Jump to content

Harry Potter and The Prisoner of Azkaban

Harry Potter and The Prisoner of Azkaban
Պատկեր:Harry Potter and the Prisoner of Azkaban.jpg
Harry Potter and The Prisoner of Azkaban
Հեղինակ Ճոան Ռոուլինկ
Թարգմանիչ Հայերէնի՝ Լիլիթ Մկրտիչեան
Երկիր Անգլիա
Լեզու Անգլերէն
Շարք Հէրի Փոթըրի Վիպաշար
Հերթական թիւ 3-րդ գիրք
Հրատարակուած 8 Յուլիս, 1999
Հրատարակող Bloomsbury Publishing
Գիրքի տեսակ երեւակայութիւն, արկածային գրականութիւն եւ երիտասարդական վիպակ
Նախորդ գիրք Harry Potter and The Chamber of Secrets
Յաջորդ գիրք Harry Potter and The Goblet of Fire

Harry Potter and The Prisoner of Azkaban-ը Հէրի Փոթըր վիպաշարի երրորդ գիրքն է, գրուած Ճոան Ռոուլինկի կողմէ: Գիրքը կը պատմէ Հէրիին երրորդ իւսանողական տարին Hogwarts-ի մէջ։ Հէրին իր ընկերներուն՝ Ռոն եւ Հըրմայոնիին հետ կը լուծեն Սիրիուս Պլաք բանտարկեալին գաղտնիքը: Բոլոր կախարդական աշխարհը կը կարծէր թէ Սիրիուսը Voldemort-ին հետեւորդներէն մէկն է:

Գիրքը հրատարակուած է 8 Յուլիս, 1999 թուականին Bloomsbury Publishing տպարանի կողմէ Մեծ Պրիթանիոյ մէջ, իսկ Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներուն մէջ 8 Սեպտեմբեր, 1999 թուականին, Scholastic Inc տպարանի կողմէն[1]: Ռոուլինկ մէկ տարի այս գիրքին վրայ աշխատած է, եւ անոր գրութիւնը հեշտ եւ դիւրին կը նկատէ: Սկիզբը, Մեծ Պրիթանիոյ մէջ, այդ վաճառուած է 68.000 օրինակով: 3 տարի վերջ այդ թիւը հասած է 3 միլիոն օրինակի[2]: 1999 թուականին գիրքը յաղթած է Քոսթա մրսակաբաշխութիւնը, իսկ 2000 թուականին Լոքուսի մրցանակը լաւագոյն գիրքի անուանագրութեան:

Harry Potter and The Prisoner of Azkaban-ի ֆիլմը հրատարակուած է 2004 թուականին, 796 միլիոն տոլար մուտք եւ շահ գործելով եւ արժանանալով քննադատներու լաւ կարծիքներուն:

Harry Potter and The Prisoner of Azkaban գիրքին վրայ հիմնուած համակարգիչի խաղը նոյնպէս հրատարակուած է, ստանալով դրական կարծիքներ քննադատներուն կողմէ:

Սիրիուս Պլաքի հագուստը, Հէրի Փոթըրի թանգարանին մէջ:

Գիրքը կը սկսի երբ Հէրին Տարսլիներու տունէն կը հեռանայ որովհետեւ Վերնոնին քոյրը կ'այցելէր իրենց եւ նեղութիւն կ'ուտար Հէրիին: Հէրին փախչելով տունէն, կախարդական հանրակառք մը կը նստի որ իրեն պիտի հասցնէր Լոտնոն: Հանրակառքին վրայ լուրերու թերթ մը տեսնելով, կը գիտնայ թէ մարդասպան՝ Սիրիուս Պլաքը կախարդական Ազքապան բանտէն փախչած է: Հէրին կը մնայ Լոտնոն մինչեւ դպրոց սկսիլը:

Hogwarts-ի ճամբուն վրայ, երբ Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին եւ միւս բոլոր աշակերները կը հանդիպին Dementor-ներուն, որոնք Ազքապանի պահպանողներն են եւ բոլոր տեղերը կը շրջին Սիրիուս Պլաքը գտնելու: Սակայն այս Dementor-ները ունին վատ ազդեցութիւն եւ երբ մարդոց մօտ ըլլան, անոնց հոգիները կը քաշեն եւ մարդիկ կը մնան դատարկ եւ տխուր: Այս պատճառով, Հէրին կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը եւ Hogwarts-ի նոր պարոնը՝ Րիմուս Լուփինը կ'օգնէ անոր:

Երբ դպրոցին մէջ դասերը կը սկսին եւ Հէրին ամէն անգամ կ'ազդուի Dementor-ներու ներկայութիւնէն, Լուփինը կ'որոշէ իրեն սորվեցնել ինչպէս Patronus մը կրնաս ստեղծել եւ դիմագրաւել Dementor-ները:

Տարուան ընթացքին, բոլոր աշակերտները որպէս պտոյտ կ'այցելեն Hogsmead եւ հոն Հէրին խօսակցութիւն կը լսէ մի քանի հոցիի մէջ որ կ'ըսէ թէ Սիրիուս Պլաքը, Րիմուս Լուփինը, Փիթըր Փեթիկրիւն եւ Հէրիին Հայրը՝ Ճէյմզը, եղած են շատ լաւ ընկերներ եւ Սիրիուսը նշանակուած էր Հէրիին նախահայրը: Բայց կ'ըսուի թէ Սիրիուսը դաւաճանած է Ճէյմզին եւ Լիլիին ու Voldemort-ին ըսած է անոնց պահուած վայրը. ոչ միայն այս, ալ նաեւ կ'ըսուի թէ ան սպանած է իրենց միւս ընկերոջ՝ Փիթըրին, ձգելով անոր միայն մէկ մատը եւ ուրիշ 11 ոչ կախարդ անմեղ մարդիկ: Այս մէկը լսելէ ետք, Հէրին կ'ուզէ գտնել Սիրիուսին եւ անոր սպաննել:

Պաքպիքը

Նոյն ժամանակ, Հակրիտին արարածը՝ Պաքպիքը վտանքի մէջ էր։ Կախարդական նախարարութեան անդամները կ'ուզէին սպաննել զայն, որովհետեւ ան կը նկատուէր սպառնալիք արարած մը եւ մահապատիժը ենթարկուած է: Հէրի, Ռոն եւ Հըրմայոնին կ'ուզեն օգնել անոր, բայց Ռոնին մուկը՝ Սքապերզը, կը փախչի եւ Ռոն կը սկսի ետեւէն վազել: Յանկարծ կը յայտնուի վայրի շուն մը ու կը վիրաւորէ Ռոնին ոտքը: Հէրին ու Հըրմայոնին կը հետեւին անոնց, եւ շունին փոխարէն անոնք կը գտնեն Սիրիուսին, որ կրնար կերպարը փոխել: Անոնց կը հետեւի նաեւ Լուփինը, ու անոնք իրավիճակը կը բացատրեն երեքին: Անոնք կ'ըսեն թէ, Ռոնին մուկը Փիթըր Փեթիկրիւն է որ իր կերպարը փոխած է երբ մատնած է Ճէյմզին ու Լիլիին եւ յանձանքը նետած է Սիրիուսին վրայ, 'ոչնչանալով' աշխարհէն: Եւ նաեւ Լուփինի կերպարը ամէն ամիս կը փոխուի գայլի, իսկ Սիրիուսն ալ կարողէ փոխուիլ շունի:

Լուփինի զգեստը

Սակայն, այս բոլորը բացատրելէ ետք, Սնէյփը կը հասնի ու տեսնելով Սիրիուսին, Dementor-ները կը հասնին ու կը ձերբակալեն զայն: Փիթըրը կրկին կը փախչի իսկ Ռոնը՝ վիրաւոր կը մնայ հիւանդանոցին մէջ, իսկ Հէրին եւ Հըրմայոնին կը սկսին ձեւեր մտածել օգնելու Սիրիուսին եւ Պաքպիքին: Dumbledore-ը Հըրմայոնիին խորհուրդ կ'ուտայ ու Հէրին եւ Հըրմայոնին Dumbledore-ի տուած գործիքը գործածելով, 3 ժամ ետ կը վերադառնան ու կը փորձեն ազատել անոնց: Սիրիուսը, բանտարկուած կը գտնուէր աշտարակի գագաթը ու անոնք Պաքպիքը ազատ արձակելով, միասին կը թռչին աշտարակին գագաթը Սիրիուսը ազատելու: Երբ այս բոլորը կ'ընեն, Սիրիուսը կը խօսի Հէրիին հետ որպէս իր կնքահայրը եւ հօր ամենամօտիկ բարեկամներէն մէկը, ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հէրիին ու Պաքպիքը առնելով, միասին կը փախչին որպէսզի կախարդական նախարարութեան անդամները եւ Dementor-ները չգտնեն անոնց:

Հրատարակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Harry Potter and The Prisoner of Azkaban-ը վիպաշարին երրորդ գիրքն է: Առաջինը՝ Harry Potter and The Philosopher's Stone, որ հրատարակուած է 26 Յունիս, 1997 թուականին: Երկրորդը՝ Harry Potter and The Chamber of Secrets, որ հրատարակուած է 2 Յուլիս, 1998 թուականին[3]: Ճոան, Harry Potter and The Prisoner of Azkaban-ը սկսած է գրելու, երկրորդ գիրքը վերջացնելէն մէկ օր յետոյ[4]:

Հէրի Փոթըրի 3 գիրքերուն մէջ, այս երրորդը ամէնէն կարճ ժամանակը խլած է գրուելու մէջ։ Առաջինին գրելը տեւած է 5 տարի, երկրորդը՝ 2 տարի, իսկ վերջինս՝ միայն մէկ տարի[5]: Ճոանի ամենասիրած բաժինը, Րիմուս Լուփինի կերպարին ներկայացումի բաժինն է: Ճոան նաեւ ըսած է: «Harry Potter and The Prisoner of Azkaban-ը լաւ գրային փորձ մը եղաւ ինծի համար: Իմ նիւթական խնդիրներս ոչնչացած էին եւ շատ մամուլի ուշադրութիւն ու ճնշում չկար վրաս:»:

Քննադատներու ընդունելիութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրեկորի Մակիրը իր կարծիքը «New York Times» ամսագրին մէջ գրած է ըսելով՝ «Նիւթին կողմէն գիրքերուն մէջ փոփոխութիւն չկայ, սակայն շատ հիանալի պատմութիւն մըն է:»[6]: Թերթին մէջ յիշուած է նաեւ թէ այս գիրքը կարող է ըլլալ վիպաշարին ամենալաւ գիրքը: Kidsreads.com կայքի քննադատը կ'ըսէ՝ «Այս գիրքը կրնայ յաղթահարել միւս 4 գիրքերը որուն վրայ Րոուլինկ կ'աշխատի: Հէրիին 3-րդ տարին կախարդական տարի մըն է:»[7]:

Մարթա Փրաւանոնն ալ նոյնպէս դրական կարծիք մը կը յայտնէ գիրքին վերաբերեալ, անուանելով՝ բաւական լաւ գիրք: Անթոնի Հոլտենը որ այս գիրքի դատողներէն մէկն էր, բացասական կարծիք կը յայտնէ, ըսելով՝ «Բոլոր կերպարները սեւ ու ճերմակ են: Պատմութիւնը կանխատեսելի է, ըսկ զգայականութիւնը չափաւոր է:»[8]:

Harry Potter and the Prisoner of Azkaban գիրքը յաղթած է շարք մը մրցանակներ: Այդ թուականին: 1999 Պրամ Սկորտի երիտասարդ ընթերցողներու համար նախատեսուած լաւագոյն աշխատանքի անուանակարգումը: 1999 թուականի FCGB երեխաներու մրցանակաբաշխութիւնը: 1999 թուականին Քոսթա գրական մրցանակը եւ 2000 թուականին Լոքուսի մրցանակը լավագոյն վէպ անուանակարգումը։ Այն նաեւ պաշտօնի նշանակուած է 2000 թուականի Հիւկոյի մրցանակին լաւագույն վէպ անվանակարգումին, սակայն պարտուած է: Այն նաեւ յայտնուած է New York Times-ի ամենալաւ վճառումներու ցուցակին մէջ։ 2003 թուականին վէպը BBC-ի 24 գիրքերու շարքին յայտնուած է[9]:

Harry Potter and The Prisoner of Azkaban գիրքը ծախուած է 68,000 օրինակով Մեծ Պրիթանիոյ մէջ։ Հրատարակութիւնէն երեք օր յետոյ այդ դարձած է բոլոր ժամանակներու ամենաարագ վաճառուած Անգլիական գիրքը։ Ընդհանուր վաճառքը 2012 թուականի դրութեամբ կազմած է 3,377,906 օրինակ[10]:

Harry Potter and The Prisoner of Azkaban ֆիլմը հրատարակուած է Յունիս, 2004 թուականին[11]: Ֆիլմը ցուցադրուած է 2 շաբաթ ամէն օր: Ունեցած է 96.7 միլիոն տոլար շահ եւ մուտք, ու եղած է ամենայաջող ֆիլմը Շրեք 2-էն ՛յետոյ։ Ֆիլմը կը համարուի 471-րդը «Empire» ամսագիրի 2008 թուականի ցուցակի բոլոր ժամանակներու 500 ամենալաւ ֆիլմերուն մեջ[12]:

Համակարգիչի խաղը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համակարգիչի խաղը հրատարակուած է ֆիլմին զուգահեռ: Տարբեր տեսակներ հրատարակուած են Յունիս, 2004 թուականին[13]: Խաղը տարբեր հարթակներու համար է՝ PC, Game Boy Advance, Xbox, Playstation 2 եւ GameCube: Խաղը, ընդհանուր առմամբ, յաջողած է։ Ամենաբարձր գնայատականին արժանացած է «Game Boy Advance» տարբերակին համար՝ 7.5/10[14]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]