Թոքատապ

Թոքատապը, թոքերու բորբոքումն է, որ կրնայ ըլլալ ցպկային (bacterial), ժահրային (viral), սնկային (fungal) եւ մակաբուծային (parasitic), բայց ան առաւելաբար ցպկային բորբոքում է: Խառն ցպկային եւ սնկային թոքատապ հազուադէպ է[1][2]:

Թոքատապը յաճախակի վարակ մըն է, որ կը պատահի առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան: Ժահրային թոքատապը առաւելաբար կը պատահի տարեցներու եւ մանուկներու մօտ:

Սնկային թոքատապը յաճախակի չէ եւ անիկա կը տեսնուի ընդհանրապէս տկար դիմադրողականութիւն (immunity) ունեցողներու մօտ եւ ձեռքբերովի դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ախտանիշ (AIDS) ունեցողներու մօտ:

Մակաբուծայինը դարձեալ յաճախակի չէ: Մակաբոյծը, որ մարմինին մէջ կը ներխուժէ մորթի կամ բերանի ճամբով, արեան շրջագայութեան միջոցով կը հասնի թոքեր եւ կը յառաջացնէ թոքերու բորբոքում[3]:

Թոքատապը կը պատահի աջ կամ ձախ թոքերու որոշ մէկ բաժինին մէջ։ Սակայն ախտաւորումը կրնայ պատահիլ մէկ թոքի մէկէ աւելի բաժիններու մէջ եւ կամ երկու թոքերու տարբեր-տարբեր բաժիններու մէջ:

Թոքատապը կը զարգանայ որեւէ մէկ վայրի մէջ։ Սակայն անիկա ընդհանրապէս կը յայտնուի որոշ պայմաններու եւ հաւաքականութիւններու մէջ, օրինակ՝ հիւանդանոցներու, հաւաքական եւ խճողուած վայրերու, ծերանոցներու եւ մանկամսուրներու մէջ, ու առաւելաբար տկար դիմադրողականութիւն ունեցող անհատներու մօտ.[4] People who are old or very young may not have typical symptoms.[5]:

Ախտապատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թոքատապի ախտապատճառներները կարելի է ներկայացնել երկու խմբաւորումներով՝[6]

Հիմնական ախտապատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Տեսակաւոր մանրէներու ներկայութիւնը օդին մէջ։ Այս մանրէները շնչառութեան միջոցաւ՝ բերանէն եւ կամ քիթէն արագօրէն կը հասնին թոքերուն[7].
  • Թոքատապէ տառապող հիւանդներու ներկայութիւնը առողջ անձերու շուրջ[8]:

Թոքատապով ախտահարուած հիւանդներ կ'ապականացնեն իրենց շրջապատը իրենց թոքերու մանրէներով՝ արտաշնչումի ճամբով եւ թոքերու խուխի արտահանումով:

  • Այլ հիւանդութեան մը մանրէներու տարածումը դէպի թոքեր[9]:

Երկրորդական ախտապատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրորդական ախտապատճառները կը նպաստեն թոքերու արագ ախտահարման[10]:

Այդ ախտապատճառներէն են՝

  • Թունաւոր կազերով եւ քիմիական նիւթերով ապականած մթնոլորտ[11] .
  • Շրջապատի ոչ-առողջապահական պայմաններ.
  • Անհատներու տկար դիմադրողականութիւն.
  • Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն (gastro-esophageal reflux), ուր ստամոքսի հեղուկային թթուն դիւրաւ կը հասնի շնչափողին եւ թոքերուն.
  • Օտար մարմիններու ներխուժումը (foreign body aspiration) թոքերէն ներս:

Ախտահարում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեսնուած է որ հիւանդանոցներու մէջ զանազան հիւանդութիւններէ տառապող անձեր աւելի հաւանականութիւն ունին թոքատապով ախտահարուելու, քան՝ հիւանդանոցներէ դուրս գտնուողները, որովհետեւ հիւանդանոցներու մէջ բոյն դրած կ'ըլլան այնպիսի մանրէներ, որոնք դիւրաւ դարմանելի չեն եւ անոնք պարզ հակամանրէական դեղերով չեն հակակշռուիր:

Հիւանդանոցներու մէջ հետեւեալ հիւանդները աւելիով հակամէտ են զարգացնելու թոքատապ.

