Jump to content

Ալեքսան Պէզճեան

Ալեքսան Պէզճեան
Ծնած է 19 Ապրիլ 1837(1837-04-19)
Ծննդավայր Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Aleppo Eyalet, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 9 Փետրուար 1913(1913-02-09) (75 տարեկանին)
Մահուան վայր Այնթէպ, Այնթապի սանջակ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Երեխաներ 3 աղջիկ և 1 մանչ

Ալեքսան Պէզճեան (Տոքթ. 19 Ապրիլ 1837(1837-04-19), Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Aleppo Eyalet, Օսմանեան Կայսրութիւն - 9 Փետրուար 1913(1913-02-09), Այնթէպ, Այնթապի սանջակ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), թոռն է անուանի բնագէտ-քիմիաքէտ Փրօֆ. Ալեքսան Պէզճեանի, եւ որդին՝ օրէնագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան ուսուցչապետ, (Սորպոնի շրջանաւարտ), եւ յետոյ Ազգապետ Փրօֆ. Զենոբ Պէզճեանի։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնիկ Այնթապցի, Նախ կաւարտած է Այնթապի Գոլէճը 1911-ին, ստանալով Պ.Ա. տիտղոսը, որուն առեւտրական ճիւղին հետեւելէ յետոյ մտած է բժշկական ճիւղը եւ աւարտած է 1917-ին։ Ա. Ընդհ. Պատերազմին եղած է բժիշկ-հարիւրապետ թրքական բանակին մէջ, Զինադադարէն յետոյ՝ բժիշկ Այնթապի ամերիկեան հիւանդանոցին (Այնթապի ինքնապաշտպանութեան միջոցին):

1920-23-ին` բժիշկ Պոլսոյ ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ։ 1923-25-ին` Լիբանանի ամերիկեան Նիյր Իսթ Րիլիֆի որբանոցներու օգնական բժշկապետ։ Տարի մը մասնագիտութեան կը հետեւի Լոնտոն եւ Փարիզ, եւ 1926-32 դասախօսած է . պաշտօնավարած է Իրաք՝ Նաւթի Ընկերութեան մէջ հիւանդանոցի բժիշկի հանգամանքով։

Ապա հաստատուած է Պէյրութ եւ ունի իր անձնական դարմանատունը։ Զինադադարէն յետոյ ծառայած է Հալէպի ազգային վարչութեան մէջ, եւ իբր Կարմիր Խաչի բժիշկ վերադարձող հայ գաղթականներուն։

Ամուսնացած է ունի 4 զաւակներ, 3 աղջիկ եւ մանչ մը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր ա. (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։