Ամանոր եւ Կաղանդ Պապուկի հետ կապուած աւանդութիւններ
Կաղանդ Պապա, Կաղանդի գիշեր մեծ ուրախութեամբ կը բանաս կաղանդի ծառին տակ շարուած նուէրները։ Սակայն ուրկէ՞ կու գայ նուէրներ բաժնելու այս սովորութիւնը։
Արդէն Ք.Ա. յոյները իրարու նուէրներ կը բաժնէին տարուան ամէնէն կարճ օրը՝ 21 կամ 22 Դեկտեմբերին։
Հռոմի մէջ Դեկտեմբերին տեղի կ'ունենային սատուռնեան տօները։ Ի պատիւ Սթրենիա աստուածուհիին, հռոմէացիները կը փոխանակէին ոսկիէ կամ արծաթէ առարկաներ, մաղթելու համար հարստութիւն. կը փոխանակէին նաեւ մեղր, իբրեւ մեղմութեան նշան։
Առասպելները շատ են նաեւ հիւսիսային Եւրոպայի մէջ։ Օրինակի համար, կը պատմեն թէ Օտէն աստուած հոյակապ ձիու մը վրայ նստած տունէ տուն կ'երթար եւ նուէրներ կը բաժնէր բարի պզտիկներուն։
Նորվեկիոյ անտառներուն մէջ բնակող երեւակայական թզուկներ ամէն ձմեռ կ'ելլէին իրենց քարայրներէն, նուէրներ բաժնելու համար։
Սակայն կամաց-կամաց քրիստոնեայ սուրբերը առին հեթանոս չաստուածներու տեղը։
Այս ձեւով, սպանացիները կը մտածէին, թէ սրբուհի Քաթրին օդին մէջ կը տեղափոխուէր մեծ անիւով մը եւ 25 Նոյեմբերին պատուհաններուն ծայրը նուէրներ կը զետեղէր պզտիկներուն համար։ Մինչ Աւստրիոյ մէջ սրբուհի Պարպ նուէրներ կը բաժնէր 4 Դեկտեմբերին:
Այս կրօնական հաւատալիքներէն քանի մը հատը տակաւին մինչեւ այսօր գոյութիւն ունին։ Ասոնցմէ ծնած է նաեւ նշանաւոր սուրբ Նիքոլան:
Պելճիքայի, Աւստրիոյ, Հոլանտայի եւ Ֆրանսայի մէջ կը պատմեն, թէ սուրբ Նիքոլա կու գայ Սպանիայէն, նարիջներով եւ նուէրներով լեցուն նաւով մը, 5 Դեկտեմբերի գիշերը։ Անոր կ'ընկերակցի իր օգնականը՝ Սեւ Փիեռը, որուն երեսը ծածկուած է մուրով։
Երկուքը միասին նուէրներ կը զետեղեն կրակարաններուն կամ դուռերուն առջեւ դրուած կողովի մը մէջ։
Քրիստոնեայ սուրբերու նկատմամբ հաւատքը շատ զօրաւոր մնացած է դարերու ընթացքին, սակայն անոնց կու գան միանալու նաեւ առասպելներուն բարի կամ չար վհուկները, պարիկները, թզուկները:
Այս ձեւով, կը պատմեն, թէ Ֆուէթար (ծեծող) պապան խարազաններ կը զետեղէր ծոյլ պզտիկներու տուներուն մէջ։ Մինչ Արիէ մօրաքոյրը ունէր երկաթէ ակռաներ եւ սազի ոտքեր։ Իշու մը վրայ նստած, ան կը շրջէր եւ նուէրներ կը բաժնէր պզտիկներուն։ Իսկ Զուիցերիոյ մէջ չար պզտիկները գետը կը նետէր։
Վերջապէս կը հասնի Կաղանդ Պապան...
1822 թուականին Նիւ Եորքի մէջ առաջին անգամ կը յայտնուի Կաղանդ Պապան, որ այդ ժամանակ, կը կոչուէր Սանթա Քլաուս։
Այդ տարին պատուելի մը՝ Քլեմըն Քլարք Մուր բանաստեղծութիւն մը կը յօրինէ իր պզտիկներուն համար։ Սուրբ Նիքոլան կը ներկայացուի իբրեւ ծեր, զուարթ եւ գիրուկ թզուկ մը, կարմիր քիթով եւ ճերմակ մօրուքով։ Այդ շրջանի գծագրիչները զինք կը ներկայացնեն կարմիր կարճ բաճկոնակ մը եւ փակած տաբատ մը հագած։ Բանաստեղծութիւնը յաջորդ տարին կը տպուի թերթի մը մէջ եւ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ։
Ժամանակի ընթացքին Կաղանդ Պապան շատ ժողովրդական կը դառնայ եւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ կը ստանայ տարբերակ անուն մը՝ Ֆատըր Քրիսմըս, Պապօ Նաթալ, Սանթա Քլաուս, Վէյնախթման:
Ան Եւրոպա կը հասնի 20ական թուականներուն։ Այդ շրջանին առաջին անգամ ըլլալով հսկայական լուսաւորուած եղեւիններ կը զետեղուին քաղաքներու փողոցներուն մէջ։ Կաղանդ Պապաներ կ'երեւին մեծ խանութներուն մէջ, ուր կ'ընդունին երեխաներուն ապսպրանքները։
Ամերիկայէն եկած այս Կաղանդ Պապան անմիջապէս կ'առնէ տեղը սուրբ Նիքոլային կամ Յիսուս Մանուկին, որ արդէն նուէրներ կը բաժնէր կարգ մը շրջաններու մէջ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ազդակ օրաթերթ, 1996- բացառիկ, Պէյրութ։