  • Արուեստական շնչառական սարքի (artificial respirator) օգտագործողներ.
  • Շնչափողային ներփող (tracheal intubation) ունեցողներ.
  • Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն ունեցողներ.
  • Նախապէս հակամանրէական դարմանում ստացողներ.
  • Սիրտի, թոքերու, լեարդի եւ երիկամներու տկար գործելակերպ կամ անբաւարարարութիւն (failure) ունեցողներ.
  • Տարեցներ եւ վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուածներ:

Ախտանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թոքատապի ախտանշաններն են՝ յոգնածութիւն, խուխով կամ առանց խուխի հազ, կրծքավանդակի ցաւ, ջերմ, արագ շնչառութիւն եւ սրտի զարկ, ինչպէս նաեւ շնչահեղձութիւն (dyspnea), մանաւանդ՝ աշխատանքի եւ ֆիզիքական յոգնութեան ընթացքին: Կրծքավանդակի ցաւը աւելի շատ կը պատահի ներշնչումի ընթացքին:

Իսկ յառաջացած թոքատապով ենթական կ'ունենայ կապտութիւն (cyanosis), ջրանուազում (dihydration), ջղացնցումներ, փսխունք, արթնութեան նուազում, առատ քրտինք եւ զարկերակային ճնշումի նուազում[12][13][14]:

Մանուկներու մօտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանուկներու մօտ վերոյիշեալ ախտանշաններու կողքին կը տեսնուին նաեւ այլ ախտանշաններ՝ անհանդարտութիւն, ջղագրգռութիւն եւ կապտութեան նշաններ, ինչպէս՝ շրթունքներու եւ մատներու եղունգներուն կապտիլը, որ նշան է արեան թթուածինի նուազումին: Իսկ տարեցները կը ցուցաբերեն նաեւ շփոթութիւն եւ կորսուած վիճակ:

Ախտաճանաչում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բժիշկը թոքատապի ախտաճանաչումը ընելու համար կը հետեւի հետեւեալ գործընթացին.

  • Կը լսէ հիւանդին պատմածը,
  • Կը կատարէ բժշկական մարմնական ընդհանուր քննութիւն եւ ընկալուչով (stethoscope) թոքերու մանրակրկիտ քննութիւն, որուն մէջ կը լսէ խռպոտ շնչառական ձայներ եւ խզզոց (rales), մանաւանդ՝ ներշնչումի ընթացքին:
  • Կը կատարէ թոքերու պարզ K ճառագայթային նկարահանում, ի պահանջեալ հարկին թոքերու համակարգչային նկարահանում (CT scan), արեան եւ խուխի պարզ քննութիւն եւ ցան (smear) ու մշակում (culture).
  • Բարդ եւ յառաջացած պարագաներուն կը կատարէ նաեւ ցնցղադիտակում (bronchoscopy), եւ թոքերու գերձայնային նկարահանում (ultrasound):

Թոքատապի դարմանումը եւ հիւանդին ապաքինումը կը տեւէ 5-7 օր: Հիւանդը կը պահուի տնային հանգիստ վիճակի մէջ եւ անոր կը տրուի առատ հեղուկ, հակամանրէական եւ հակաջերմ դեղեր:

Թոքատապի ծանր պարագաները հիւանդանոցային խնամքի պէտք է ենթարկուին. այնտեղ հիւանդին կը տրուի տեսակաւոր հակամանրէական դեղեր եւ արուեստական շնչառական սարքի միջոցաւ բաւականաչափ թթուածին:

Բոլոր պարագաներուն, թոքերու K ճառագայթային նկարահանումը պէտք է կրկնուի դարմանումէն վեց շաբաթներ ետք, վստահ ըլլալու համար, որ բորբոքումը վերջնականապէս անհետացած է:

Մանուկներու պարագային, թոքատապը կարելի է մասամբ մը կանխարգիլել, պարզապէս՝ պատուաստելով զանոնք influenza-ի պատուաստով:

Բարդութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թոքատապէ ախտահարուած անհատը կրնայ ունենալ հետեւեալ բարդութիւնները, նոյնիսկ՝ դարմանումի ընթացքին.

