Ալեքսանտր Կրահամ Պելլ
Ալեքսանտր Պելլ (3 Մարտ 1847[2][3][1][…], Էտինպրա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն[1] - 2 Օգոստոս 1922[4][2][1][…], Beinn Bhreagh, Վիքթորիայի Գաւառ, Նոր Սկովտիա, Քանատա[5]), սկովտիացի գիտնական եւ գիւտարար, հեռախօսի գիւտարարը: Զբաղած է ուսուցչութեամբ՝ մասնաւորապէս դասաւանդելով խուլերու դպրոցին մէջ:
Մանկութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ալեքսանտր Պելլը ծնած է Սքոթլանտիայի Էտինպուրկ քաղաքին մէջ 3 Մարտ 1847ին[9]: Անոր հայրենի տան հասցէն է՝ Սաութ Շառլոթ Փողոց 16: Տունն ունի քարէ գրութիւն, ուր նշուած է, որ ան եղած է Ալեքսանտր Կրահամ Պելլի ծննդավայրը:
Ան երկու եղբայր ունէր՝ Մելուիլ Ճեյմզ Պելլ (1845-1870 թուականներ) եւ Էտուարտ Չարլզ Պելլ (1848-1867 թուականներ): Անոնք երկուքն ալ մահացած են թոքախտէն[10]:
Անոր հայրը համալսարանի դասախօս Ալեքսանտր Մելուիլ Պելլն է, իսկ մայրը՝ Էլիզա Կրէյսը:
Թէեւ անոր իսկական անունը Ալեքսանտր էր, 10 տարեկանին ան դիմեց իր հօրը, որ ունենայ ուրիշ անուն մը, ինչպէս իր եղբայրները[11]: Իր 11-րդ ծննդեան առթիւ հայրը անոր ըսածը ընդունեց «Կրահամ» անունը որպէս երկրորդ անուն, ինչ որ ընտրած էր Քանատացի Ալեքսանտր Կրահամի պատւոյն, որ դարձած էր իրենց ընտանիքի բարեկամը[12]: Իր մօտ հարազատներուն եւ ընկերներուն համար ան մնաց «Ալեք»: Մինչեւ վերջ Պելլի հայրը այդպէս կ'անուանէր զինք[13]:
Առաջին Յայտնագործութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Որպէս երեխայ Ալեքսանտր Պէլլը անսովոր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր շրջապատող աշխարհի նկատմամբ․ ան կը հաւաքէր տարբեր կենսաբանական նմոյշներ եւ դեռ բաւական փոքր հասակին գիտափորձեր կ'ընէր: Անոր լաւագոյն ընկերը Պէն Հըրտմանն էր, որուն ընտանիքը ալրաղաց մը ունէր: Պատանի Ալեքը օր մը կը հարցնէր, թէ ի՞նչ կ'ընէ ալրաղացը. անոր բացատրած էին, որ ան կը կեղեւազատէ ցորենը՝ բաւական աշխատատար եղանակով: Այն ժամանակ, 12 տարեկան հասակին Ալեքը տան պայմաններով պատրաստրեց սարքաւորում մը, որ պտտուող թիակներու եւ խոզանակներու համակցութիւն մըն էր՝ ստեղծելով պարզ կեղեւազատող մեքանիզմ մը․ ան գործի դրուեցաւ ալրաղացին մէջ եւ անխափան աշխատեցաւ քանի մը տարի: Ընկերոջ հայրը՝ Ճոն Հըրտմանը երկու տղաներուն տուաւ փոքր արհեստանոց մը, ուր անոնք կրնային աշխատիլ տարբեր սարքաւորումներու վրայ:
Դեռ փոքր հասակէն Պելլը կը ցուցաբերէր ուշիմութիւն եւ տաղանդ՝ արուեստի, բանաստեղծութեան, երաժշտութեան նկատմամբ, ինչ որ կը խրախուսուէր իր մօր կողմէ: Ան առանց մասնագէտի օգնութեան սորվեցաւ դաշնամուր նուագել եւ դարձաւ տան միակ անդամը, որ կը տիրապետէր այդ գործիքին:
Հակառակ անոր ինքնամփոփ եւ հանգիստ բնաւորութեան, ան հաճոյք կը ստանար նմանակումներ եւ «ձայնային հնարքներ» ընելով, որոնցմով մշտապէս կը զուարճացնէր տան հիւրերը: Պելլի վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած էր նաեւ մօր խլութիւնը (ան սկսած էր կորսնցնել լսողութիւնը, երբ Պելլը 12 տարեկան էր). այդ պատճառով Պելլը սորված էր խուլերու լեզուն: Պելլը նաեւ իւրացուց յստակ, կանոնաւորուած հնչիւնները անմիջապէս խուլ զրուցակցի գլխուն վրայ արտասանելու ճարպիկ ձեւերը, որուն պարագային մայրը կրնար որոշակի ճշգրտութեամբ հասկնալ իր որդիին: Մօր առողջութեամբ Պելլի մտահոգութիւնը պատճառ հանդիսացաւ, որ ան սկսի ուսումնասիրել ականջային եւ այլ լսողական դրութիւններ:

Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պելլը կանուխ տարիքին, եղբայրներուն նման, կրթութիւնը ստացած է տան մէջ՝ հօր օգնութեամբ: Աւելի ուշ կ'ընդունուի Էտինպըրկի Արքայական աւագ դպրոց (Էտինպըրկ, Սքոթլանտա), բայց դուրս կու գայ 15 տարեկանին՝ աւարտելով միայն առաջին չորս դասարանները: Դպրոցին մէջ ան առանձնապէս աչքի չի զարներ, յաճախ կը բացակայէր եւ ցած գնահատականներ կը ստանար: Անոր կը հետաքրքրէին բնական գիտութիւնները, յատկապէս կենսաբանութիւնը, իսկ միւս նիւթերուն հանդէպ անտարբեր էր։
Դպրոցէն դուրս գալէն ետք՝ Պելլը կ'ուղեւորուի Լոնտոն իր հօր՝ Ալեքսանտր Պելլի հետ ապրելու: Հօր հետ անցուցած մէկ տարուայ ընթացքին անոր մօտ ուսման հանդէպ սէր կը ծնի, անոնք միասին ժամեր կ'անցընէին դասերը պատրաստելու եւ լուրջ քննարկումներու վրայ։ Աւագ Պելլը ջանք չէր խնայեր օգնելու իր երիտասարդ աշակերտին՝ յստակ եւ համոզիչ խօսիլ սորվելու, հմտութիւն, որ յետագային որպէս ուսուցիչ պէտք պիտի ունենար:
16 տարեկանին ան Ուեսթոն Հաուս Ակադեմիային մէջ կը ստանայ երաժշտութեան եւ ճարտասանութեան «աշակերտ–ուսուցչի» պաշտօն: Ան միաժամանակ թէ’ լատիներէն եւ թէ յունարէն առարկաներու ուսանող էր եւ ինքն էր որ կը դասաւանդէր՝ ուսումնական տարուայ համար 10 փաունտ վարձավճարով: Յաջորդ տարի ան ընդունուեցաւ Էտինպըրկի համալսարան, միանալով իր աւագ եղբօր՝ Մելուինին: 1868 թուականին, մինչ ընտանիքին հետ Քանատա մեկնիլը, Ալեքը կը յանձնէ աւարտական քննութիւնները եւ կ'ընդունուի Լոնտոնի համալսարան:
Հեռաձայնը[14]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինչեւ 1874 թուական, Պելլի նախնական աշխատանքը «ներդաշնակ հեռագրի» (harmonic telegraph) վրայ թեւակոխած էր կազմաւորման փուլ մը։ Յաջողութիւններ արձանագրուած էին թէ՛ իր Պոսթընի նոր «փորձանոցին» (վարձուած տարածք մը) եւ թէ՛ Գանատայի իր ընտանեկան տան մէջ։ Այդ ամառ, Պրենթֆորտի մէջ աշխատած միջոցին, Պելլ փորձարկումներ կատարեց «ֆոնաութոկրաֆ»-ով (phonautograph)՝ գրիչանման սարք մը, որ կրնար մուրով պատուած ապակիի վրայ գծել ձայնային ալիքներու պատկերները՝ հետեւելով անոնց թրթռացումներուն։ Պելլ կը խորհէր, որ կարելի է յառաջացնել փոփոխական ելեկտրական հոսանքներ, որոնք կը համապատասխանէին ձայնային ալիքներուն։ Ան նաեւ կը կարծէր, որ տարբեր յաճախականութիւններու վրայ լարուած բազմաթիւ մետաղեայ լեզուակները (քնարի նման) պիտի կարենային այդ հոսանքները վերածել ձայնի։ Սակայն ան չունէր գործող օրինակ մը, ապացուցելու համար այս գաղափարներուն իրագործելիութիւնը։
1874-ին հեռագրական հաղորդագրութիւններու երթեւեկը արագօրէն կ'աճէր եւ, «Western Union»-ի նախագահ Ուիլիամ Օրթընի բառերով, դարձած էր «առեւտուրի ջղային դրութիւնը»։ Օրթըն պայմանագիր կնքած էր գիւտարարներ Թոմաս Էտիսընի եւ Էլիշա Կրէյի հետ՝ գտնելու միջոց մը, որով կարելի ըլլար իւրաքանչիւր հեռագրալարով բազմաթիւ հեռագիրներ ուղարկել, խուսափելու համար նոր գիծերու կառուցման հսկայական ծախսերէն։ Երբ Պելլ Կարտինըր Հապըրտին եւ Թոմաս Սանտըրզին յայտնեց, որ կ'աշխատի հեռագրալարի միջոցով բազմաթիւ ձայներ ուղարկելու մեթոտի մը վրայ (օգտագործելով բազմալեզուակ սարք մը), անոնք սկսան նիւթապէս օժանդակել Պելլի փորձարկումներուն։ Արտօնագրային (patent) հարցերով կը զբաղէր Հապըրտի փաստաբանը՝ Էնթընի Փոլոքը։
