Մամուլ
Մամուլ, տպագրութիւն, հրատարակութիւն, տպագրական մեքենայ, տեղեկատուութիւն, տեղեկատուական ցանց կամ կառոյց․ տեղեկատուական որեւէ օրկան՝ օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսաթերթ կամ պարբերաթերթ։
Վերջին տասնամեակներուն, մամուլը աւելի լայն հասկացողութեամբ կը ներառէ ինչ որ առնչուած է տեղեկատուութեան. այսինքն՝ տպագրուած մամուլի կողքին, նաե՛ւ ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ համացանց[1]։
Պատմական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մամուլը ձեւաւորուած է Եւրոպայի մէջ, 15-րդ դարուն (գիրքեր, գրքոյկներ, թռուցիկներ եւ այլն)։ 17-րդ դարուն սկսանն հրատարակուիլ թերթեր ու ամսագիրեր, 19-րդ դարու կէսերուն հիմնուեցան մամուլի գործակալութիւններ։ Սկզբնական շրջանին մամուլը ծառայած է եկեղեցւոյ գաղափարախօսութեան։ Պատմական զարգացման ընթացքին հանդէս եկած է նաեւ աշխարհիկ մամուլ, որ արտայայտած ու պաշտպանած է տիրող դասակարգերու շահերը։
Տեղեկատուական բնագաւառը հսկայ աշխարհ մըն է, ուր մասնաւորաբար ելեկտրոնային մամուլի մարզէն ներս, ամէն օր տեղի կ'ունենան հսկայաքայլ ու աննախընթաց զարգացումներ։
Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը, հակառակ շարք մը վարչակարգերու կողմէ հաստատուած սահմանափակումներուն ու բանեցուող հակակշռին, դարձած է աշխարհի ամենէն հզօր ուժերէն մէկը, նոյնիսկ՝ յեղափոխութիւններ յառաջացնող, ատելութիւն հրահրող, իշխանութիւններ տապալող, կառոյցներ քանդող, դէպքեր այլափոխող, անձեր վարկաբեկող կամ՝ հակառակը։
Մամուլի ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մամուլի ծագումը կ’երթայ մինչեւ Ք.Ա. 59 թուական, երբ Հռոմի մէջ հանրութեան տեղեկութիւններ փոխանցելու փորձ մը եղած է, «Աքթա Տիուրնա» (Acta Diurna) անունով ծանօթ, պատերու կամ մետաղներու վրայ կատարուած փորագրութիւններով։
Առաջին տպագրուած շաբաթօրեայ թերթը լոյս տեսած է Սթրազպուրկի մէջ, 1605-ին գերմանացի Ճոհան Քարօլուսի կողմէ՝ «Կարեւոր եւ յիշարժան լուրերու ներկայացում» (Relation aller Fürnemmen und gedenckwürdigen Historien) անունով։
Ապա, տպագրուած մամուլը հանգրուանային զարգացումով սկսած է տարածուիլ գլխաւորաբար Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Հնդկաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ դառնալով, ծանուցումներու ու լրատուութեան կողքին, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ու հասարակական խնդիրներու քննարկումի կարեւոր ժբեմ։ Նկատի ունենալով մամուլին հետզհետէ աճող ազդեցիկ դերը ընկերութեան կեանքին մէջ, պետական, քաղաքական եւ այլ մարզերու պատկանող կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ ունեցած են իրենց մամուլի օրկանները թէ՛ իրենց սկզբունքները տարածելու ու շահերը հետապնդելու եւ թէ համակիրներ սիրաշահելու հեռանկարով[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «(PDF) The influence of sensationalist features in television news stories on perceived news quality and perceived sensationalism of viewers in different age groups»։ ResearchGate (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2021-03-02
- ↑ «2019 – Հայ Մամուլի Տարի « Western Prelacy»։ westernprelacy.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-21-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-02