  • Խուխի կուտակում թոքերուն մէջ, որ կը վատթարացնէ կացութիւնը եւ պատճառ կը դառնայ թոքի թարախակոյտի (abcsess) յայտնաբերումին: Այս մէկը կը կարօտի վիրաբուժական միջոցառումի:
  • Չափազանց շնչահեղձութիւն, թթուածինի նուազում եւ յառաջացած կապտութիւն: Այս պարագային հիւանդին կ'օժանդակէ արուեստական շնչառական սարք-գործիքը, որպէսզի ներմուծուի բաւականաչափ թթուածին: Յաճախ շտապ օգնութեան ընթացքին կը կիրարկուի շնչափողային ներփողարկում:
  • Սիրտի յոգնածութիւն եւ աշխատանքի անբաւարարութիւն եւ նոյնիսկ՝ մահ:

Վերոյիշեալ բարդութիւնները առաւելաբար կը պատահին մանուկներու, տարեցներու, շաքարախտաւորներու եւ սիրտի հիւանդութիւններ ունեցողներուն մօտ:

Տե'ս Նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. McLuckie A., խմբգր․ (2009)։ Respiratory disease and its management։ New York: Springer։ էջ 51։ ISBN 978-1-84882-094-4 
  2. Leach, Richard E. (2009)։ Acute and Critical Care Medicine at a Glance (2nd հրտրկթն․)։ Wiley-Blackwell։ ISBN 1-4051-6139-6 
  3. Ashby, Bonnie; Turkington, Carol (2007)։ The encyclopedia of infectious diseases (3rd հրտրկթն․)։ New York: Facts on File։ էջ 242։ ISBN 0-8160-6397-4։ արտագրուած է՝ 2011-04-21 
  4. «What Is Pneumonia?»։ NHLBI։ March 1, 2011։ արտագրուած է՝ 2 March 2016 
  5. NHLBI (March 1, 2011)։ «What Are the Signs and Symptoms of Pneumonia?»։ արտագրուած է՝ 3 March 2016 
  6. Jeffrey C. Pommerville (2010)։ Alcamo's Fundamentals of Microbiology (9th հրտրկթն․)։ Sudbury MA: Jones & Bartlett։ էջ 323։ ISBN 0-7637-6258-X 
  7. «How Is Pneumonia Diagnosed?»։ NHLBI։ March 1, 2011։ արտագրուած է՝ 3 March 2016 
  8. «Who Is at Risk for Pneumonia?»։ NHLBI։ March 1, 2011։ արտագրուած է՝ 3 March 2016 
  9. «Types of Pneumonia»։ NHLBI։ March 1, 2011։ արտագրուած է՝ 2 March 2016 
  10. «How Can Pneumonia Be Prevented?»։ NHLBI։ March 1, 2011։ արտագրուած է՝ 3 March 2016 
  11. «How Is Pneumonia Treated?»։ NHLBI։ March 1, 2011։ արտագրուած է՝ 3 March 2016 
  12. Ruuskanen O, Lahti, E, Jennings, LC, Murdoch, DR (2011-04-09)։ «Viral pneumonia»։ Lancet 377 (9773): 1264–75։ PMID 21435708։ doi:10.1016/S0140-6736(10)61459-6 
  13. Lodha R, Kabra SK, Pandey RM (4 June 2013)։ «Antibiotics for community-acquired pneumonia in children.»։ The Cochrane database of systematic reviews 6: CD004874։ PMID 23733365։ doi:10.1002/14651858.CD004874.pub4 
  14. Osler William (1901)։ Principles and Practice of Medicine, 4th Edition։ New York: D. Appleton and Company։ էջ 108 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 17 Օգոստոս, 2012: