմանան: Ջուրի պակասի պատճառով կարգ մը անասուններ կրնան հիւանդանալ կամ կը ստիպուին գաղթել. բան մը, որ կը խախտէ բնութեան հաւասարակշռութիւնը: Մարդն ալ պէտք ունի ջուրի` ապրելու եւ իր ցած դաշտերը ջրելու համար: Ուրիշ հարց մըն ալ կը յառաջանայ. չորցող հողերը նուազ դիւրութեամբ կրնան ծծել անձրեւներուն ջուրը: Հետեւաբար ջրային ուղիները կրնան յորդիլ եւ քաղաքները ողողել:
Սակայն մարդ արարածը միայն չորութեան զոհ մը չէ. կարգ մը պարագաներու ան նաեւ պատասխանատու է, որովհետեւ ան հարցը կը ծանրացնէ: Երկրագործութիւնը եւ ճարտարարուեստը մեծ քանակով ջուր կը սպառեն:
Իւրաքանչիւր տան մէջ նաեւ պէտք է խուսափիլ ջուրի վատնումէն` պահպանելու համար ջուրը, որ շատ թանկագին տարր մըն է կապոյտ մոլորակին համար[2]: