Jump to content

Սուկաւէտ


Սուկաւէտ (թրք.՝ Kösedağ ― Քէօշէտաղ, քրտ.՝ Mîrê Çiyaya), հրաբխային մէկուսի լեռ (3445 մ)։ Կը գտնուի Հայկական Պար լեռնաշղթային արեւմուտքը (լեռնաշղթային ամէնէն բարձր գագաթն է)։ Հիմքին շրջագիծը շուրջ 16 քմ է, յարաբերական բարձրութիւնը՝ 1200 մ։

Լանջերը զառիթափ են, տեղ-տեղ՝ քարակարկառներով։ Սուկաւէտէն սկիզբ կ'առնեն Շարիան գետին (Արածանիի վտակ) ձախափնեայ վտակները։ Բուսածածկոյթը լեռնատափաստանային է։ Գագաթին կը գտնուին ալպեան մարգագետիններ։

Սուկաւէտ լերան մասին աւանդավէպը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիրոյ պատմութիւն մը հիւսուած է Հայկական պար լեռնաշղթային երկու գագաթներուն՝ Սուկաւէտին եւ Ալատաղին մասին։ Սուկաւէտը եղած է գեղեցիկ հայ հովիւ մը, իսկ Ալատաղը՝ քիւրտի նոյնքան գեղեցիկ աղջիկ մը: Երկուքը լերան վրայ հանդիպելով՝ կը սիրահարին։ Սուկաւէտը Չանկլի գիւղին քահանային որդին էր, Ալատաղը՝ Մանտուր գիւղին շէյխին դուստրը։ Ծնողները կը մերժեն նման ամուսնութիւնը։ Սիրահարները անտեսելով ծնողներուն կամքը՝ Համբարձման տօնին գիշերը կը փախչին ամառանոցէն ու կը պահուըտին։ Ծնողները տեղեկանալով՝ կ'անիծեն անհնազանդները, որոնք իրարմէ հեռու լեռներու կը վերածուին. երիտասարդը՝ Հայկական պարին կեդրոնը, Ալաշկերտ եւ Բասէն գաւառներու սահմանագիծին, իսկ աղջիկը՝ Վանանդ եւ Բասէն գաւառներու միջեւ՝ կարօտալից հայեացքները միշտ իրարու յառած։ Երկուքին դէմքին ալ արցունքը կը սառի, կը վերածուի ձիւնի։ Սակայն ամէն Համբարձման տօնի գիշերը՝ լուսադէմին, Սուկաւէտ եւ Ալատաղ լեռները Չանկլի գիւղին մօտ կը հանդիպին իրարու, կը գրկախառնուին, ապա լալով կը բաժնուին։

Ամէն տարի Համբարձման տօնին հայ եւ քիւրտ երիտասարդները ուխտի կ'երթային Ալատաղ, մոմ կը վառէին, հայերէն եւ քրտերէն սիրային երգեր կ'երգէին[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուկաւէտ լեռ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։