1875-ի Մարտին, Պելլ եւ Փոլոք այցելեցին գիտնական Ճոզեֆ Հենրիին՝ Սմիթսոնեան հաստատութեան (Smithsonian Institution) այն ժամանակուան տնօրէնին, խորհրդակցելու համար ելեկտրական բազմալեզուակ սարքին շուրջ, որուն միջոցով Պելլ կը յուսար մարդկային ձայնը հաղորդել հեռագրով։ Հենրի ըսաւ, որ Պելը ունի «մեծ գիւտի մը սաղմը»։ Երբ Պելլ նշեց, որ չունի անհրաժեշտ գիտելիքները, Հենրի պատասխանեց. «Ձեռք բե՛ր զանոնք»։ Այս յայտարարութիւնը մեծապէս քաջալերեց Պելլը՝ շարունակելու փորձերը, թէեւ ան չունէր ո՛չ անհրաժեշտ սարքաւորումները եւ ո՛չ ալ իր գաղափարներուն գործող օրինակը ստեղծելու կարողութիւնը։ Սակայն 1874-ին Պելի եւ Թոմաս Ա. Ուաթսընի միջեւ պատահական հանդիպումը փոխեց կացութիւնը. Ուաթսըն փորձառու ելեկտրական նախագծող եւ մեքենագէտ էր Չարլզ Ուիլիամզի արհեստանոցին մէջ։
Սանտըրզի եւ Հապըրտի նիւթական աջակցութեամբ, Պելլ վարձեց Ուաթսընը որպէս իր օգնականը եւ երկուքով սկսան փորձարկումներ կատարել ձայնային հեռագրութեան (acoustic telegraphy) ոլորտին մէջ։ 1875-ի Յունիս 2-ին, Ուաթսըն պատահմամբ դպաւ լեզուակներէն մէկուն, եւ Պելլ, լարին միւս ծայրին, լսեց լեզուակի այն «օվըրթոները» (overtones), որոնք անհրաժեշտ էին խօսքի հաղորդման համար։ Այդ մէկը Պելլին ապացուցեց, որ միայն մէկ լեզուակ կամ ամրան (armature) անհրաժեշտ էր եւ ոչ թէ բազմաթիւ լեզուակներ։ Ասիկա յանգեցուց «կախաղանի» նմանող ձայնային հեռաձայնի ստեղծման, որ կրնար հաղորդել անորոշ, ձայնանման հնչիւններ, բայց ոչ յստակ խօսք։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 https://www.biography.com/people/alexander-graham-bell-9205497
- 1 2 3 4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- 1 2 Bruce R. V. Bell, Alexander Graham (03 March 1847–02 August 1922), inventor and educator // American National Biography Online / S. Ware — [New York]: Oxford University Press, 2017. — ISSN 1470-6229 — doi:10.1093/ANB/9780198606697.ARTICLE.1300115
- 1 2 Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
- 1 2 https://archive.nytimes.com/www.nytimes.com/learning/general/onthisday/bday/0303.html
- ↑ Notable Names Database — 2002.
- ↑ University of Toronto, Laval University Dictionary of Canadian Biography, Dictionnaire biographique du Canada / G. Brown, D. Hayne, F. Halpenny et al. — UTP, Presses de l'Université Laval, 1959. — ISSN 0420-0446; 0070-4717
- ↑ Geni — 2006.
- ↑ Պետրի, 1975 թ, էջ 4
- ↑ «Ալեքսանտր Գրահամ Բելի ժամանակագրութիւնէ memory.loc.goiv., 28 Յուլիս, 2010
- ↑ «անուանեցէք ինծի Ալեքսանտր Կրահամ Պելլ» Archived 2009-01-06 at the Wayback Machine. fi.edu., 28 Յուլիսի, 2010
- ↑ Գրաունդուոթեր, 2005 թ, էջ 23
- ↑ Բրիւս, 1990 թ, էջ 17-19
- ↑ (անգլերեն) Alexander Graham Bell, 2025-12-09, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Alexander_Graham_Bell&oldid=1326569742, վերցված է 2025-12-17
| ||||||||||