Jump to content

Harry Potter and The Chamber of Secrets

Harry Potter and The Chamber of Secrets
Հեղինակ Ճոան Ռոուլինկ
Երկիր Անգլիա
Լեզու Անգլերէն
Շարք Հէրի Փոթըրի վիպաշար
Հերթական թիւ 2-րդ գիրքը
Հրատարակուած 2 Յուլիս, 1998
Հրատարակող Bloomsbury publishing
Գիրքի տեսակ երեւակայութիւն, արկածային գրականութիւն եւ երիտասարդական վիպակ
Նախորդ գիրք Harry Potter and The Philosopher's Stone
Յաջորդ գիրք Harry Potter and The Prisoner of Azkaban


Harry Potter and The Chamber of Secrets-ը Հէրի Փոթըրի վիպաշարի երկրորդ գիրքն է: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ գիրքին կազմը ձեւաւորուած է «Warner Bros. Animation» ընկերութեան հիման վրայ։

Տըրսլիներու տան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Harry Potter and The Chamber of Secrets վէպը կը սկսի Հէրիին ծննդեան 12-րդ տարեդարձով։ Ամռան սկզբը Հէրին նամակ չստանար իր ընկերներեն՝ Ռոնէն եւ Հըրմայոնիէն։ Ծննդեան առթիւ նոյնպէս մէկը չշնորհաւորեր անոր։ Վերնոնը, չյիշելով նոյնիսկ անոր տարեդարձը, կը պահանջէ որ Հէրին ամբողջ երեկոն լուռ նստի իր սենեակին մէջ որովհետեւ այդ օրը Տըրսլի ընտանիքը պիտի դիմաւորէր շատ կարեւոր գործընկերներ որոնց հետ Վերնոնը առիթը ունէր ստորագրելու իր կեանքի ամենայաջող գործի դաշինքը:

Այդ նոյն գիշերը, Հէրիին սենեակին մէջ կը յայտնուի գաճաճ պարիկ մը Տոպպի անունով, ու կը խնդրէ Հէրիէն որ չվերադառնայ Hogwarts որովհետեւ հոն իրեն սարսափելի վտանգ մը կը սպասէ: Հէրին կը մերժէ այս մէկը կատարել, ըսելով թէ Hogwarts-ը իր տունն է: Տոպպին պաշտպանելու ու զրկելու Հէրիին որ երթայ Hogwarts, կախարդանք մը կը կատարէ ու կարկանդակը կը նետէ Վերնոնի կարեւոր հիւրերուն գլուխին վրայ եւ յանձաւորը կ'ըլլայ Հէրին: Այս պատճառով, Վերնոն կը պատժէ Հէրիին, անոր կղպելով իր սենեակին մէջ:

Ինքնաշարժը՝ «Ֆորտ Անճլիան»

Հէրին երեք օր կը մնայ այդ բանտի նման սենեակին մէջ։ Յաջորդ օրը, գիշերը՝ իրեն կ'այցելեն Ռոնը ու իր երկու մեծ եղբայրները՝ Ֆրետն ու Ճորճը: Անոնք օգտագործելով իրենց հօր թռչող ինքնաշարժը կը կոտրեն Հէրիին սենեակի պատուհանի ձողերը ու կ'ազատեն անոր Տըրսլիներէն: Ճանապարհին ընթացքին անոնք Հէրիին կը պատմեն թէ Տոպպին Տրաքօ Մալֆոյ ընտանիքին կը ծառայէ ու Տրաքոյի հայրը եղած է Voldemort-ի մօտիկ օգնականներէն մէկը:

Հիւր Ուիզլիներուն քով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արձակուրդին մնացած մասը Հէրին կ'անցնէ Ուիզլիներուն հետ: Ընտանիքը կ'ընդունի Հէրիին: Անոնց Մայրը՝ Մոլի Ուիզլին շատ հոգատար վերաբերմունք ցոյց կ'ուտայ Հէրիին հանդէպ. Իսկ անոնց Հայրը՝ Արթուր Ուիզլին որ կ'աշխատի Անգլիոյ կախարդական նախարարութեան մէջ, կ'ըլլայ որպէս Հէրիին մօտիկ բարեկամ ու անոր կը հարցնէ ոչ-կախարդ քաղաքացիներու յայտնագործութիւններուն մասին: Ճիննի Ուիզլին, որ պիտի յաճախէր իր առաջին տարին Hogwarts-ին մէջ,կը կարմրի ու կը շփոթի երբ կը տեսնէ Հէրիին:

Հէրին եւ Ուիզլիները դպրոցը չսկսած մի քանի օր առաջ կ'երթան կատարելու գնումներ ու հոն կը ծանօթանան Լոքհարթին որ պիտի ըլլայ Hogwarts-ի նոր պաշտնանութեան պարոնը: Անոնք նաեւ կը հանդիպին Տրաքոյին ու իր հօրը եւ Լուսիոս գաղտնօրէն, առանց մէկը նկատելու, տետրակ մը կը դնէ Ճիննիին պայուսակին մէջ:

