Jump to content

Ալ­պերթ Խա­ռա­տեան

Ալ­պերթ Խա­ռա­տեան
Ծնած է 24 Սեպտեմբեր 1939(1939-09-24)[1] (85 տարեկան)
Ծննդավայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն և  Հայաստան
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն բանասէր և պատմաբան
Աշխատավայր Հայկական սովետական հանրագիտարան?, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկ և Երեւանի Պետական Համալսարան

Ալպերթ Խառատեան (24 Սեպտեմբեր 1939(1939-09-24)[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ պատ­մա­բան, հա­յա­գէտ, Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միո­յ թղթա­կից-ան­դամ, գիտ­նա­կան, պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տոքթոր։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1939 թուականի Օգոստոսի 24-ին, Երեւանի մէջ: Դպրոցը աւարտելէ ետք, 1959 թուականին ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական կաճառը, զոր աւարտած է 1964 թուականին։

Մինչեւ 1966 թուական աշխատած է Ապարանի շրջանի Ծաղկահովիտ, այնուհետեւ Էջմիածնի շրջանի Լենուղի գիւղերուն մէջ՝ իբրեւ միջնակարգ դպրոցի ուսուցիչ:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խառատեան պաշտօնավարած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ համակարգին մէջ աւելի քան քառասունմէկ տարի, որուն քսանինն տարին՝ Պատմութեան կաճառէն ներս: Այսպէս․

  • 1967-1972 թուականներու միջեւ աշխատած է «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան»ի յատուկ գիտական խմբագրութեան մէջ, նախ, իբրեւ սրբագրիչ, ապա խմբագիր,
  • 1973-1985 թուականներու միջեւ՝ Սովետական Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ հասարակական գիտութիւններու գիտական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ իբրեւ աւագ գիտաշխատող, գիտական խումբի ղեկավար,
  • 1985 թուականի Ապրիլէն սկսեալ աշխատանքի անցած է Պատմութեան կաճառին մէջ՝  իբրեւ աւագ գիտաշխատող,
  • 1992 թուականէն սկսեալ եղած է Հայ պարբերական մամուլի եւ հասարակական-քաղաքական մտքի պատմութեան բաժնի վարիչ:
  • 1972 թուականին Խառատեան պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն՝ «Զմիւռնիոյ հայ պարբերական մամուլը 19-րդ դարու 40-60-ական թթ.» թեմայով, 1986 թուականին տոքթորական ատենախօսութիւն՝ «Հասարակական միտքը Զմիւռնիոյ հայ պարբերական մամուլին մէջ (1840-1900)» թեմայով եւ ստացած է պատմական գիտութիւններու տոքթորի աստիճան:
  • 2009 թուականին ստացած է փրոֆէսէօրի աստիճան:
  • 1988 թուականի Յունուարէն սկսեալ ստանձնած է նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ աւագագոյն, արտերկրի մէջ եւս մեծ հեղինակութիւն ունեցող պարբերականի՝ «Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու» ամսագրի գլխաւոր խմբագրի պարտականութիւնը: Վերջին տարիներուն եւս Խառատեանի ջանքերով «Լրաբեր»ը լուրջ ներդրում ունի արտերկրի հայ եւ օտարազգի հեղինակները Հայաստանի գիտական հանրութեան ծանօթացնելու գործին մէջ՝ ռուսերէն ու եւրոպական լեզուներով տպագրելով անոնց յօդուածները:

Խառատեան «Գիտութեան աշխարհին մէջ» գիտահանրամատչելի հանդէսի հիմնադրման օրէն՝ 2005 թուականէն, ցայսօր կը գլխաւորէ անոր հասարակագիտական բաժինը:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ պարբերական մամուլի եւ հասարակական մտքի, հայ գաղթօճախներու պատմութեան մեծ մասնագէտ է՝ գիտահետազօտական աշխատանքներու լայն շրջագծով․ ինչպէս նաեւ գիտական առաջնակարգ արժէք ունեցող եւ միջազգային ճանաչում վայելող ուսումնասիրութիւններով:

Խառատեանի աշխատութիւնները կը վերաբերին տեսական կարեւորութիւն ունեցող այնպիսի հիմնահարցերու, ինչպէս՝ արեւմտահայերու լուսաւորական շարժումը 19-րդ դարուն, անոնց Ազգային սահմանադրութիւնը, հասարակական-քաղաքական հոսանքները հայ իրականութեան մէջ, արեւմտահայ մամուլի մտաւոր ու մշակութային արժէքը 1840-1922 թուականներուն, Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ համազգային նշանակութիւնը: Այս ոլորտներուն վերաբերող եօթ գիրքի, այդ կարգին՝ չորս մենագրութեան հեղինակ է:

Խառատեան լայն ճանաչում ունի Հայաստանի եւ արտասահմանի հայագիտական շրջանակներէն ներս։ Միացեալ Նահանգներու, Իտալիոյ, Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Լիբանանի, Ուքրանիոյ մէջ տպագրուած են անոր աշխատութիւնները, ինչպէս նաեւ գրախօսականները՝ անոնց վերաբերեալ:

Իբրեւ մանկավարժ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խառատեան մանկավարժական-դասախօսական աշխատանքի աւելի քան 40-ամեայ կենսագրութիւն ունի: 1972 թուականէն ի վեր ան կը դասախօսէ Հայաստանի համալսարաններուն մէջ:

1986-1999 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան կաճառին մէջ, 2002 թուականէն սկսեալ՝ նաեւ Արեւելագիտութեան կաճառի Թրքագիտութեան բաժնէն ներս:

Երկար տարիներ դասախօսած է Երեւանի «Գալիք» համալսարանի երդիքին տակ, ինչպէս նաեւ կատարած է վարչական աշխատանք։

Վերջին տարիներուն Գիտութեան ազգային ակադեմիոյ Միջազգային գիտակրթական կեդրոնի լրագրութեան ամպիոնի վարիչն է[2][3], Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ ալ ստանձնած է «Հայ գաղթօճախներ» ու «Հայ մամուլի եւ հասարակական մտքի պատմութեան» դասընթացքները[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 https://www.sci.am/membersview.php?id=483&langid=2
  2. Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, Ա․ հատոր, Երեւան, 2005 
  3. «Ալպերթ Խառատեան» 
  4. «ԵԶԱԿԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-09