ԿԱՄ (գրական հանդէս)


ԿԱՄ (Անգլերէնով՝ GAM Review, Ֆրանսերէնով՝ Revue GAM), վերլուծական եւ քննադատական հանդէս, Խմբագիր՝ գրականագէտ Մարկ Նշանեան։

Առաջին թիւը հրապարակուած է Փարիզ, 1980-ին։ Կը հրատարակուի պարբերականօրէն։ Բովանդակութիւնը կ'ընդգրկէ գեղարուեստական գրականութիւն՝ բանաստեղծութիւններ եւ արձակ գրութիւններ, ինչպէս նաեւ գրականագիտական-վերլուծողական յօդուածներ եւ թարգմանական էջեր։

«ԿԱՄ»ի մէջ լոյս տեսած են Վահէ Օշականի, Գրիգոր Պըլտեանի, Նիկողոս Սարաֆեանի, Մարկ Նշանեանի եւ բազմաթիւ այլ յայտնի գրողներու գործերը։

«ԿԱՄ»ի 6-րդ թիւին մէջ՝ Մարկ Նշանեան, Ժան-Լիւք Նանսիի մէկ գրութիւնը թարգմանած է հայերէնի ու տպած[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]