Մի քանի օր ետք անոնք կ'երթան Քինկզ Քրոս կայարանը որպէսզի հասնին Hogwarts: Սակայն, այդ կայարանը հասնելու համար բոլոր կախարդները պէտք է անցնին պատի մը մէջէն: Երբ Հէրիին ու Ռոնին հերթը կը հասնի, պատը կը վերադառնայ իր կարծր կերպարին ու անոնք չեն կրնար մտնել կայարան: Ռոնը նորէն կ'առնէ իր հօր ինքնաշարժը ու երկուքը թռչելով կը հասնին Hogwarts: Աակայն անոնք կ'իյնան վայրի կախարդական ծառի մը վրայ որ կ'ուզէ իրենց ջարդել: Երբ կը փորձեն ազատիլ, Ռոնը կը կոտրէ իր կախարդական փայտիկը ու ինքնաշարժը կ'անհետանայ արգիլուած անտառին մէջ։ Սեւերուս Սնէյփը իրենց կը յանդիմանէ որ ոչ-կախարդ ժողովուրդը տեսած է անոնց թռչող ինքնաշարժը ու կ'ուզէ անոնց Hogwarts-էն դուրս դնել բայց Մաքկոնակալը կը սահմանափակուի այդ նկատողութեամբ:

Hogwarts դպրոցին մէջ բոլորը կը սկսին բամբասել թէ նոր պաշտպանութեան պարոնը՝ Լոքհարթը բան մը չգիտեր: Իր դասերուն ժամանակ, ան աշակերտներուն իր գիրքէն հատուածներ կը կարդար, որ սխալ կ'ըլլար: Հէրին եւ Ռոնը չէին սիրեր անոր, բայց Հըրմայոնին շատ կը սիրէր: Դպրոցին մէջ Հէրիին կը հետեւէր 11 տարեկան տղայ մը Քոլին անունով ու ան շատ կը սիրէր Հէրիին որովհետեւ ան յաղթած է Voldemort-ին ու միշտ լուսանկարով կը շրջէր եւ կը նկարէր Հէրիին:

Միւս կողմէն՝ Տրաքօ Մալֆոյը ուզելով մաս կազմել Slytherin-ի Quidditch խումբին, անոր հայրը բոլոր անդամներուն կը գնէ նոր աւելփայտեր աւելի լաւ թռչելու համար: Gryffindor-ի եւ Slytherin-ի անդամները կը վիճին ու Հըրմայոնին կ'ըսէ թէ հակառակ Slytherin խումբին, Gryffindor-ի անդամները տաղանդաւոր են իսկ Տրաքօ լսելով այս մէկը, անոր կը վիրաւորէ խօսքերով ու կ'ըսէ թէ Հըրմայոնին արժանի չէ կախարդութիւն սորվելու որովհետեւ անոր ծնողքը կախարդներ չեն: Այս խօսքերը լսելէ ետք, Ռոնը կը զայրանայ ու իր կոտրուած կախարդական փայտիկով կը փորձէ վնաս հասցնել Տրաքոյին բայց չյաջողիր ու ինքը կը վնասուի եւ այս պատճառով երեքը կը դիմեն Հակրիտին:

Գաղտնի Սենեակի հանելուկը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Dumbledore-ի սենեակը

Հէրին կը լսէ ձայն մը պատերուն մէջէն որ կը խօսի սպանութեան մասին։ Հէրիէն զատ ուրիշ ոչ մէկը կը լսէ այդ ձայնը։ Հըրմայոնին կը թելադրէ որ մէկը չգիտնայ թէ Հէրին այսպիսի ձայն մը կը լսէ։ Գիշեր մը ան նորէն կը լսէ այդ ձայնը ու իր ընկերներուն հետ կը հետեւի անոր ու կը հասնին միջանցք մը որ լեցուած էր ջուրով։ Այնտեղ կախուած էր Պարոն Ֆիլչի կատուն՝ Նորիսը, իսկ պատին վրայ կար արիւնոտ գրութիւն մը որ կ'ըսէր՝ «Գաղտնի սենեակը բաց է: Ժառանգորդի թշնամիներ՝ ուշադիր եղէք:»: Ֆիլչը Հէրիին կը մեղադրէ որ ան իր կատուն սպանած է: Անսպասելիօրէն Սնէյփը կը պաշտպանէ Հէրիին։

Կախարդանքի պատմութեան դասի ընթացքին Հերմայոնին Մաքկոնակալին կը հարցնէ տեղեկութիւններ «գաղտնի սենեակին» մասին։ Մաքկոնակալ կը պատմէ որ Սալազար Սլիզերինը միշտ կողմնակից եղած է որ դպրոցին մէջ միայն սորվին կախարդներուն զաւակները, սակայն մնացած կախարդները անոր հետ չեն համաձայնած։ Ի վերջոյ Սալազարը կը մահանայ: Սակայն աւանդավէպին համաձայն, Hogwarts-ին մէջ սենեակ մը պահած է, որ օր մը կրնայ բացուիլ միայն անոր ժառանգորդին կողմէ ու այն ժամանակ կրնայ դպրոցը ազատել սովորական մարդոցմէ: Աւանդավէպը կ'ըսէ թէ այդ սենեակին մէջ կը գտնուի հրեշ մը, ու անոր կրնայ կառավարել միայն Սալազարի ժառանգորդը: Մաքկոնակալ նաեւ կ'ըսէ թէ այդ սենեակը մէկ անգամ բացուած է 50 տարի առաջ ու սպաննուած է աշակերտուհի մը:

Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը կասկածին թէ Մալֆոյ ընտանիքը կապ մը ունի այս գաղտնի սենեակի բացման մէջ։ Անոնք կ'որոշեն ստեղծել կախարդական խոտ ու Քրապին եւ Կոյլին կերպարանքը ստանալ, որպէսզի գաղտնի սենեակին մասին մի քանի բան գիտնան Տրաքօ Մալֆոյէն։ Հըրմայոնին ու Հէրին խաբեութեամբ կ'առնեն այս կախարդական խոտին նիւթերը եւ բաղադրիչները ու Հըրմայոնին կը ստեղծէ «Ուժեղ ազդեցութեամբ խոտը» որ երկար ժամանակ կը խլէ՝ մօտ 1 ամիս:

Gryffindor-ի եւ Slytherin-ի quidditch խաղին ընթացքին, գնդակը կը յարձակի միայն Հէրիին վրայ։ Ան կ'իյնայ ու կը կոտրէ ձեռքը, սակայն միւս ձեռքով կը բռնէ գնդակը։ Գիշերը Հէրին կը մնայ մինակ հիւանդանոցին մէջ ու անոր մօտ կ'ուգայ Տոպպին եւ կը խոստովանի թէ ինքն էր որ կախարդածէր 9¾-ի կայարանի պատը ու արգիլած էր Հէրիին հասնի Hogwarts, ու ինքն էր որ այդ գնդակը կախարդած էր որպէսզի յարձակի Հէրիին վրայ։ Տոպպին գիտէ ով բացած է գաղտնի սենեակը, սակայն կարող չէ այդ մէկը Հէրիին ըսել։ Տոպպիին հետ խօսակցությունէն յետոյ հիւանդանոցի սենեակին մէջ կը տեղափոխեն Քոլինին որ քարացած վիճակի մէջ էր, (ինչպէս Ֆիլչի կատուն) ու իր ձերքը կար նաեւ իր լուսանկարչական գործիքը, բայց հալած էր։

Լոքհարթը եւ Սնէյփը դպրոցին մէջ կը հիմնեն ակումբ մը որ աշակերներուն սորվեցնեն ինքնապաշտպանութիւն: Կը սկսին մենամարտերը եւ Հէրին ու Տրաքոն կը պատրաստուին իրար դէմ կռուելու որ կ'աւարտի անյաջող ձեւով: Տրաքոն օձ մը կը նետէ Հէրիին վրայ, բայց օձը կը փորձէ յարձակիլ աշակերտի մը վրայ, (Ճասթընին) եւ Հէրին շուտով կը խօսի օձին հետ ու այդ կը հեռանայ Ճասթընէն: Սնէյփը շուտով կը մեռցնէ օձը ու բոլոր աշակերտները ապշած ձեւով Հէրիին կը նային: Երբ սրահէն դուրս կ'ելլեն Ռոնը եւ Հըրմայոնին Հէրիին կը բացատրեն թէ ան օտար լեզու մը խօսեցաւ եւ այդ օձերու լեզուն է: Անոնք նաեւ կ'ըսեն թէ այս լեզուն միայն Սալազարը եւ իր ժառանգորդները կրնան խօսիլ, ինչպէս նաեւ Voldemort-ը:

Դպրոցի աշակերտները կը սկսին կասկածիլ թէ Հէրին է Սալազարի ժառանգորդը եւ ան է որ բացած է գաղտնի սենեակը: Անոր հանդէպ բամբասանքները կը սկսին եւ բոլորը իրեն կը մօտենան վախով ու ատելութեամբ: Ճասթընը բնաւ չխօսիր Հէրիին հետ կարծելով թէ ան օձին հրամայած է որ իրեն սպաննէ որովհետեւ Ճասթընին հայրը ու մայրը կախարդներ չեն: Բամբասանքները նաեւ կ'ըսէին թէ Հէրին էր որ Քոլինին ու Ֆիլչի կատուին քարացած վիճակի մէջ դրած էր ու Voldemort-ը չէ կարողացած յաղթել Հէրիին միայն այդ պատճառով թէ Հէրին էր ամենազօրաւոր գէշ կախարդը: Մի քանի օր ետք, Ճասթընը եւ 'գրեթէ անգլուխ' Նիքը (որ ոգի է) կը գտնուին նոյն քարացած վիճակին մէջ ու բոլորը կը կարծեն թէ Հէրին կատարեց այս մէկը: Dumbledore-ը կը խորհրդակցի Հէրիին հետ ու վստահ կ'ըլլայ թէ Հէրին չէ այս յարձակումներուն պատճառը: Հէրին Dumbledore-ի գրասենեակին մէջ կը ծանօթանայ անոր փիւնիկ թռչունին՝ Հաուքսին որ կը վերածնի մոխիրէ եւ Dumbledore կը բացատրէ Հէրիին թէ փիւնիկի արցունքը կրնայ բուժել ամէնէն գէշ վէրքերը:

Կախարդական խոտը, որ Հըրմայոնին կը պատրաստէր աղջիկներու լքուած բաղնիքին մէջ ամբողջացաւ ամանորին: Այդ բաղնիքը լքուած էր որովհետեւ հոն կը մնար աղջկայ ոգի մը որ մահացած էր 50 տարի առաջ ու անունն էր՝ ողբացող Մըրթիլը: Այդ բաղնիքին մէջ Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին իրենց ազատ ժամերը կ'անցնէին այս խոտը պատրաստելով: Կաղանդի արձակուրդին, երեքը կը պատրաստուին Քրապին, Կոյլին եւ ուրիշ Slytherin-ի աղջկայ կերպարը առնելու, անոնց մազէն թել մը կախարդական խոտին մէջ դնելով ու այդ խմելով: Սակայն, սխալ մը կը կատարուի ու Հըրմայոնին կ'առնէ կատուի մը կերպարը: Հէրին եւ Ռոնը, որպէս Քրապ եւ Կոյլ, Տրաքոյի ամէնէն մօտիկ ընկերները, կը մտնեն Slytherin-ի սենեակը ու կը խօսին Տրաքոյին հետ. Իրենց զարմանքին՝ Տրաքօն կ'ըսէ թէ ան ոչինչ գիտէ գաղտնի սենեակին մասին:

Թոմ Ռիտլի օրագիրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հէրին այդ լքուած բաղնիքին մէջ կը գտնէ տարօրինակ գիրք մը որուն էջերը դատարկ են: Գիրքին վրայ գրուած է որ այս Թոմ Ռիտլի կը պատկանի: Հէրին կը սկսի գրել այդ դատարկ օրագիրին մէջ՝ «Բարեւ իմ անունս Հէրի Փոթըր է» յանկարծակիօրէն գրութիւնը կ'անհետանայ ու ան կը ստանայ պատասխան մը ըսելով՝ «Բարեւ, Հէրի Փոթըր: Իմ անունս Թոմ Ռրիտլ է»: Անոնք միասին այսպէս կը խօսին եւ Հէրին Թոմին կը հարցնէ եթէ ան գիտէ թէ ով բացած է գաղտնի սենեակը 50 տարի առաջ: Թոմը իրեն կը տանի 50 տարի առաջ ու Հէրին կը տեսնէ ինչպէս ուսուցիչները կը տեղափոխեն մահացած աղջկան դիակը ու նաեւ կը տեսնէ երիտասարդ Թոմ Ռիտլը որ կը մեղադրէ Հակրիտին (որ այն ժամանակ ուսուցիչ էր) ու իր խոշոր սարդին, ըսելով թէ սարդն է այդ հրեղը որ սպաննեց աշակերտուհիին եւ այս պատճառով կ'արգիլուի Հակրիտին կախարդութիւն գործածել կամ ըլլալ ուսուցիչ, ու ան ժամանակ մը կ'անցնէ Ազքապան՝ կախարդական բանտին մէջ: Մի քանի օր ետք, Հէրիէն քովէն կը գողցուի այդ օրագիրքը:

Հէրիին եւ Ռոնին հետապնդումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պասիլիսք օձը

Օր մը, Մաքկոնակալը Հէրիին եւ Ռոնին հիւանդանոց կը կանչէ ու անոնց ցոյց կ'ուտայ Հըրմայոնին, քարացած, անկողինին վրայ եւ իր քովը հայելի մը: Շուտոձ բոլոր բամբասանքները Հէրիին հանդէպ կը դադրին, որովհետեւ բոլորը գիտեն թէ Հէրին եւ Հըրմայոնին լաւ ընկերներ են եւ Հէրին չվիրաւորեր Հըրմայոնիին: Որոշ ժամանակ մը ետք Հէրին ըեւ Ռոնը կը նկատեն թէ, անհասկնալի պատճառով, դպրոցին մէջ շատ սարդեր կան, ու անոնք շարքով կը քալեն դէպի արգիլուած անտառ: Հէրին եւ Ռոնը կը հետեւին անոնց, ու կը հանդիպին Արակոկին՝ հսկայ ու ամենամեծ սարդը: Արակոկը կ'ըսէ թէ ինք այդ հրեշն է որ Հակրիտը hogwarts-ին մէջ կը պահէր, բայց ինքը Սալազարի հրեշը չէր որ կը գտնուեր գաղտնի սենեակին մէջ, եւ Հակրիտը չէր բացած գաղտնի սենեակը, այլ միայն նկատուած է յանձաւոր: Ան նաեւ կ'ըսէ թէ Հակրիտ իրեն պաշտպանած է ու շատ մեծ յարգանք ունենալով անոր հանդէպ, ան որոշած է մարդոց չսպաննել, սակայն միւս բոլոր սարդերը այդպէս չեն եւ կը սկսին յարձակիլ Հէրիին եւ Ռոնին վրայ։ Անսպասելիօրէն կը յայտնուի Ռոնին հօր ինքնաշարժը ու անոնց կ'ազատ է արգիլուած անտառէն: Անոնք կ'այցելեն քարացած Հըրմայոնին հիւանդանոցին մէջ, ու Հէրին անոր ձերքը կը բռնէ եւ կը նկատէ թուղթ մը: Կարդալով այդ մէկը, Հէրին եւ Ռոնը կը գիտնան թէ գաղտնի սենեակի հրեշը Պասիլիք օձն է եւ ան կ'օգտագործ է խողովակները որ շրջի դպրոցին շուրջ ու այս պատճառով Հէրին այդ ձայները կը լսէ ու կը հասկնայ պատերուն մէջէն որ օձի լեզուի ձայներէն: Նաեւ ով որ այս օձին աչքերուն մէջ նայի կը մեռնի, բայց ոչ մէկ աշակերտ մահացաւ, անոնք միայն քարացան, որովհետեւ անոնք ուղղակիօրէն օձին աչքերուն մէջ չնայեցան՝ Հըրմայոնին, հայելիով: Ճասթընը՝ 'գրեթէ անգլուխ' Նիք ոգիին մէջէն (Նիք արդէն ոգի է ու կարելի չէ նորէն մահանայ) իսկ Քոլինը՝ իր լուսանկարչական գործիքին միջոցով: Շուտով Հէրին եւ Ռոնը կը նկատեն թէ այդ գաղտնի սենեակին մէջ գտնուող օձին նահատակն էր Մըրթիլը որ մահացած էր 50 տարի առաջ, ու միայն ինք իրենց կրնայ պատմել ճշմարտութիւնը գաղտնի սենեակին վայրին մասին:

Գաղտնի սենեակին մուտքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Dumbledore-ի գրասենեակին մուտքը որ կը խնդրէ գաղտնաբառը
Գաղտնի սենեակի դուռը, որ ներկայիս կը գտնուի Հէրի Փոթըրի թանգարանին մէջ

Դպրոցին մէջ լուր մը կը յայտարարուի թէ հրեշը աշակերտ մը գերի բռնած է ու հիմա անոնք կը գտնուին գաղտնի սենեակին մէջ, որուն տեղը անյայտ է: Կը տարածուի որ այդ աշակերտը Ճիննի Ուիզլին է: Բոլոր ուսուցիչները կը պատրաստուին դպրոցը փակելու: Հէրին եւ Ռոնը, կը փորձեն Լոքհարթէն օգնութիւն խնդրել սակայն կը յայտնուի թէ Լոքհարթը կը պատրաստուի փախչելու ու իր գրասենեակը կը հաւաք է: Հէրին եւ Ռոնը իրենց կախարդական փայտիկներով կը ստիպեն Լոքհարթին իրենց հետը երթայ աղջիկներուն լքուած բաղնիքը: Հոն կը հանդիպին Մըրթիլին, ու իրեն կը հարցնեն ինչպէս մահացաւ: Մըրթիլ կը պատմէ թէ ինքը բաղնիքին մէջն էր երբ ձայն կը լսէ ու դառնալով կը տեսնէ երկու հսկայ դեղին աչքեր ու վայրկեանին կը մահանայ: Ան ցոյց կ'ուտայ թէ լուացարանին մօտ տեսած է այդ աչքերը ու դառնալով Հէրին ծորակին վրայ կը տեսնէ օձի նշան: Կը գիտնայ թէ հոն է գաղտնի սենեակին մուտքը ու օձի լեզուով կ'ըսէ «Բացուի՛ր»: Վայրկեանին, փոս մը կը բացուի ու Հէրին, Ռոնը եւ Լոքհարթը կը ցատկեն վար: Քարայրի պէս տեղ մը կը հասնին եւ Լոքհարթը կը խլէ Ռոնին կախարդական փայտիկը ու կը փորձէ անեծքով ջնջել Հէրիին եւ Ռոնին յիշողութիւնը որպէսզի ինքը գաղտնի սենեակը գտնելու պատիւը շահի: Սակայն Ռոնին կախարդական փայտիկը կոտրած է եւ անեծքին հակառակը կը պատահի ու Լոքհարթը կը կորսնցնէ իր յիշողութիւնը, նաեւ վերէն քարեր կ'իյնան ու Հէրին կը մնայ մինակը գաղտնի սենեակին մէջ։ Ան շուտով կը տեսնէ Ճիննիին ու կը փորձէ անոր օգնել, բայց ան տկարացած գետինը պարկած էր։ Յանկարծակիօրէն կը յայտնուի Թոմ Ռիտլը ու Հէրին իրմէ օգնութիւն կը խնդրէ որ ազատեն Ճիննիին: Բայց Թոմ Ռիտլը կ'առնէ Հէրիին կախարդական փայտիկը ու կ'ըսէ թէ ինքն է Սալազարի ժառանգորդը: Ինքն է որ սպաննած է Մըրթիլին եւ ամբողջ տարին Ճիննիին հետ օրագիրին միջոցով խօսած է ու ստիպած է գաղտնի սենեակը բանալ, եւ արիւնով այդ գրութիւնը գրել: Իսկ Ճիննին այս ըրածներէն ոչ մէկը չյիշեր: Թոմ Ռիտլը Voldemort-ին պատանեկան եւ իսկական անունն էր, ու իրեն այդ բաժինը կ'ապրի օրագիրին մէջ։ Այսինքն՝ Հէրիին դիմացը կեցած էր Voldemort-ը իր պատանի կերպարով: Ան կը կանչէ Պասիլիքին եւ կը յարձակի Հէրիին վրայ։ Ան իր թոյնով կը վիրաւորէ Հէրիին եւ Հէրին կը գիտնայ թէ ինք շիւտով պիտի մահանայ: Յանկարծ կը յայտնուի Dumbledore-ին փիւնիկը եւ իր հետը կայ Gryffindor-ի թուրը: Հէրին դժուարութեամբ, այդ թուրով կը սպաննէ Պասիլիքին, իսկ ետքը առնելով Պասիլիքի թուանաւոր ժանիքը իր ուսին վրայէն, զայն կը խոցէ Թոմին օրագիրին մէջ ու այսպիսով, Թոմը կ'անհետանայ: Հէրին վիրաւոր, կը պարկի Ճիննիին քով ու կը սպասէ իր մահը: Dumbledore-ին փիւնիկը կը յայտնուի ու իր արցունքով կը բուժէ Հէրիին մահացու վէրքը: Թոմի մահին պատճառով, Ճիննին ալ նաեւ կ'արթննայ ու երկուքը միասին փիւնիկին օգնութեամբ գաղտնի սենեակէն դուրս կ'ելլեն:

Godric Gryffindor-ի թուրը

Հէրին, Ռոնը, Ճիննին եւ Լոքհարթը կը վերադառնան Dumbledore-ին գրասենեակը եւ բոլոր ճշմարտութիւնը կը պատմեն: Dumbledore-ը կը հաւատայ իրենց ու Ճիննին կը խոստովանի թէ ան օրագիրը գտած է իր դպրոցի գիրքերուն մէջ (Լուսիուս Մալֆոյը հոն տեղադրած էր զայն): Dumbledore-ը կը պարգեւատրէ Հէրիին եւ Ռոնին «դպրոցին համար յատուկ ծառայութեան» շքանշանով եւ 400 միաւոր կ'ուտայ Gryffindor տան: Ետքը երբ բոլորը դուրս կ'ելլեն սենեակէն, Dumbledore-ը կ'օգնէ Հէրիին որ հասկնայ մի քանի բան:

  • Հէրին գիտէ օձերու լեզու խօսիլ որովհետեւ անոր կը կառավարէ Voldemort-ը:
  • Voldemort-ը փորձելով սպաննել Հէրիին, իր ուժերէն մաս մը փոխանցած է Հէրիին:
  • Գլխարկը Հէրիին դրած է Gryffindor տան մէջ (եւ ոչ Slytherin) միայն այդ պատճառով որ Հէրին ուզած է հոն պատկանիլ:
  • Gryffindor-ի թուրը որ Հէրին գործածեց սպաննելու Պասիլիքին միայն իսկական Gryffindor-ի անդամը կարող է վերցնել գխարկին մէջէն, որուն կարողացաւ Հէրին:

Բոլոր քարացած աշակերտները կը բուժուին եւ Հըրմայոնին կը վերադառնայ Հէրիին եւ Ռոնին մօտ: Տոպպին ալ կ'ազատի Մալֆոյներու տառապանքէն, ու տարուայ վերջին քննութիւնները չեղեալ կը նկատուին: Լոքհարթը կը խելագարուի ու կը մտնէ հիւանդանոց որպէսզի վերականգնի իր յիշողութիւնը: Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը խոստանան ամառը տեսնուին:

Հրատարակութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռոուլինկը Harry Potter and The Chamber of Secrets-ի աւարտելը կը նկատէ դժուար որովհետեւ ան կը վախնար թէ գիրքը, Harry Potter and The Philosopher's Stone-ի յաջողութեան մակարդակին չհասնի: «Bloomsbury»-ին ճիշդ ժամանակահատուած տալէն յետոյ, այդ կը վերցնէ 6 շաբաթով վերանայելու համար[1]:

Գիրքի սկզբնական նախագածին Նիքը երգ մը կ'երգէ որ կը նկարագրէ իր վիճակը եւ մահուան հանգամանքները: Այս բաժինը գիրքի հեղինակին կողմէն ջնջուած է սակայն ետքը տեղադրուած է Ռոուլինկի պաշտօնական կայքէջին վրայ[2]:

Հէրի Փոթըրի ընտանեկան կեանքին մասին բաժինը նոյնպէս ջնջուած է որովհետեւ հեղինակը այդ կարեւոր չէ նկատած, եւ Ճոան աւելցուցած է Նեւիլին կերպարին յայտնաբերութիւնը որովհետեւ հիմնական նիւթին աւելի կարեւոր է[3]:

Գիրքի հեղինակ՝ Ճոան Ռոուլինկը
Հէրի Փոթըրի առաջին հրատարակութիւնը

Harry Potter and The Chamber of Secrets-ը հրատարակուած է Մեծ Պրիթանիոյ մէջ, 2 Յուլիս, 1998 թուականին: Այդ մէկ անգամէն անցած է Մեծ Պրիթանիոյ ամենաշատ վաճառուող գիրքերու ցանկին, գրաւելով առաջին դիրքը եւ անցնելով այլ հեղինակներու, օրինակ՝ Ճոն Կրիշամ, Թոմ Քլենսըն եւ Տերրի Պրատչատ։[4]: Այս գիրքը Ռոուլինկիին դարձուցած է պաշտօնական հեղինակ որ յաղթած է Անգլիական գիրքերու փառատօնի «տարուայ մանկական գիրք»ի անուանակարգումը երկու տարիներ շարունակ: 1999 թուականին ան յայտնուած է Ամերիկիոյ ամենավաճառուած գիրքերու ցանկին:

Առաջին հրատարակութիւնը ունէր մի քանի սխալներ, որոնք ուղղուեցան եւ գիրքը վերարտադրուեցաւ[5]:

Հրատարակութեան արձագանքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հերթը գրատունի մը մէջ «Հէրի Փոթըր» գիրքին համար

Գիրքը ընդունուեցաւ համաշխարհային ծափահարութիւններով ու ողջոյններով: Հեղինակ՝ Չարլզ Տէ Լինտը համաձայն է որ Harry Potter and The Chamber of Secrets-ը, ինչպէս նաեւ Harry Potter and The Philosopher's Stone գիրքերը մեծ յաջողութիւններ են ամբողջ Հէրի Փոթըր վիպաշարին համար[6]: Կիլտերօ Լոխարտը հաստատած է թէ այս գիրքը յատուկ է[7]: Տեմմի Նեզոլը, Harry Potter and The Chamber of Secrets-ը աւելի մտահոգիչ կը գտնէ քան Harry Potter and The Philosopher's Stone գիրքը: Բայց Ռոուլինկը երկրորդ գիրքը ստեղծած է այնքան հաճելի, որքան առաջինը:

Բոլոր 7 գիրքերը հրատարակուեէլէն ետք Կրիմ Տէյվիսը Harry Potter and The Chamber of Secrets գիրքը կը նկատէ ամէնէն տկար ու վակ գիրքը բոլոր վիպաշարին մէջէն որովհետեւ անոր նիւթը կը նմանի առաջին գիրքին նիւթին, եւ կ'ըսէ թէ գիրքին մէջ չէ բացատրուած ինչպէս փիւնիկը գիտցած է Հէրիին վայրը ու հասած է անոր օգնութեան[8]:

Պարգեւներ եւ մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճոանին Harry Potter and The Chamber of Secrets գիրքը ստացած է մի քանի մրցանակներ: Ամերիկեան գրական կազմակերպութիւնը, այս գիրքը համարած է բոլոր ժամանակներու մանկական եւ մեծերու գրականութեան 2000 լաւագոյն գիրքերու շարքին: Այս գիրքը նաեւ յաղթած է Անգլիական «տարուայ մանկական գիրք» անուանակարգումըref>https://web.archive.org/web/20071221191008/http://www.raincoast.com/harrypotter/rowling.html</ref>:

Գիրքը ստացած է յատուկ պարգեւ մը «Nestlé» ընկերութեան կողմէն 1998 թուականին։ Գիրքը 2001 թուականին ստացած է «Whitaker's Platinum Book Award» մրցանակը։ 2003 թուականին վէպը հասած է «The Big Read» ցուցակի առաջին քսան շարքերուն մեջ[9]:

Հէրի Փոթըրի ֆիլմի դերակատար Տանիէլ Ռատքլիֆը
Արտադրող Ճէյմզ Հաննիկանը

Harry Potter and The Chamber of Secrets գիրքին ֆիլմի տարբերակը հրատարակուած է 2002 թուականին։ Քրիս Քոլոմպոսը ղեկավարած է ֆիլմին նկարահանումները, իսկ անոնց խօսքերը գրուած է Սթիւ Կլովսի կողմէն։ Այն դարձած է երրորդ ֆիլմը, որ գերազանցած է 600 միլիոն տոլարի շահը։ Անոր կը նախորդէ Titanic՝ հրատարակուած 1997 թուականին եւ Harry Potter and The Philosopher's Stone ֆիլմը՝ հրատարակուած 2001 թուականին։ Ֆիլմը պաշտօնակարգուած է «Saturn Award»-ներուն որպէս երեւակայութեան վէպի լաւագոյն ֆիլմ։ Համաձայն «Metacritic»-ի տուեալներուն՝ ֆիլմը արժանացած է «հիմնականին բարենպաստ վերադիտումներու»՝ 63% միջին ցուցանիշով, իսկ Ռոտտեն Թոմաթոսի տուեալներով՝ այդ ցուցանիշը հասած է 82%-ի։

Համակարգիչի խաղը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շատ խաղեր արտադրուած են տարբեր ընկերութիւններու կողմէն՝

Ընկերութիւն Տարի Խաղային հարթակ Տեսակ Metacritic-ի տուեալներ
Electronic Arts 2002 MS Windows Դերերով խաղցուող խաղ[10] 77%[11]
Aspyr 2002 Mac Դերերով խաղցուող խաղ[10] Յայտնի չէ
Electronic Arts 2002 Game Boy Color Դերերով խաղցուող խաղ[12] Յայտնի չէ
Electronic Arts 2002 Game Boy Advance Արկածային-սաստիկ ու բուռն խաղ[13] 76%[14]
Electronic Arts 2002 GameCube Արկածային խաղ[15] 77%[16]
Electronic Arts 2002 PlayStation Դերերով խաղցուող խաղ[17]
Յայտնի չէ[18]
Electronic Arts 2002 PlayStation 2 Արկածային խաղ[19] 71%[16]
Electronic Arts 2002 Xbox Արկածային խաղ[20] 77%[21]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարրի Փոթերը եւ գաղտնի սենյակը (Ռուսերէն)

Սխալներ գրքում

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://books.google.am/?id=J_IPN8UMf7IC&pg=PA77&dq=%22Harry+Potter+and+the+Chamber+of+Secrets%22
  2. «Ջոան Ռոուլինգի պաշտոնական կայքը»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2009-04-23-ին։ արտագրուած է՝ 2009-04-23 
  3. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-05-02-ին։ արտագրուած է՝ 2009-05-02 
  4. «Archive copy»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2010-01-06-ին։ արտագրուած է՝ 2010-01-06 
  5. http://public.wsu.edu/~brians/errors/ancestor.html
  6. http://www.sfsite.com/fsf/2000/cdl0001.htm
  7. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-01-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-05 
  8. https://books.google.am/?id=mrvPPS5DXBEC&pg=PA2&dq=%22Harry+Potter+and+the+Chamber+of+Secrets%22
  9. http://www.bbc.co.uk/arts/bigread/top100.shtml
  10. 10,0 10,1 «Harry Potter and the Chamber of Secrets (PC)»։ IGN Entertainment, Inc.։ 1996–2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հուլիսի 18 
  11. «Harry Potter and the Chamber of Secrets (PC)»։ CBS Interactive Inc.։ 2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հուլիսի 18 [permanent dead link]
  12. «Harry Potter and the Chamber of Secrets»։ IGN Entertainment, Inc.։ 1996–2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հուլիսի 18 
  13. «Harry Potter and the Chamber of Secrets»։ IGN Entertainment, Inc.։ 1996–2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հուլիսի 18 
  14. «Harry Potter and the Chamber of Secrets»։ CBS Interactive Inc.։ 2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հուլիսի 18 [permanent dead link]
  15. «Harry Potter and the Chamber of Secrets»։ IGN Entertainment, Inc.։ 1996–2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հուլիսի 18 
  16. 16,0 16,1 «Harry Potter and the Chamber of Secrets (Cube)»։ CBS Interactive Inc.։ 2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հուլիսի 18 [permanent dead link]
  17. «Harry Potter and the Chamber of Secrets»։ IGN Entertainment, Inc.։ 1996–2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հուլիսի 18 
  18. «Harry Potter and the Chamber of Secrets (PSX)»։ CBS Interactive Inc.։ 2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հուլիսի 18 [permanent dead link]
  19. «Harry Potter and the Chamber of Secrets»։ IGN Entertainment, Inc.։ 2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ հուլիսի 18 
  20. «Harry Potter and the Chamber of Secrets»։ IGN Entertainment, Inc.։ 1996–2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ մայիսի 26 
  21. «Harry Potter and the Chamber of Secrets (XBX)»։ CBS Interactive Inc.։ 2009։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ մայիսի 26 [permanent dead link]