Jump to content

Թութք

Թութքը նախաղիի վեջաւորութեան հանգուցաւոր եւ ընդլայնած երակներ են, որոնք կուտակուած կ'ըլլան արիւնով[1] : Թութքը բնականօրէն կը պատահի բոլոր մարդոց մօտ, բայց ոչ անպայման ախտանշաններով: Հոս պիտի խօսիմ հիւանդագին թութքի մասին եւ պիտի գործածեմ «թութք» անուանումը միայն:

Թութքը կը դառնայ հիւանդագին երբ ան զգալիօրէն կը կուտակուի արիւնով եւ կը ծաւալի՝ յառաջացնելով որոշ ախտանշաններ:

Թութքը տեսնուած երեւոյթ է բոլոր ժողովուրդներու մէջ 4-5 տոկոսի համեմատութեամբ: Ան կը պատահի ամէն տարիքի առանց սեռի խտրութեան, համահաւասար համեմատութեամբ երկու սեռերուն մօտ եւ առաւելաբար 45-65 տարիքի մէջ։ Ան կը գոյանայ նախաղիի ներքնապատի վերջաւորութեան:

Թութքի յառաջացման կը նպաստեն զանազան ազդակներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝

  • Անկանոն կղկղանցումի (defication) սովորութիւն.
  • Երկարատեւ փորի պնդութիւն.
  • Մնայուն փորհարութիւն.
  • Անկանոն եւ յոռի սննդառութիւն (malnutrition).
  • Կղկղանցումի ընթացքին երկարատեւ եւ ուժգին ճնշում.
  • Յղութիւն, որուն պատճառով տեղի կ'ունենայ փորի պնդութիւն.
  • Աղիքներու ծուլութիւն եւ պրկումներու տկարացում, որոնց պատճառներն են՝
  1. Տարիքի յառաջացում.
  2. Նստակեաց կեանք եւ անշարժութիւն.
  3. Ներաղիքային հիւանդութիւններ.
  • Գիրութիւն-ճարպակալում.
  • Երկար ժամեր ոտքի կայնած աշխատանք.
  • Լեարդի աշխատանքի մնայուն տկարացում եւ լեարդի փճացում (liver cirrhosis).

Թութքը կը յայտնուի երկու ձեւերով՝ ներքին եւ արտաքին.

Ներքին թութքը անտեսանելի է բժշկական պարզ քննութեան ընթացքին: Ան կ'արիւնոտի կղկղանցումով եւ կղկղանքը ծածկուած կ'ըլլայ նոր եւ կարմիր արիւնով ինչպէս նաեւ խլնտաթաղանթային հեղուկով: Յաճախ ներքին թութքը կ'արտանքսուի (prolapse) սրբանէն (anus) դուրս ճնշումի բանեցումով: Արտանկուած թութքը որոշ ժամանակաշրջանէ մը ետք ինքնաբերաբար նախաղի կը մտնէ: Ներքին ծաւալած թութքը կը խցէ նախաղին մասնակիօրէն եւ պատճառ կը դառնայ ոչ-ամբողջական ու դժուար կղկղանցումի: Ներքին թութքը կրնայ հանգուցաւորուիլ (twisted) եւ յառաջացնել նախաղիի սուր ցաւ, արեան շրջանարութեան կասեցում եւ թութքի խոցաւորում (ulcer) ու մեռուկի (necrosis, gangrene) կազմութիւն:

Արտաքին թութքը տեսանելի է պարզ բժշկական քննութեան ընթացքին: Ան ցցուած կ'ըլլայ սրբանէն դուրս: Արտաքին թութքը ընդհանրապէս կը յայտնուի իբրեւ գոց կապոյտ ուռ մը, որ կը ստեղծուի արեան մակարդումով (thrombosis) եւ արիւնախիցերու (thrombus) կազմութեամբ: Այս խցումը կը յառաջացնէ ուժգին ցաւ եւ երբեմն արիւնահոսում:

Թութքի հիմնական ախտանշաններն են՝ արիւնահոսում եւ սրբանի ու յետոյքի քերուըտուք:

Թութքի ախտաճանաչումը պարզ եւ դիւրին է: Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս արտաքին թութքը տեսանելի է պարզ աչքով: Ներքին թութքը տեսանելի կ'ըլլայ նախաղիի դիտակումով (colonoscopy):

Թութքի դարմանումը հիմնականօրէն կը կատարուի վիրաբուժական գործողութեամբ: Սակայն կան այլ միջոցառումներ, որոնք կը մեղմացնեն թութքի ծաւալումը եւ անոր յառաջացուցած այլ ախտանշանները:

Այս միջոցառումներէն յիշատակութեան արժանի են՝

  • Հետեւիլ կանոնաւոր կղկղանցումի սովորութեան.
  • Գործածել փորի պնդութեան դէմ դեղեր.
  • Գործածել կղկղանքը կակուղցնող դեղեր.
  • Կղկղանցումէ ետք 10 վայրկյան տաք ջուրի մէջ նստիլ եւ լուացուիլ.
  • Գործածել զգայազրկիչ (anas-thetic) եւ ցաւաբեկ օծաններ (ointment) եւ ներդրիչներ (suppository).
  • Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի.
  • Չգիրնալ եւ ընդհակառակը՝ նիհարնալ.
  • Հետեւիլ օրինաւոր եւ ամէնօրեայ մարմնամարզանքի.
  • Չաշխատիլ երկար ժամեր ոտքի կայնած.
  • Ներաղիքային հիւանդութիւներու գոյութեան պարագային կանխարգիլել եւ կամ դարմանել զանոնք:

Թութքի վիրաբուժական գործողութիւնը պէտք է կատարուի մասնագէտ վիրաբուժի մը ձեռամբ:

Թութքը կրնայ վերայայտնուիլ վիրաբուժական գործողութենէն որոշ ժամանակաշրջան մը ետք: Հետեւաբար կանխազգուշական միջոցառումները խիստ կարեւոր են:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. name=World09>Schubert MC, Sridhar S, Schade RR, Wexner SD (July 2009)։ «What every gastroenterologist needs to know about common anorectal disorders»։ World J Gastroenterol 15 (26): 3201–9։ ISSN 1007-9327։ PMC 2710774։ PMID 19598294։ doi:10.3748/wjg.15.3201