Jump to content

Վաչէ Բրուտեան

Վաչէ Բրուտեան
Ծնած է 1953-ին
Ծննդավայր Հալէպ
Քաղաքացիութիւն Ամերիկա
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն հանրային գործիչ, խմբագիր, Հրապարակագիր
Մասնագիտութիւն Պէյրութի «Հայկազեան» Քոլէճ՝ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոս հայագիտութեան, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան՝ (AUB) Միջին Արեւելեան քաղաքական գիտութեանց ճիւղ՝ Մագիստրոս ծրագիր:
Աշխատավայր հայերէն լեզու եւ պատմութիւն ուսուցիչ, «Վանայ Ձայ» ռատիոկայանի տնօրէնութիւն

Վաչէ Բրուտեան (ծնած է Հալէպ, 1953-ին)։ Հրապարակագիր, խմբագիր: Ան մաս կազմած է ՀՅԴ Մամլոյ Դիւանին

Վաչէ Բրուտեան նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի Ազգային Սահակեան եւ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարաններէն ներս: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պէյրութի «Հայկազեան» Քոլէճէն, ստանալով Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսը հայագիտութեան մէջ։ Անկէ ետք մտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (AUB) Միջին Արեւելեան քաղաքական գիտութեանց ճիւղէն ներս Մագիստրոս ծրագրին համար:

Քանի մը տարի հայերէն լեզու եւ պատմութիւն դասաւանդած է Պէյրութի վարժարաններէն ներս:

1977-ին մաս կազմած է ՀՅԴ Մամլոյ Դիւանին, որ իրեն եւ միւս սերնդակիցներուն համար քաղաքական հրապարակագրութեան իսկական համալսարան մը եղած է: Հոն գործած է մինչեւ 1985, երբ հաստատութիւնը Աթէնք փոխադրուեցաւ

Խմբագրութիւն, Մամուլի աշխատակից

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրապարակագրական մարզէն ներս, Վաչէ Բրուտեան սկսած է աշխատակցիլ «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսնող «Երիտասարդական Էջ»ին, հետագային դառնալով նոյնինքն «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսնող «Զաւարեանական Էջ»ի խմբագիրներէն մէկը 1978-1980 տարիներուն:

1989-ի Յունուարին եղած է «Հայրենիք»ի օգնական խմբագիր: 1990-ի Յուլիս-Օգոստոսին ստանձնեց թերթին պատասխանատուութիւնը իբրեւ խմբագիր: Այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ 1993-ի Դեկտեմբեր:

1994-ին փոխադրուեցաւ Լոս Անճելըս, ուր Յունուար 1, 1995-էն սկսեալ ստանձնեց «Ասպարէզ» օրաթերթի փոխ-խմբագրի, ապա 2001էն սկսեալ խմբագրի պաշտօնը:

Ռատիոկայանի տնօրէնութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ապրիլ 1986-ին կը ստանձնէ «Վանայ Ձայ» ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը:


Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հայրենիք (թերթ, Պոսթըն)[permanent dead link]

Պոսթընի Հայերը