Jump to content

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան
Տեսակ ուսումնարան?
Աշակերտներ 468 (2014-2015)
Երկիր  Լիբանան
Հասցէ Զալքա - Լիբանան

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը անգլերէն արեւելումով Հայ Կաթողիկէ միակ կրթական հաստատութիւնն է Լիբանանի մէջ։ Ան կը գտնուի լեռնալիբանանի Մեթնի շրջանի Զալքայի արուարձանին մէջ։ Վարժարանը կը բաղկանայ չորս յարկանի շէնքէ մը, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կից։
Վարժարանի յարկերուն տակ կը գտնուին երկու բացօթեայ եւ երկու գոց խաղադաշտեր, մարմնամարզի սրահ մը, համակարգիչի եւ գիտութիւններու տարրալուծարաններ, գրադարան եւ թատերասրահ։

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը hիմնադրուած է 1987 - 1988 տարեշրջանին։

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի առաքելութիւնն է քրիստոնէական ոգիով դրսեւորուած բարձրորակ ուսում եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել իր աշակերտներուն, անոնց մէջ ամրապնդելով քրիստոնէական հաւատքին հիմքերը եւ սորվեցնելով անոնց ապրիլ հայօրէն եւ դառնալ յաջողակ ու պարկեշտ հայորդիներ, պարծանք բերելով իրենց ազգին ու հայրենիքին, միեւնոյն ժամանակ ըլլալով հասարակութեան արդիւնաւէտ անհատները եւ իրենց ապրած երկրին պարկեշտ քաղաքացիները։ Վարժարանի տնօրէնութիւնը կը հաւատայ եւ, հետեւաբար, ի գործ կը դնէ Մարդկային Իրաւունքներու Համաշխարհային Հռչակագրի 26-րդ յօդուածը, որ կ'ըսէ, թէ «իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունի ուսում ստանալու»: Այսպիսով, տնօրէնութիւնը հաւասար առիթ կ'ընծայէ բոլոր ուսումնատենչ աշակերտներուն, անկախ անոնց պատկանելիութենէն, հպատակութենէն, հաւատքէն, ուսումնական կարողութենէն, ընկերատնտեսական կարգավիճակէն, որուն համար վարժարանը տնօրինող եւ հովանաւորող կողմը խորապէս կը հաւատայ թէ, ընտանիքներուն նիւթական դժուարութիւնները որեւէ արգելք պէտք չէ հանդիսանան իւրաքանչիւր աշակերտի ուսումնառութեան իրաւունքին։ Կրթական այս օճախը իր աշակերտները հաստատ քայլերով դէպի համալսարան կ'առաջնորդէ ակադեմական հարուստ ծրագրով մը, ուր անոնց կը շնորհուի բարձրորակ ուսում՝ մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական, նաեւ արուեստից (BP եւ BT բաժանումներով) դասարաններուն մէջ, առիթը տալով իրենց լաւագոյնս պատրաստուելու պետական քննութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ուսումնական ծրագիրներուն։

1987-1988
Հիմնադրութիւն եւ սկիզբ կրթական Ա. Տարեշրջանի (138 աշակերտ)

2002-2003
12-րդ դասարանի ընկերա-տնտեսական բաժնի բացում

2009-2010
11-րդ դասարանի գիտական բաժնի բացում 12-րդ դասարանի կենսաբանական բաժնի բացում

2009-2010
Մանկամսուրի բաժնի բացում

2010-2011
Արուեստից բաժնի բացում

2012-2013
12-րդ դասարանի ընդհանուր գիտութեանց բաժնի բացում

1/1/2013
www.sourpkhatchcollege.com կայքէջի մեկնարկ

2014-2015
468 աշակերտ

2014-2015
- 4-րդ յարկի կառուցում եւ կահաւորում
- Արուեստից բաժնի «BT3» դասարանի բացում
- Ամերիկեան Ծրագրի Բաժանմունքի բացում
- Ուսումնական Յատուկ կարիքներ Ունեցող Աշակերտներու Բաժանմունքի բացում

Ուսումնական Ծրագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանեան, ինչպէս նաեւ շուտով Ուսումնական Ամերիկեան ծրագիրներով, Ծաղիկ դասարանէն սկսեալ, ներառեալ նաեւ արուեստից բաժանմունքը, Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի կրթական համակարգը աշակերտակեդրոն է եւ կը հետապնդէ աշակերտութիւնը հաստատ քայլերով համալսարան առաջնորդելու նպատակ։ Ուսումնական ծրագիրը կը նպատակադրէ աշակերտները պատրաստել յաջողութիւն ձեռք ձգելու՝ շարունակաբար փոխուող ժամանակակից աշխարհին մէջ եւ զանոնք հասցնելու բարձր դիրքերու։

Ուսումնական ծրագիրը ձեւաւորուած է աշակերտներուն առիթ ընձեռելու՝ կրթական պահանջներու չափանիշերը նուաճելու, ինչպէս նաեւ զանոնք կը մղէ կեանքի մնայուն ուսանողներ դառնալու, որոնք կ'արժեւորեն, մարդկային բազմազանութիւնն ու ամբողջականութիւնը եւ գերազանցին հասնելու ձգտումը։

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի ուսումնական ծրագիրը կը միտի հասնելու կրթական տարբեր ունակութիւններ ունեցող բոլոր աշակերտներուն։ Այս ծրագիրը մշակուած է ապահովելու համար որակեալ կրթութիւն, ուղղելու աշակերտները՝ դառնալու ստեղծագործներ, քննադատական մտածողներ, խնդիր լուծողներ, հասարակութեան մէջ մշակութային առումով գիտակից եւ ընկերային գետնի վրայ պատասխանատու անհատներ։

Մեր աշակերտներուն արձանագրած պատուաբեր յաջողութիւնները թէ՛ պետական քննութիւններուն եւ թէ՛ համալսարանական կեանքէն ներս, լաւագոյն ապացոյցներն են Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ - Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի յարատեւական յաջողութիւն արձանագրող եւ իր գոյութիւնը արդարացնող աւելի քան քառորդ դարեայ պատմութեան։